Չորեքշաբթի, ապրիլի 13 ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ազգային Ժողովին մէջ ունեցաւ երկար եւ ցնցիչ ելոյթ մը, որուն ընթացքին բացայայտօրէն խոստովանեցաւ, թէ Արցախի անկախութիւնը երբեւիցէ միջազգային առումով ընդունուած չէ եղած, այլ միայն հայերս ենք մենք մեզի խօսած այդ մասին: Հետեւաբար, գործնապէս ան ըսաւ, թէ ժամանակն է, որ վարժուին հայերը, թէ Արցախը մաս կը կազմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան:
ՌԱԿ-ը այս պարտուողական յայտարարութիւնը կը նկատէ սխալ, անընդունելի եւ խստօրէն դատապարտելի:
Արցախը միջազգային օրինական տուեալներով կրկնակիօրէն շահած է իր անկախութեան իրաւունքը:
Վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութինը կը նշանակէ պարզապէս Հայաստանի ներկայ եւ անցնող իշխանութեանց անկարողութիւնը եւ ձախողութիւնը Արցախի օրինաւոր իրաւունքները պաշտպանելու իրենց պարտականութեան մէջ:
ՌԱԿ-ը կը պահանջէ Արցախի գոյութենական այս հիմնախնդրի պաշտպանութիւնը յանձնել համապատասխան կարողութեան տէր մարմիններու, եթէ այսօրուան իշխանութիւնը հրապարակաւ կ՛ընդունի իր անկարողութիւնը:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան
Գերագոյն Խորհուրդ
Պոստոն, Ապրիլ 15, 2022