Մարդիկ որքան կարեւորութիւն կու տան պիտակին, առանց կարեւորութիւն տալու միջուկին, որակին, ըլլայ ան հագուստեղէն, օծանելիք, տնտեսական ապրանքներ, կահոյք, թէ այլ: Մարդոց այս տկարութիւնը շահագործելով ճարտարարուեստի մարզի որոշ գործարարներ, իրենց արտադրած ոչ որակաւոր ապրանքներուն վրայ կեղծուած պիտակներ կը փակցնեն, որպէսզի ապրանքը աւելի պահանջարկ ունենայ:
Համաշխարհային վաճառանիշեր իրենց անունն ու պիտակը ապահովագրած կ՛ըլլան, եւ եթէ պատահի որ որեւէ հաստատութիւն նոյնանուն պիտակով ապրանք շուկայ իջեցնէ, անմիջապէս զայն դատարանի միջոցով պատասխանատուութեան ու պատժամիջոցներու կ՛ենթարկեն, թէեւ փոքր, աննշան երկիրներու պարագային սովորաբար կ՛անտեսուին այդ օրէնքները, եւ շուկան կ ողողուի անորակ ապրանքներով, որոնք մեծ ընկերութիւններու կեղծուած վաճառանիշեր կը կրեն:
Վաճառանիշ կրող պիտակներն ալ կը կեղծուին ու կը վաճառուին, այնքան ատեն, որ արգիլող չ ըլլար: Հիմա շուկայի վրայ հագուստեղէնի որքան տեսականիներ կան, որոնք կրնան չինական ըլլալ, թրքական, վիէթնամական, կամ այլ, սակայն որոնք իտալական, ֆրանսական շինծու անուններ կը կրեն: Հայաստանի մէջ որոշ վաճառատուներ ամօթ համարելով թրքական ապրանք վաճառելը, կամ թրքական ապրանք մերժող յաճախորդները խաբելու նպատակով, պիտակները կը հանեն ու անոնց փոխարէն չինական պիտակ կը փակցնեն:
Շուկայական ապրանքներէն անցնինք սրճարաններուն, կամ ճաշարաններուն: Քաղաքին մէջ ֆրանսական կամ անգլիական անունով կնքուած սրճարան-թէյարաններ կան, որոնց մօտ բաժակ մը սուրճը կամ թէյը շատ աւելի սուղ է, քան որեւէ այլ ժողովրդային, սովորական սրճարան: Կրնայ ըլլալ, որ միեւնոյն թէյն է, կամ սուրճը, սակայն բաժակը սովորական չէ, մատուցողը քիչ մը ներկայանալի տեսք ունի եւ անշուշտ վայրը իր արժէքը ունի: Ծանօթներ երբ քեզ տեսնեն այդ անուանի թէյարանին մէջ նստած, պիտի հիանան ու նախանձին, մինչ սովորական սրճարանին մէջ՝ երեսիդ նայող պիտի չըլլայ: Հետաքրքրական է, արդեօք ստամոքսդ պիտի կարենա՞յ տարբերել, այսինքն՝ սուղ վճարած սուրճովդ՝ ցնծայ, իսկ աժան վճարածովդ փորի ցաւ տայ:
Մարդիկ ալ նոյնն են, մարդոց մակդիրները, տիտղոսներն ու կոչումները պիտակներ են: Պիտակաւոր մարդիկ կան եւ անպիտակ: Տասնամեակներ առաջ, Հալէպ այցելած հայրենի արուեստագէտներու խումբի մը հետ երբ կը ծանօթացնէինք մենք զմեզ, հիւրերէն մէկը քմծիծաղով ըսաւ՝ «Էս ինչքան ատենապետ ունէք, ուր գնացինք մեզ դիմաւորողները ատենապետներ էին»: Չուշացաւ մեր պատասխանը՝ «Մենք ալ Հայաստան որու որ հանդիպեցանք, բոլորն ալ դոկտոր-փրոֆեսորներ էին»…
Ատենապետը որոշ փայլ մը կ՛աւելցնէ անունին, բայց «Տոքթոր» տիտղոսը անմրցելի է: Անուանի բեմադրիչ նախկին լիբանանահայ, այժմ Լոսանճելոսաբնակ Գրիգոր Սաթամեանին մէկ զուարճախօսութեան ելոյթին, մատնանշածը շատ դիպուկ էր՝ կին մը միւս կնոջ կը հարցնէ «Պարահանդէսին ո՞ւր պիտի նստիք», պատասխանը շանթահարիչ է՝ «Տոքթորենց սեղանը», ու պատկերացուցէք թէ դիմացինը ինչպէս կ՛այլայլի ու նախանձէն ինքզինք կ՛ուտէ:
Պոլսոյ մէջ հազիւ ըսէին «Էֆենտին եկաւ»՝ ամէն մարդ կը կոճկուէր ու բոլորը ոտքի կ՛ելլէին դիմաւորելու մեծ վաճառական այսինչ էֆենտին, որ նաեւ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետն էր: Կարդացէք Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուցը», որպէսզի տեսնէք թէ ինչպէս այդ անհպելի, գերյարգուած, թուրք փաշաներու բարեկամ էֆենտին կը մանրանայ ու կը փոշիանայ հայ ֆէտայի քահանային դիմաց:
Մարդոց անուն «փակցնելը» ընդհանրացած երեւոյթ է մեր մէջ, այնքան մը, որ անձին բուն անունը կը մոռցուի ու անձը իր «փակցուած» անունով կը ճանչցուի:
Պիտակին կարեւորութիւնը քաղաքական ոլորտի իշխանաւորներուն քով տարբեր իմաստ եւ ազդեցութիւն ունի, մասնաւորաբար յետամնաց երկիրներու կամ մենատիրական վարչաձեւերու մէջ: Սովորական դպրոցական կամ համալսարանական վկայականի մը հազիւ տիրացած իշխանաւոր մը, որ չես գիտեր ինչպէս հասած է իր դիրքին, յանկարծ համալսարանի մը կողմէ Պատուոյ դոկտորի աստիճանին կ՛արժանանայ, չես գիտեր ինչ նկատառումներով:
Համացանցին մէջ կեղծ «համալսարաններ» դրամով վկայականներ կը վաճառեն փափաքողներուն: Ո՞վ՝ որու կը խաբէ, պիտակի խե՜ղճ զոհեր:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ