Երեւանի Հ.Բ.Ը. Միութեան գրասենեակը գեղեցիկ անակնկալ մը մատուցեց հայաստանաբնակ իր անդամներուն եւ համակիրներուն, երբ հերթական AGBU անգլիալեզու իր պարբերականը հայերէնով հրապարակեց 10.000 տպաքանակով: Անհրաժեշտութիւն մըն էր եւ վաղուց կ՛ակնկալուէր, որ հայկական, հայանուէր այս մեծ կազմակերպութեան պաշտօնաթերթը հրապարակուի նաեւ հայերէն լեզուով: Ծրագրին յղացումն ու գործադրութիւնը ՀԲԸՄ-ի Երեւանի ներկայացուցչական գրասենեակին արգասիքն էր: Այս առթիւ շնորհակալական խօսք կ՛ուղղենք կեդրոնի նախագահ Տիար Վազգէն Եագուպեանին եւ պարբերականի լոյս աշխարհ գալուն նպաստող ամբողջ աշխատակազմին:
Այս համարը նուիրուած է հայ կնոջ, վեր առնելով անոր կարեւոր ներդրումը Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայութեան կեանքին մէջ:
Յ. ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ