ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ, Գերմանիա
Շնորհք արք. Գալուստեան ծնած է 1913 թուականին, Եոզկատի Իյտէլի գիւղին մէջ: Աւազանի անունով կը կոչուէր Արշակ: Զաւակն էր գիւղին հարուստ եւ ազդեցիկ ընտանիքներէն մէկուն:
Հայրը կը կոչուէր Միհրան, իսկ մայրըՙ Շուշան-Կիւլթանէ: Ունէր եղբայր մըՙ Արմէն եւ երկու քոյրՙ Անուշ եւ Շնորհիկ: Անոնցմէ Անուշ վաղամեռ եղաւ, իսկ Շնորհիկ կորսուեցաւ պատերազմի խառնաշփոթութեան մէջ: Ա. Աշխարհամարտին, 1915ին, երբ տակաւին հազիւ երկու տարեկան էր, Արշակ որբացաւ իր հօրմէն: Եղբայրը, Արմէն, իրմէ առաջ ղրկուած էր Թալասի Ամերիկեան որբանոցը, ուր ան յետագային այլ որբերու հետ զոհ գնաց ջերմի համաճարակին, 1923-ին:
Երբ Արշակ գիտակցութեան տարիքին հասաւ, կ՛ապրէր մօրըՙ Շուշանին եւ քրոջըՙ Շնորհիկին հետ: 1922-ին, փոքրիկն Արշակ բաժնուեցաւ իր մօրմէն, երթալու համար նախ Նահր Իբրահիմի «Լիբանան», ապա Նազարէթի «Պաղեստին» ամերիկեան որբանոցները, իսկ յետոյ Կեսարիոյ Թալաս գիւղի Ամերիկեան քոլէճը, որ որբանոցի վերածուած էր այդ օրերուն, ուր ապաստան գտած էր նաեւ իր եղբայրըՙ Արմէն:
Այդ թուականէն սկսեալ փոքրիկն Արշակ առանձին էր այլեւս, զուրկ ընտանեկան տաքուկ յարկի մը ընձեռած բարիքներէն: Այնուհետեւ, ան 33 երկար տարիներ ետքՙ 1955ին էր որ պիտի գտնէր իր սիրեցեալ մայրը:
Երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարք ունեցաւ դժնդակ մանկութիւն մը, ճաշակելով կեանքի բազմապիսի դառնութիւնները:
7 մարտ 2013-ին լրացաւ երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքին (1913-1990) վախճանման 23-րդ տարին եւ իսկ 2013 թուակիր տարինՙ նաեւ իր ծննդեան 100-րդ տարեդարձն ալ է: Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքութեան աթոռի 82-րդ գահակալը 29 տարուան շրջանով եղաւ ախոյեանը իր 81 նախորդներուն եւ հետեւորդը Յովհաննէս Կոլոտ, Յակոբ Նալեան, Մկրտիչ Խրիմեան, Ներսէս Վարժապետեան, Խորէն Աշըքեան, Մաղաքիա Օրմանեան, Եղիշէ Դուրեան, Զաւէն Տէր Եղիաեան, Մեսրոպ Նարոյեան, Գարեգին Խաչատուրեան եւ այլ մեծանուն պատրիարքներու:
Արշակ պատերազմի տարիներուն որբութեան դառնութիւնը ճաշակեց, հայերեն կարդալ-գրելը օտարներէ սորվեցաւ, մանկութիւնը որբանոցը ապրեցաւ, բախտը իրեն ժպտեցաւ եւ Ժառանգաւոր սանը դարձաւ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան:
Աշակերտեցաւ Արմաշական հարերու եւ միշտ իր մէջ պահեց Արմաշու հոգին: Պաշտօնավարեց Ամերիկայի հայ համայնքներու մէջ եւ նաեւ շատ մը երկիրներու, բայց վերադարձաւ Երուսաղէմ եւ եղաւ լուսարարապետ:
Կեանքի ղեկը զինք բերաւ Պոլիս, որպէս գործակից երջանկայիշատակ Տրապիզոնցի Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի: Նախախնամութիւնը այնպէս տնօրինեց, որ, Եոզկատի որբուկ Արշակը գայ Պոլիս եւ յաջորդէ Գարեգին Խաչատուրեան Պատրիարքին:
1961-ին յանձն առաւ պատրիարքական ասան եւ բարձրացաւ Յովակիմի աթոռը: Իր 29 տարիներու գահակալութեան հայելին է Պոլիսը, ուր բազմաթիւ եկեղեցիներ եւ վարժարաններ նորոգուեցան, գիրքեր հրատարակուեցան, սերունդներ իր գրաւիչ անհատականութեամբ հմայեցան: Ան Հայ եկեղեցին ու անոր ուսուցումը պաշտպանեց որպէս հոգեւորական եւ ուխտաւոր, հայ լեզուին ծառայեց որպէս հայ գրիչի մշակ, ան եղաւ գաւառի զաւակ, եղաւ միաբաններու համար «Հայրիկ», գաւառացիին համար «Պապա»ՙ որպէս Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկի հետեւորդ:
Շնորհք Պատրիարք իր բոլոր արժանիքներուն քով նաեւ «Շնորհք Վանականն» էր, իր ծոմով, պահեցողութեամբ ու աղօթքով:
Յարգանքով կը ծնրադրեմ, իր խնկելի եւ սուրբ յիշատակին առջեւ:
Երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարք ունի հրատարակուած բազմաթիւն գիրքեր: