Լ. ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ, Yerepouni.com
Սինկափուրի հայկական ժառանգութիւնը աւելցաւ եւս մէկով: Օրերս Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուեցաւ Հայկական խաչքար` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն: Եկեղեցւոյ Յիշողութեան պարտէզը, ուր ամփոփուած են բազմաթիւ հայկական տապանաքարեր, հարստացաւ եւս մէկ հայկական ներկայութեամբ:
Սա առաջին հայկական խաչքարն է, որ տեղաղադրուած է Ասիոյ մէջ (2013 թ-ի նոյեմբերին հայկական խաչքար տեղադրուած էր Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպանատան տարածքին մէջ): Նախաձեռնողը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արմէն Բուդաղեանն է:
«Քանի մը տարի առաջ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձուներու խորհուրդի ժողովի ժամանակ Կրեկ Պասմաճեան, որ Սինկափուրի հայկական համայնքի հնաբնակներէն է, առաջարկեց եկեղեցւոյ բակին մէջ խաչքար տեղադրել: Միտքը ինծի ներշնչեց իրականացնելու այդ գաղափարը»,- մեզի հետ զրոյցին ըսաւ Արմէն Բուդաղեան:
Ամիսներ անց` Երեւան կատարած այցի ժամանակ, Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն,Արթիկի թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեանի խորհուրդով Արմէն Բուդաղեան հանդիպում ունեցած է քանդակագործ Վարազդատ Համբարձումեանի հետ, որ եւ խորհրդանշական խաչքարի հեղինակն է:Խաչքարի տեղադրումը Սինկափուրի պէս երկրի մէջ հայկական փոքրաթիւ համայնքի հերթական յաղթանակը կարելի է համարել, ինչ որ, սակայն,ինչպէս իր խօսքին մէջ նշեց Արմէն Բուդաղեան, հնարաւոր չէր ըլլար կեանքի կոչել առանց աջակիցներու. «Միայնակ հնարաւոր չէր այս ամէնը իրականութիւն դարձնել: Շատ օգնողներ եղան. Կուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել հայ համայնքին, հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներուն, Յովակիմ եպս. Մանուկեանին, «Արեւա գրուպ» ընկերութեան ներկայացուցիչ Պաւել Կարապետեանին, Երեւանի «Կիլիկիա» գարեջուրի գործարանին, որ օժանդակած է խաչքարը տեղափոխել Սինկափուր»:
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին ամենահին քրիստոնէական կառոյցն է Սինկափուրի մէջ. կառուցուած է 1835 թուականին, օծուած` 1836-ին:Եկեղեցւոյ բակին մէջ բազմաթիւ հայկական տապանաքարեր կան, որոնք ամփոփուած են Յիշողութեան պարտէզին մէջ: Եկեղեցին կը գտնուի Սինկափուրի «Հիլլ» եւ «Արմենիա» փողոցներու միջեւ: Այն ազգային պատմական կոթող է (National Historical Monument), նշուած է Սինկափուրի բոլոր քարտէզներուն վրայ: ճարտարապետը իրլանտացի Ճորճ Քոլմանն է: Եկեղեցին հեղինակի ամենայայտնի գործերէն է: