2014 թուականի 3 Յունուարէն ի վեր անազատութեան մէջ կը գտնուի Թուրքիոյ քաղաքացի հայազգի մտաւորական, քաղաքացիական գործիչ, լեզուաբան Սեւան Նշանեանը:
Նկատի ունենալով մտաւորականին նկատմամբ բանտարկութեան վճիռի անընդունելիութիւնը, հետզհետէ անտանելի դարձողՙ անոր պարտադրուած բանտային պայմանները, նոր եւ ոչ պակաս անընդունելի դատական հետապնդումներու սպառնալիքները, հանրաճանաչ մտաւորականներու եւ քաղաքացիական գործիչներու մասնկացութեամբ ստեղծուեցաւ «Ազատութիւն եւ արդարութիւն Սեւան Նշանեանին» միջազգային կոմիտէ:
«Ազատութիւն եւ արդարութիւն Սեւան Նշանեանին» միջազգային կոմիտէն Սեւան Նշանեանի բանտարկութեան դատական վճիռը կը համարէ ծաղրանքՙ նետուած արդարութեան երեսին եւ անընդունելի տուրքՙ ազատ մտածումի իրաւունքին դէմ ուղղուած ամբոխային տրամադրություններուն: Կոմիտէն Նշանեանի բանտարկութիւնը կ՛որակէ խտրականութեան եւ քինախնդրութեան բացայայտ դրսեւորում, որուն կ՛ենթարկուի մտաւորականըՙ Թուրքիոյ մէջ այսպէս կոչուած պետական մտածողութեան դրոյթներու նկատմամբ անհաշտ ընդդիմութեան համար:
Կոմիտէն կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ իշխանություններուն անյապաղ ազատ արձակել Սեւան Նշանեանը եւ դադրեցնել անոր նկատմամբ սանձազերծուած հալածանքները:
«Ազատութիւն եւ արդարութիւն Սեւան Նշանեանին» միջազգային կոմիտէն կոչ կ՛ուղղէ համաշխարհային հանրության, միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ մարդու իրաւունքի պաշտպան կեդրոններուն դատապարտել Սեւան Նշանեանի արգելափակման փաստը եւ ձեռնարկել քայլեր անոր ազատ արձակման ուղղութեամբ:
Կոմիտէն կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն տէր կանգնիլ պետական մարմիններու պատժիչ մեքենայի զոհՙ այդ երկրին համար մտաւոր այնքան արժէքաւոր աւանդ ստեղծած իրենց համաքաղաքացիին, մտաւորականին, Թուրքիոյ բազմաշերտ մշակոյթի արժէքներու պաշտպանին եւ տարածողին, յանուն այդ երկրին մէջ աւելի արդար հասարակութեան պայքարող մարդուն եւ բողոքի ձայն բարձրացնել բոլոր օրինական միջոցներով յանուն արդարութեան:
Կոմիտէն կը յայտարարէ, որ Թուրքիոյ եւ արտասահմանի մէջ պիտի ձեռնարկէ բազմատեսակ միջոցառումներՙ նուիրուած Սեւան Նշանեանի դատին, որու յաղթանակին կը հաւատայ աներկբայօրէնՙ գործակցութեամբ ուժեղ կամքի տէր աշխարհի մարդոց:
«Ազատութիւն եւ արդարութիւն Սեւան Նշանեանին» Միջազգային կոմիտէի անդամներ (հետեւում են հայ, թուրք, եվրոպացի, ամերիկացի եւ այլՙ շուրջ 30 մտավորականների անուններ)