«Ծաղկաքաղ Մը Երեբունիէն», հեղինակ` տոքթ. Անդրէաս Ծուլիկեան
Եգիպտահայ գաղութը պատմական նշանակալից դեր մը կատարած է Սփիւռքի կազմութեան մէջ: Իր փառքի օրերուն` միշտ ձեռք մեկնած է կազմուող այլ գաղութներուն, նիւթապէս ու գաղափարականօրէն սատարելով անոնց, իսկ եգիպտահայ համայնքի կազմալուծումէն ետք ալՙ երիտասարդ թէ տարեց գործիչներ իրենց փորձառութիւնն ու ձիրքերը տարած են իրենց հետ մատուցանելու հայկական այլ գաղութներուն:
Արդարեւ, եգիպտահայ գաղութին մէջ հասակ առած եւ ազգային դաստիարակութիւն ստացած բազմաթիւ երիտասարդներ, իրենց անձնական ասպարէզին կողքին, ղեկավար դերեր ստանձնեցին Աւստրալիոյ, Քանատայի, Քալիֆորնիոյ եւ այլ գաղութներու մէջ: Ինծի ծանօթ շատ մը եգիպտահայ երիտասարդներ օգտուելով Բարեգործականի կամ Եղիայեանի ֆոնտի կրթաթոշակներէնՙ գացած եւ կորսուած են իրենց մասնագիտութեան շրջանակներուն մէջ, առանց սատարելու ազգային կեանքին: Սակայն, ուրիշ խումբ մըն ալ հաւատաւոր կերպով նուիրուած է ազգային կեանքինՙ աւելիով հատուցանելով իր վայելած բարիքները: Այս վերջին խումբին ամենէն փայլուն ներկայացուցիչներէն մէկը հանդիսացած է Տոքթ. Անդրէաս Ծուլիկեան, կատարելով անփոխարինելի դեր մը անգլիահայ գաղութի կեանքին մէջ:
Ես Տոքթ. Ծուլիկեանը ճանչցած եմ Գահիրէի մէջ եւ ապա պարբերաբար հանդիպած եմ իրեն Անգլիոյ եւ Ամերիկայի մէջ, ինչպէս նաեւ այլուր: Այդ պարբերական հանդիպումները, ինչպէս նաեւ պարագայական ընթերցումները Լոնտոնի «Երեբունի» պարբերականին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածներուն, բնականաբար չէին կրնար ամբողջական պատկեր մը տալ իր բոլորանուէր ծառայութեան մասին: Ահա այդ բացը լրացնելու համար հրատարակուած է 350 էջերու վրայ տարածուող գիրք մըՙ «Ծաղկաքաղ մը Երեբունիէն» վերնագրով, հանգուցեալ բժիշկին երկու եղբայրներունՙ Տիգրանի եւ Յակոբի գուրգուրոտ ջանքերով:
«Երեբունի» երկշաբաթաթերթը հրատարակուած է Լոնտոնի Թէքէեան Մշակութային Միութեան կողմէ 1980-էն մինչեւ 1996, խմբագրութեամբ Տոքթ. Անդրէաս Ծուլիկեանի: Ան մասնագիտութեամբ եղած է ոսկրաբան վիրաբոյժ եւ հակառակ իր բժշկական ծանրաբեռն պատասխանատուութեանցՙ անխախտ հետեւողականութեամբ հրատարակած է «Երեբունի»ն գրեթէ արհեստավարժ մակարդակով:
Միայն թերթին անխափան եւ բովանդակալից հրատարակութիւնը արդէն բաւարար պիտի ըլլար երկիւղածութեամբ խոնարհելու հանգուցեալ բժիշկին յիշատակին առջեւ, սակայն ան իր խօսքին միացուցած է նաեւ գործըՙ ղեկավար պաշտօններ ստանձնելով ՌԱԿ-ի,Թէքէեանի, Բարեգործականի եւ եկեղեցւոյ կազմերէն ներս:
Ան իր ինքնակենսագրութեան մէջ ամբողջական կերպով կ՛ամփոփէ այն մղիչ ուժերը, որոնք զինք առաջնորդած են ազգային ծառայութեան: Արդարեւ ան կ՛ըսէ.- «Բնաւորութեամբ եղած եմ յարատեւող եւ սկզբունքային, նաեւ գաղափարապաշտ, բայց գործնական նկարագրով անձնաւորութիւն մը: Եթէ հաւատացած եմ գաղափարախօսութեան մը կամ սկզբունքի մըՙ ամբողջ էութեամբ յարած եմ այդ գաղափարախօսութեան եւ աշխատած եմ անոր յաջողութեան եւ իրականացման ի նպաստ, անշուշտ կարողութիւններուս սահմանին մէջ»:
Ընթերցողը կարդալով գիրքին մէջ ամփոփուած խմբագրականները, լրատու էջերն ու ճառերը, ամբողջական պատկերը կ՛ունենայ այդ տարիներու լոնտոնահայ կեանքին – Ապրիլ 24, Խորհրդային Հայաստանի 60ամեակ, քաղաքական անցուդարձեր, ներգաղութային պայքարներՙ առանցքը կը կազմեն այս հատորին: Այդ պատճառով ալՙ կարելի է զայն բնորոշել իբրեւ քրոնիկագրութիւն լոնտոնահայ կեանքի:
Հեղինակը, ոչ միայն կ՛ընծայէ իր անձնական համոզումները, այլ նաեւ կը ցոլացնէ իր պատկանած կազմակերպութեան կեցուածքն ու գաղափարականըՙ բոլոր էական ազգային հարցերու նկատմամբ:
Իր պատասխանատուութեանց բերումով Տոքթ. Ծուլիկեան նաեւ մասնակցած է ազգային բանավէճերուՙ սակայն իրեն յատուկ զսպուածութեամբ եւ իմաստութեամբ:
Հատորին վերջին մասին մէջ զետեղուած են անգլերէն գրութիւնները, որոնք հայ գաղութին եւ ազգային հարցերուն վերաբերելով հանդերձՙ ուղղուած են անգլիական մամուլի կեդրոններուն եւ պետական շրջաններուն. անոնք կ՛ընդգրկեն այն գրութիւնները ուր դիմումներ կատարուած են Հայկական ցեղասպանութեան ու Հայ դատին ճանաչման ի խնդիր: Այդ դիմումներուն դիմաց զետեղուած են նաեւ մամուլի, հեռուստացոյցի, վարչապետարանի կողմէ տրուած պատասխանները, ուր անգլիական սառնասրտութեամբ անգամ մը եւս կ՛ոտնակոխուին արիւնոտ հայկական դատն ու պատմական ճշմարտութիւնները:
Տոքթ. Անդրէաս Ծուլիկեան իր ասպարէզին մէջ բուժած է բազմահազար հիւանդներ, սակայն անբուժելի հիւանդութիւն մը զինք զգետնեց վաղահասօրէն: Ներկայ հատորը վկայութիւնն է իր անկորնչելի ծառայութեան եւ գաղափարական նուիրումին, հատորՙ զոր իր հարազատ եղբայրները կ՛ընծայեն ընթերցող հասարակութեան:
Հատորին ընթերցումը միայն յարգանք ու հիացում կը ներշնչէ Տոքթ. Անդրէաս Ծուլիկեանի օրինակելի կեանքին ու յիշատակին հանդէպ: