ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Պոստոնահայ կեանքէն ներս աննախընթաց համերգ մըն է որ կազմակերպեց քաղաքի նորակազմ Թէքէեան մշակութային միութեան (ԹՄՄ) վարչութիւնը: Արդարեւ, յունիս 22-ի երեկոյեան, Բելմոնթի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ սրահը լեցուն էր հայորդիներով, որոնք եկած էին հաղորդուիլ հայրենի ցաւերը, քաղաքային ու քաղաքական հակասութիւնները երգող, հայու հոգիին ու սրտին ա՛յնքան խօսող երգերը Ռուբէն Հախվերդեանի: Եկած էր ան մասնաւորաբար հրաւէրովը ԹՄՄիութեան: Այդ երեկոյ, 250-է աւելի երկրպագուներ, օրեր առաջ արդէն ապահոված էին իրենց տոմսերը… կարելի էր նոյնիսկ կրկնապատիկ մեծութեամբ սրահ մը ամբողջ լեցնել, բոլոր փափաքողներու ցանկութեան յագուրդ տալու համար:
Թէքէեանի նորանշանակ տնօրէնուհինՙ Պայծիկ Գալայճեան, յայտարարեց, թէ նորակազմ մասնաճիւղը երկա՜ր բացակայութենէ ետք կը վերադառնայ իր համայնքին աւելի ինքնավստահ, շարունակել ծառայելու հայ մշակոյթին եւ վերահաստատելու ամուր կապերը մեր հայրենիքի մշակութային կեանքին հետ: Թէքէեանը տասնամեակներէ ի վեր եղած է օրինակ արուեստի որակի ու մակարդակի: «Մեր անցեալի փառքովն է որ կը վերադառնանք աւելի ուժեղացած, բոլորուած մեր հին ընկերներով, երբեմնի բարեկամներով ու հաւատաւոր թէքէեանականներով», ըսաւ նորանշանակ տնօրէնուհին:
Հախվերդեան, ընկերակցութեամբ երգահան Գեղամ Մարգարեանի եւ Արտիոմ Մանուկեանի, մօտ երեք ժամ հրամցուց իր յայտագիրը: Իւրաքանչիւր երգէ առաջ տալով տուեալ երգին յօրինման տուն տուող պատճառները: Ինք, որ մասնակից էր դարձած Ղարաբաղեան շարժումին իր ընկերներու կողքին, ինքՙ որ տեսած էր երկրաշարժի աղէտն ու անոր յաջորդող ցուրտ ու մութ գիշերները Երեւանի, ինքՙ որ ունէր իր քաղաքական արեւելումներն ու հայրենասիրական խորունկ զգացումներով առլեցուն, ի՛նք որ երբեմն չի բաժներ իշխանութեան եկող սա կամ նա աւատապետն ու շատ անգամ հայրենիքը տնտեսապէս քամել ուզող վաշխառուները, ու դեռ ինք, ինք, ինք … որ կը յուզուի մեր ձախողութիւններով, մեր անմիաբանութեամբ … ան երգեց բոլոր այս թեմաներով:
Ժողովուրդին երգիչը, ի վերջոյ, երգելու է մեր ցաւերը: Այդ է որ ան ըրաւ:
Այլեւս իր քաղաքական հասունութեամբ ան սկսած է տեսնել Սփիւռքը իր բոլո՛ր խաւերով, քաղաքական բոլոր հոսանքներով, որուն համար ուրախ էին մեզմէ շատեր, որովհետեւ Սփիւռքը միատեսակ չէ, ունի իր շերտաւորումները: Մինչ այս Ռուբէն Հախվերդեան գուցէ կը տեսնէր միայն մէկը … Եւ այդ երեկոյ ան երգեց իր նո՜ր գտած ընկերներուն համար: Վստահ եմ, որ ան գիտցաւ, թէ այդ նո՜ր ընկերները, իրականութեան մէջ Հայաստանի իր հի՜ն ընկերներն էին, որոնք վառ պահեցին հայրենասիրութիւնը, որոնք տասնամեակներ շարունակ դարձան իրաւ կամուրջը մեր ժողովուրդի այդ երկու հատուածներուն միջեւ: Գիտցաւ, որ այս նոր ընկերները եղած էին սրտակից բարեկամը իր պատուական հօր, գրականագէտ Լեւոն Հախվերդեանին, որ եկած էր Մ. Նահանգներ հրաւէրովը Թէքէեան մշակութային միութեան:
Ռուբէնը այս ափերուն ալ ունի իր սիրողները, քանի որ ինք ունի ըսելիք երէկի, այսօրուան եւ վաղուան ալ համար: