«ԱՐԱՄԷ» արուեստի ցուցասրահի Միջին Արեւելքի եւ Ծոցի երկիրներու ներկայացուցիչ Մայք Վայէճեան, Պէյրութի Թէքէեան կեդրոնի 5-րդ յարկին վրայ տեղաւորուած դահլիճի մուտքին կը դիմաւորէր գեղարուեստասէր ընտրանին:
Հայրենի թէ սփիւռքահայ հանրաճանաչ գեղանկարիչներ, քանդակագործ Ռաֆֆի Թոքաթլեանի հետ, կը ցուցադրէին իրենց եզակի ստեղծագործութիւնները – Համալպաշեան, Չթճեան, Ռումելեան, Ոսկանեան, Մարգարեան եւ վրձինի այլ վարպետներ, որոնք բազմիցս ներկայացուած են Հայաստանի, Լիբանանի, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի գեղարուեստի շրջանակներուն, շնորհիւ «ԱՐԱՄԷ» արուեստի միջազգային ցուցասրահի ջանքերուն:
«Արամէական» ջերմ հիւրասիրութեան մթնոլորտի մէջՙ հիւրերն ու այցելուները մինչեւ ուշ գիշեր հիացան հայկական կերպարուեստի գլուխ-գործոցներով, որոնք արդէն ճանաչման, գովեստի ու յարգանքի արժանացած են արուեստասէրներու կողմէ ամէնուրեք:
Լիբանանի թէ Միջին Արեւելքի համար, քաղաքական այս դժուարին օրերուն, գեղարուեստի ցուցահանդէսներ կազմակերպելը խիզախ քայլ է, սակայն անհրաժեշտՙ մթնոլորտը թեթեւցնելու, գեղեցիկն ու մարդկայինը հրամցնելու խաղաղութիւն ու բարգաւաճում տենչացող, քաղաքակրթութիւններու օրրան Փիւնիկէ-Լիբանանի ժողովուրդին: Մանաւանդ որ մեծ թիւով լիբանանցի հայ եւ արաբ գեղարուեստի սիրահարներ, արուեստաբաններ այցելեցին այս ցուցահանդէսըՙ բացման առաջին օրն իսկ: