ԹՈՐԻՆՈ
Հայկական Կիլիկիոյ մասին գիտաժողով
Դեկտեմբերի 5-ին, Թորինո քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ հայագիտական ժողով մըՙ «Կիլիկեան Հայաստանը Բիւզադիոնի սահմաններուն վրայ. Կիլիկիոյ կորուսեալ փառքը (Թ.-ԺԵ. դդ.)» բնանիւթով: Գիտաժողովին այսպիսի խորագիր տալով, կազմակերպիչներըՙ պրոֆ.ներ Կլաուդիա Բոնարդի եւ Դոնատելլա Թավերնա, ուզած էին շեշտել Կիլիկեան Հայաստանի մշակութային եւ քաղաքական միջնորդի դերը Բիւզանդիոնի եւ Մահմետական աշխարհի միջեւՙ սկսեալ Թ. դարէն մինչեւ ԺԴ., նոյնիսկ ԺԵ. դար: Գիտաժողովը, որ կը վայելէր Թորինոյի Բազմարուեստից ինստիտուտի եւ Պո-Արաքս մշակութային ընկերակցութեան հովանաւորութիւնը, ուղղուած էր յատկապէս ճարտարապետութեան եւ արուեստի դոկտորականի ուսանողներուն եւ անշուշտ լայն հանրութեան:
Առաւօտեան խօսողները եղանՙ պրոֆ. Մարիօ Գալլինա (Թորինոյի պետական համալսարանի պատմութեան ֆակուլտետ), որ շօշափեց ընկերային եւ տնտեսական կառոյցներու եւ բնակչութեան տեղաւորման փոփոխութիւնները բիւզանդականէն մինչեւ Հայկական Կիլիկիոյ շրջանը: Պրոֆ. Հ. Լեւոն Զեքիեան (Վենետիկի Կա Ֆոսկարի համալսարան-Վատիկանի Արեւելագիտական ինստիտուտ) խօսեցաւ եռամեծ վարդապետ Ներսէս Լամբրոնացիի աստուածաբանական նոր եւ հանճարեղ մերձեցումներուն մասին: Պրոֆ. Կլաուդիա Բոնարդի (Թորինոյի Բազմարուեստից ինստիտուտ) խօսեցաւ Կիլիկեան Հայաստանի քաղաքաշինութեան եւ բերդաշինութեան մասին, յատկապէս ուշադրութիւն դարձնելով Անաւարզայի, Սսոյ եւ Կոռիկոսի Բերդերուն:
Կէսօրէ ետք, Ալեսանդրոյ Թոզինի (Թորինոյի Բազմարուեստից) նկարագրեց Բիւզանդիոնի եւ Իսլամական աշխարհի իշխանական պալատներուն ճարտարապետական կառոյցը, յատուկ կարեւորութին տալով Խիրբաթ ալ-Մաֆջարի համալիրին: Էմանուէլէ Մորեցցի (Թորինոյի Բազմարուեստից) խօսեցաւ Կանիտելլիսի դամբարանատան մասին: Բենեդետտա Քոնթին (Կա Ֆոսկար) բնութագրեց Հայաստանի մէջ իմաստասիրական մտքի սլացքը եւ մասնաւորապէս Դաւիթ Անյաղթի հայեացքը թուաբանական ու երկրաչափական ծաւալներու եւ ձեւերու եւ ասոնց հայ ճարտարապետութեան վրայ թողած ազդեցութիւնը: Դոնատելլա Թավերնա (Թորինոյի համալսարան) նկարագրեց Անաւարզայէն Արեւմուտք գաղթած սուրբերուն պատկերաբանութիւնը եւ պաշտամունքը Եւրոպայի մէջ: Հուսկ, Էրմիս Սեգաթթի (Միլանի Կաթոլիկա համալսարան) զեկոյցներու շարքը փակեց, ներկայացնելովՙ Իտալիոյ հայ գաղութներու մասին 1997-ի գիտաժողովի գործերու երրորդ բաժնին նոր լոյս տեսած հատորըՙ «Հայերը Իտալիոյ ճանապարհներուն վրայ» (Gli Armeni lungo le strade dItalia):
Օրը փակուեցաւ երաժշտական համերգով մը: Ներկաները վայելեցին հայ աւանդութեան հոգեւոր եւ ժողովրդական երգի հոգեպարար մեղեդիները, շնորհիւՙ ջութահար (viola) Մաուրիցիօ Ռեդեգոզօ Քարիթեանի եւ դուդուկահար Արամ Իփեքճեանի: Նուագողներուն միասնական կատարումը, վարպետ եւ համադաշն, հրապուրեց բոլոր ներկաները: