Գորշ ամպերը խտանալով թէեւ անձրեւաբեր կ՛ըլլան, ինչպէս էր եղանակը անցեալ օրերուն, սակայն մարդու հոգիին մէջ կուտակուող գորշ ամպերը աղիտաբեր կ՛ըլլան, ինչպէս է վիճակը այս օրերուն, երբ ամէն օր քիչ մը աւելի կը սեղմուի օղակը մեր երկրին ու սրտցաւ հայրենասէր քաղաքացիին վզին շուրջ։
Շատ գէշ բան է պարտուածի կողմը ըլլալ ու ամէն օր ապրիլ ստորակայական զգացումով, դառնալ խնդրարկու, աջին ու ձախին պատմել մեր վիճակին մասին ու աջակցութիւն կամ զօրակցութիւն խնդրել ու անպատասխան մնալ։ Իսկ աւելի մահացուն՝ երբ գլխիկոր կը պարտադրուիս ընդունիլ թշնամիիդ անմարսելի պայմանները, անոր սինիք նայուածքին ու յոխորտալից կեցուածքին դիմաց։
Երկրի մը ղեկավարէն շատ բան կ՛ակնկալուի, իսկ ամենաշատ ակնկալուածը, յատկապէս հայերուս պարագային, բարոյական արժանիքներն են անոր։ Որքան ալ խելացի, զարգացած, քաղաքագէտ ըլլայ ղեկավարը, մեզի համար բաւարար չէ, ըլլալու է բարոյական մարդ, մերժելով անոր տարատեսակ մոլութիւնները, փտածութեան արարքները, իր պաշտօնը չարաշահելը, անիրաւ իւրացումներն ու թալանը։ Այսպիսի ղեկավար գտնելը շատ դժուար է, սակայն մենք ալ մեր պահանջքներէն վազ անցնող ազգ չենք։
Հայաստանը կամաց-կամաց պիտի դառնայ բռնագաղթեալ հայ երեխաներու «Թապէթ ըլ Արման» (հայու գնդակ)-ին նման բան մը (անդադար հարուածներ ստանալով պատառոտած քուրջէ գնդակ, ինչպէս իր հանրագիտարանին մէջ նկարագրած է սուրիացի մեծ մտաւորական Խայր Էտտին Էլ Ասատը)։ Ի ՞նչ կը մնայ այս պատառ մը հողէն, երբ Արցախն ալ երթայ, երբ Սիւնիքն ալ մասնատուի, երբ իրենց ուզածին պէս սահմաններ գծեն ու տարածքներ կլլեն ու, ով գիտէ, դեռ ինչե՜ր պիտի յաջորդեն անոնց։
Հաւատացողներ կան եւ ըսողներ, թէ՝ հերիք որքան բարոյականութիւն փնտռեցինք քաղաքականութեան, քաղաքագէտին ու ղեկավարին մէջ. եթէ հայրենիքը պիտի վիրաւորուի, պիտի մասնատուի, պիտի յօշոտուի, իսկ մէկը կրնայ վերջ դնել այդ վտանգաւոր կացութեան (իր ո՞ր թաքնուած զօրութեամբ) եւ պաշտպանել երկիրը ազերիական ոտնձգութիւններուն դէմ եւ հայրենիքը փրկել փլուզումէ, թող գայ այդ բաղձալի փրկիչը եւ ղեկավարէ, իրմէ ուրիշ պահանջք չունինք…
Հետաքրքրական է, մտածել տուող առաջարկ է։ Այսպիսի կեղծ խաղաղութիւն պէտք չէ մեզի. Խաղաղութիւն մը, որ պիտի շահինք ամէն ինչ կորսնցնելով՝ Թէ՛ հայրենի հող, թէ՛ արժանապատուութիւն։ Երէկուան անկիրթ, անքաղաքակիրթ ցեղախումբը պիտի գայ բազմահազարամեայ քաղաքակիրթ ազգի մը վրայ իշխէ եւ իր կամքը պարտադրէ։ Չըլլար, կարելի բան չէ։ Գտնե՛նք այդ փրկիչը։
Իսկ եթէ չգտնենք, ապա ուրիշ ելք չկայ, լռելեայն այնպէս մը պէտք է զինուինք եւ անակնկալի բերենք թշնամին, որ մոռնայ …«հօր հարսանիքը»…
Պատմութենէն դաս առնելու է։ Ի՞նչ մարդ էր Ստալինը… ահաւոր… Իվան Ահեղէն ալ ահաւոր…սակայն Ռուսիան իրեն կը պարտի Ստալինկրատի պաշտպանութիւնն ու դիւցազնական յաղթանակը։ Ճիշդ չէ՞, չփրկե՞ց Սովետական Միութիւնը. փրկե՛ց։ Եթէ քիչ մը խորանանք պատմութեան մէջ, վստահ եմ Ստալինի նման ուրիշ ղեկավարներ ալ պիտի գտնենք, որոնք զանազան թերութիւններ ունենալով հանդերձ, յաղթանակներ արձանագրած են։ Այնպէս որ, շատ բարակը մանելու չէ, մտածելու է առաջնային նպատակին, գերագոյն շահին մասին, անկէ ետք կու գան միւս բաղադրիչները։
Ներկայ իշխանութիւնը ասկէ աւելին ընելու ո՛չ ատակ է, ո՛չ ալ կարողութիւն ունի, այնքան ատեն, որ ենթակայ է ուրիշ ոյժերու, որոնցմէ լաւ բան ակնկալելը սխալ է։ Ենթարկուի՞լ, թէ՞ ընդդիմանալ։ Փորձ եղաւ ընդդիմանալու, չյաջողեցաւ. նոյնը դարձեալ կրկնելը անխոհեմութիւն է եւ ժամավաճառութիւն։ Մտածելու է նոր ռազմավարութեան ձեւի մը մասին, ո՛չ փողոցային, այլ ուղղակի խորհրդարանին մէջ, անշուշտ չբացակայելով եւ ծրագրուած աշխատանք տանելով։
Այս բոլորը կը լսեմ, ես ալ կը մտածեմ, առանց հեգնելու, եւ կ՛ըսեմ՝ ինչո՞ւ չէ, Սպասենք «ԿՈՏՕ»-ին*։
* Samuel Becket, Waiting for Godot (Սպասելով Կոտոյին՝ փրկչին)։
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ