Եթէ Հայաստանն ու հայութիւնը որոշ սէր ու յարգանք կը վայելէին միւս պետութիւններէն ու ազգերէն, կը կարծեմ որ այդ ալ սպառելու վրայ է, որովհետեւ այսօրուան մեր այս խղճալի ու ամօթալի վիճակը տեսնելով, ոչ ոք կրնայ շարունակել մեզ յարգել ու սիրել: Այս ի՜նչ անփառունակ կացութեան մէջ ենք. մէյ մը մենք մեզ նայինք հայելիի մէջ՝ այս ո՞ւր իջած ենք ազգովին ու պետականօրէն:
Ամէն մարդ կրնայ ձախողիլ, նաեւ պետութիւններ, սակայն ձախողութիւնը յաջողութեան ճամբու վրայ դնելու փոխարէն անընդհատ նոր ձախողանքներու մէջ կ՛իյնանք, անընդհատ նոր անկումներով վերելքի ճամբան անանցանելի կը դարձնենք:
Պարտութիւնը մեզ պէտք է մղէր աւելի իմաստուն դառնալու, աւելի դիւանագէտ, աւելի քաղաքագէտ, աւելի ճկուն, աւելի գործող ու յաջորդ քայլերը անձայն ծրագրաւորող: Սակայն ի՞նչ տեսանք անցնող տարիներուն՝ անմիաբանութեան շարունակութիւն աւելի՛ ցուցադրականօրէն, զիրար նուաստացնելու անօրինական, ամօթալի վերագրումներ, սպառնալիքներու, անէծքներու, հայհոյանքներու մոլեգին տեղատարափ:
Մեր թշնամիներուն դէմ դնող ենթադրեալ մեր վահանին թիթեղեայ, նոյնիսկ թղթեայ ըլլալը կ՛անտեսենք, երբ կ՛ակնկալուէր, որ աւելի ամրակուռ դառնար ան: Մեր թշնամիները մեր վրայ կը խնդան խենեշօրէն, յատկապէս Ալիեւ կոչուած ցաւագարը, որուն անկումը կանխեցինք մենք, մեր (կազմակերպուած) պարտութեամբ: Մարդը օրն ի բուն կը սպառնայ, ոչ միայն Սիւնիքը, այլեւ ամբողջ Հայաստանը գրաւել: Իսկ մենք, այս նկրտումներուն դէմ դնելու աշխատանք տանելու փոխարէն, մեր աղտոտ լաթերը կը փռենք ի տես աշխարհին, եւ դեռ լրտեսներու ալ ծնունդ կու տանք:
Երկրին կացութիւնը բաւական մտահոգիչ է, նոյնիսկ վտանգալից, եւ ասոր պատասխանատուն ոչ միայն իշխանութիւնն է, այլեւ ընդդիմութիւնը, իր պոռչտուքներով լեցուն հաւաքներով, ուր միայն գործող իշխանութեան անկումը կը պահանջուի, իսկ անկէ ետքի մասին բան չի խօսուիր: Իշխանութիւնը փոխել ուզողը հարկ է ուսումանսիրուած ծրագիր ունենայ, որպէսզի իշխանական պարապութիւն մը չստեղծուի ու երկիրը քաոսային վիճակի չմատնուի, բան մը, որ կրնայ աւելի վատ ըլլալ, քան ներկայի կացութիւնը:
Երբ երթայ այս իշխանութիւնը, փոխարինող ղեկավարութիւն ունի՞նք, պատրաստ ուժեր կա՞ն թափուր աթոռները լեցնող: Անցնող չորս տարիներուն ընդդիմութեան ղեկավար գտնելու փորձերը ձախողեցան, մարդիկ գտնուեցան որպէս առաջնորդ, որոնք չյաջողեցան ժողովուրդին նեցուկը վայելել, եկան ու գացին, իսկ հիմա հրապարակը միայն «անկցի»ներով լեցուած է: «Թագաւորը մեռաւ, կեցցէ թագաւորը» յայտարարելու գրաւական չկայ, որովհետեւ, նոյնիսկ եթէ այսօրուան «թագաւորը» եւ այս խարխլած իշխանութիւնը երթան, նոր «թագաւոր» մը չերեւիր հորիզոնին վրայ որպէսզի ժողովուրդն ալ ողջունէ անոր գալուստը:
Կը կրկնեմ ժամանակին մօրս ըսածը՝ «Դրամապանակիս մէջի մէկ ոսկին չեմ ծախսեր, մինչեւ որ երկրորդ մը չունենամ:». Այսինքն, մինչեւ փոխարինող նոր մը չգտնուի, հինը վատնելը ճիշդ չէ, մէջտեղ կը մնաս:
Կիրակի օրուան հանրահաւաքը քիչ մը տարբեր էր իր քանակով եւ հատուածականը ընդհանուր վերնագրի մը տակ դնելու փորձով: Գլխաւոր ճառախօսները գրեթէ նոյներն էին, վերջապէս համընհանուր ծածկոյթի մը տակ հաւաքուածները իրենց թիւով որոշ բան մը փոխուած ըլլալու երեւոյթը կը պարզեն:
Որոշած են մայրաքաղաքի ամենաբանուկ փողոցները փակել նստացոյցով եւ վրաններով, նպատակ ունենալով անդամալուծել քաղաքը, կոչ ընելով դասադուլի եւ գործադուլի… Բաւական վտանգաւոր կացութիւն է երկրին համար: Մտածուա՞ծ է ասոր հետեւանքներուն մասին. որոշ անդորր մը ապրող երկիրը նոր ցնցումներու զոհ չերթայ…
Դեռ վստահ չեմ, թէ չէզոք, լուռ մեծամասնութիւնը մասնակցեցա՞ւ այս հանրահաւաքին, թէ՞ ոչ, խօսք ունի՞, թէ՞ լուռ պիտի մնայ: Այս պարագային մեզի ծանօթ ասոյթը՝ «Լռութիւնը ոսկի է»-ն սխալ կ՛ըլլայ, ոսկին պիտի հնչէ, ոչ թէ անկէզ դրամարկղներուն մէջ ննջէ: Ալ կը բաւէ, որքան երկիրը պատէպատ զարկին, ատենն է, որ ամէն ինչ ճիշդ ճամբու վրայ դրուի:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ