ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Անցեալները «Համլէտ»ի բեմադրութեան ներկայ եղայ ու կրկին ականջներս ու սիրտս ողողեց Դանիմարքայի իշխանի նշանաւոր հարցադրումըՙ «Լինե՞լ, թէ՞ չլինել»…
Հարցում մը, որ թէեւ պատասխան չունի, սակայն ամէն անգամ հնչելուն, կ՛արձագանգէ մարդոց ներաշխարհին մէջ:
Հիմա, բոլոր սուրիահայերը եւ մանաւանդ հալեպահայերը մէկական Համլէտներ դարձած, ճամբաբաժանին շուար կանգնած, լինել, թէ չլինելու երկընտրանքին դէմ, մէկ պատասխան ունիՙ «Չեմ գիտեր»…
Լքե՞լ հարիւարամեայ ծննդավայր հայագաղութը, թէ՞ շարունակել դիմանալ, ի հեճուկս ամէն վայրկեան կեանքի եւ ունեցուածքի սպառնացող վտանգին:
Վերջնական կայք հաստատե՞լ հայրենիքի մէջ, ի հեճուկս տարատեսակ դժուարութեանց, թէ՞ ափ առնել աւելի խոստմնալից, նոր կազմակերպուելու յոյսեր ներշնչող եւրոպական երկիրներ:
Որ որոշումին ալ թեքուիս, անպայման պիտի իյնաս առած քայլդ գնահատողներու եւ քննադատողներու իրարամերժ կարծիքներու յորձանուտին մէջ:
Չունինք առաջնորդող ղեկավարութիւն մը, որ արեւելում տայ, վստահութիւն ներշնչէ ու հողմացրիւ չեղածՙ հօտը առաջնորդէ:
Եթէ նոյնիսկ ունեցած ենք, մենք մեր սեփական տեսակէտին, կամ բարեկամական շրջանակին աւելի հաւատք ընծայած ենք ու գլուխնիս առնելով տարտղնուած ենք:
Մովսէս մը չենք ունցած, որ մեզ տանի դէպի ապահով ու բարօր եզրեր:
Անգլուխ-բազմագլուխ եղած ենք միշտ. իւրաքանչիւրիս մէջ անպայման ղեկավար մը նստած է, բնաւՙ հետեւակ:
Եւ այս նկարագրային գիծըՙ հետեւիլ չսիրելու, չենթարկուելու, անպայման սեփական տեսակէտը առաջ քշելու, պատճառ եղած է, որ յաճախ ձախողութիւններու հանդիպինք, բաժան-բաժան ըլլանք ու գաղութներուն թիւը աւելցնենք, այնքան մը, որ աշխարհի մէջ կրնանք առաջինը հանդիսանալ մեր գաղթօջախներուն տակաւ աճող քանակով:
«Այս կրակէն դուրս ելլենք, ալ ինչ կ՛ուզէ թող ըլլայ»… Ելա՛նք, յետո՞յ:
Երեւանի մէջ երկու տարիէ աւելի անգործ թափառող հալեպահայեր ամէն օր կը հաւաքուին սրճարան մը ու ժամեր կ՛անցընեն խօսելով, խօսելով, գանգատելով, ցաւակցելով, Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները քննարկելով, յետո՞յ:
Խնայուած գումարները կամաց-կամաց կը հալին: Անգործ նստիլ ու դրամ ծախսել ահաւոր բան է, ու երբ դանակը ոսկորին կը հասնիՙ,- վերջին հազարներն ալ փոշի չդարձած, Շուէտի վիզա գնենք, երթանք, փրկուինք:
Պէյրութն ու Երեւանը ձեւով մը օդակայանի «թրանզիթ»ի սրահներու վերածուած են շատերու համար. քիչ մը դադար, ապաՙ դէպի…
«Թրանզիթ»ի սրահը մշտական կայքի վերածելու որոշումի յանգիլը անպայման պիտի բախի «Չեմ գիտեր»ի պատին, մինչեւ որ…
Կամ անորոշութեան պատը քանդուի, կամ ալ ծննդավայրի պատերազմը վերջ գտնէ:
Իսկՙ վերջ կը գտնէ՞: Չեմ գիտեր:
Հալէպ-Երեւան