Անցեալ նոյեմբերին Կահիրէում ինձ Եգիպտոս հրաւիրած բարեկամներս՝ Մարտիրոս Պալաեանը եւ Հայկ Աւագեանը, ընդառաջեցին ցանկութեանս՝ հանդիպել եգիպտական շոու–բիզնեսի հայազգի աստղերից մէկի հետ: Նրանց ջանքերի շնորհիւ կայացաւ հանդիպումս Եգիպտոսում եւ արաբական մի շարք երկրներում մեծ ժողովրդականութիւն վայելող երգչուհի, կինոյի եւ հեռատեսիլի դերասանուհի Անուշքայի հետ:
Իսկական անունով Վարդանուշ Չատըրճեան՝ նա ծնուել է Կահիրէի երբեմնի հայաշատ Հելիոպոլիս արուարձանում: Իր գործունէութիւնն արուեստում սկսել է հայ համայնքի երգի, պարի եւ թատերական խմբերում: Աւարտել է Կահիրէի Ամերիկեան համալսարանի Բիզնեսի կառավարման բաժինը: Մասնակցել է երգի միջազգային մրցոյթների Լատինական Ամերիկայում, Բուլղարիայում, Չեխոսլովակիայում, Ֆինլանդիայում եւ Թուրքիայում: Ֆրանսիայում կայացած ֆրանսախօսների միջազգային մրցոյթում իր գրած «Օհ, սիրելի» եւ Միդհաթ էլ Խաուլայի «Օհ, գիշեր» ֆրանսերէն երգերի կատարումներով գրաւել է առաջին տեղը: Եգիպտոսի արաբալեզու թատրոնում հանդէս է եկել «Բռնի միլիոնատէր», «Զայրոյթի եւ սիրոյ տղաները» ներկայացումներում, կինոյում՝ «Պարոն Քաֆ», «Ո՞վ էր կրակողը», «Քաղաքի կենտրոնի ցնցումը», «Բոլոր աղջիկները սիրում են շոկոլադ», «Հեփթա՝ վերջին դասախօսութիւնը» ֆիլմերում, մասնակցել է մի շարք հեռուստասերիալների («Ալ–Թաուուս», «Մորսին եւ նաւաստին», «Մարաղիի օրէնքը», «Նակի Աթալլայի խումբը», «Ապտինի պալատը», «Առաջին տիկինը», «Էսթիֆա», «Եուսէֆ Ալ–Մաղրաբիի թագաւորութիւնը», «Ազատ անկում», «Գրանդ հոթէլ», «Կեանքի գեղեցկութիւնը», «Սիրոյ ուժը», «Նագիբ Զահի Զարքաշ», «Վերադարձ դէպի սէր», «Երազը»):
Բարեկամներիս եւ իմ հանդիպումն Անուշքայի հետ տեղի ունեցաւ Կահիրէի «Հիլթոն» հիւրանոցում: Երիտասարդութիւնը պահպանած, պչրագեղ, ծիծաղկոտ Անուշքան հանդիպմանը ներկայացաւ 45 րոպէ ուշացումով եւ մինչեւ սրճարանում տեղ զբաղեցնելն ու մեր զրոյցը սկսելը՝ երեք անգամ բուռն կերպով ներողութիւն խնդրեց: Անուշքայի խօսակցական արեւմտահայերէնը տպաւորիչ էր՝ չնայած երբեմն օգտագործած օտար բառերին: Նաեւ ուրախալի է, որ մեր նամակագրութիւնը շարունակւում է հայատառ…
Թէեւ հարցազրոյցներումս թարգմանում եմ զրուցակցիս գործածած ոչ հայերէն բառերը, Անուշքայի զրոյցի լեզուն որոշեցի թողնել անփոփոխ՝ օտար բառերից յետոյ փակագծերում գրելով հայերէնը:
–Սիրելի՛ Անուշքա, ես երէկ եգիպտացի երիտասարդներու խումբի մը մէջ էի: Իմանալով, որ այսօր պիտի հանդիպեմ քեզի, շատ հպարտացայ, երբ ըսին՝ մենք իրեն շատ կը սիրենք, բարեւէ՛ մեր կողմէ…
-Ես ալ շատ ուրախ եմ: Իսկապէս շատ ուրախ եմ: Եւ չորրորդ անգամ ներողութիւն կը խնդրեմ, որ ուշացայ: Եթէ մինչեւ վաղը մնաս նէ՝ նորէն պիտի ներողութիւն խնդրեմ (ծիծաղում է):
–Կարիք չկայ: Նախ, հայաստանցիի համար Անուշքան շատ ռուսական կը հնչէ: Ինչո՞ւ այս անունը:
-Անիկա մամայիս, պապայիս հարցուր, ինծի մի՛ հարցներ (ծիծաղում է): Բայց բուն անունս Վարդանուշ է, պապայիս մամայի անունն է: Պզտիկ անհամաձայնութիւններէն մէկ հատն էր, որ ծնողքս ունեցած են, հայրս ուզած է իր մօր անունը տալ ինծի, մայրս ալ Անուշքա ուզած է: Ուրեմն վերջաւորութեան որոշեցին, որ ծննդեան սերթիֆիքային (վկայականի) վրայ դնեն Վարդանուշ, բայց ամէն մարդ ինծի կանչէ Անուշքա: Մանկապարտէզէն մինչեւ համալսարան անունս Անուշքա էր: Նոյնիսկ երբ որ սկսայ ասպարէզը, Անուշքա էի: Մէկը Վարդանուշ կանչելու ըլլայ նէ, երկու անգամ կը կենամ՝ արդեօք ինծի՞ կը կանչէ:
–Ինչպէ՞ս եղաւ, որ բիզնես կառավարում ուսանելէն վերջ դարձար յայտնի երգչուհի:
-Կրնամ ըսել, որ պէպէքութենէս ի վեր (հին օրերս կը յիշեցնէք ինծի) մանկապարտէզէն սկսած էինք մերին արուեստագիտութեան քայլերը: Պզտիկութենէս կը յիշեմ, երբ չորս-հինգ տարեկան էի, հայելիին առջեւը կը կենայի, սանտրը կը բռնէի՝ իբրեւ որ միքրոֆոն է եւ կ’երգէի: Ան երազը ունէի, որ կ’ուզեմ արթիսթ ըլլալ, երգել՝ բեմ, թատրոն, պար… Մանկապարտէզի մէջ հայկական պարախումբ, երգչախումբ եւ թատրոնի խումբ կար, անտեղէն էր, որ բոյսը դրուեցաւ: Անկէց ետքը մեր հայկական գաղութէն ներս, դպրոցներու մէջ՝ Գալուստեան ազգային վարժարան, ուր ես կ’երթայի, կամ հայկական ակումբներուն մէջ՝ «Արարատ» կամ «Հոմենեթմեն», միշտ արուեստագիտութեան մթնոլորտ ունէինք: Միշտ պզտիկութենէս ատոնց անպայման պիտի մասնակցէի, պապաս եւ մամաս միշտ ինծի կ’օգնէին, մանաւանդ պապաս: Մամաս միշտ կ’ըսէր՝ պէտք է որ դաս ընէ, առաջինն ըլլայ, պապաս ալ կ’ըսէր՝ թող երկրորդ ըլլայ, երրորդ ըլլայ, բայց արուեստի մթնոլորտին մէջ անպայման ըլլայ: Անկէց ետքը երբ համալսարան մտայ, անշուշտ, արուեստի մեր այդ զգացումը, բացարձակապէս չմարեցաւ: Ես կ’ուզէի քոնսերվաթուար մտնել, աքատեմիք սորվիլ աքթինկ (դերասանութիւն), բեմադրութիւն, բայց չեմ կրնար մոռնալ անոնք, որոնք թողուցին իրենց կնիքն իմ արուեստական կեանքի վրայ: Ոչ թէ փրոֆեսիոնալ ձեւով, բայց պզտիկութենէս ինչպէս շտկուեցաւ, ինչպէս շաղուեցաւ քարաքթերս (բնաւորութիւնս): Ամերիկեան համալսարան մտայ, որովհետեւ պապաս միշտ կ’ըսեր. «Իմին պարտականութիւնս է իբրեւ հայր քեզի հասցնեմ ուսումիդ վերջը, պէտք է վկայականդ ձեռքդ ունենաս, տունը, խոհանոցը կախէ՛, բայց ատկէ ետք ազատ ես»: Այդպէս ալ եղաւ: Հազիւ համալսարան մտած՝ հանդիպեցայ մէկու մը, որ եղանակներ կը գրէր Եգիպտոսի ամենամեծ թիվի քըմերշըլներու քոմփընիի (հեռուստագովազդների ընկերութեան) համար: Մտայ «Թարէք Նուր» ատվըրթայզինկ էյճընսիի (գովազդային գործակալութեան) մէջը այն գաղափարով, որ դասերէս վերջը կրնամ երթալ ու երգել ժամը հինգէն վեցը: Վեց տարի երգեցի թիվի քըմերշըլներ, ձայնս կ ելլար թելեվիզիոնէն, բայց երեսս չէր ելլար, որովհետեւ կը վախնայի պապայէս: Առաջին անգամ երբ որ թիվի քըմերշըլ ըրի՝ պապայի, մամայի ետեւէն ըրի, իրենք չէին գիտեր, որովհետեւ եթէ պապայիս ըսէի, որ արուեստական ասպարէզի մէջ պիտի մտնամ՝ շատ հակառակ պիտի ըլլար՝ ըսելով, որ դժուար ասպարէզ մըն է, խիղճ չիկա անոր մէջ: Օր մը պապայիս քովը նստած թելեվիզիոնէն իմ քըմերշըլը եղաւ, պապան ըսաւ՝ մտի՛կ ըրէ, ձայնը քուկին ձայնիդ կը նմանի կոր: Ես ալ ըսի՝ այո՛, ի՞նչ կ’ըսես, ե՛ս եմ: Հայրս որ տեսաւ, որ ամօթ բան մը չի կայ, դժուար բան մը չի կայ, ըսաւ՝ Անուշքա՞, սխալ-մխալ բաներ չընե՛ս (ծիծաղում է): Գիտեմ՝ ինչ ըսել կ’ուզէր: Եւ ատանկով քայլերս առի աւելի հանգստութեամբ, որ պապաս գործիս հետ օքէյ էր:
–Իսկ եգիպտական շոու բիզնեսի կողմէն նո՞յնպէս օքէյ էր, թէ՞ դժուարութեամբ առաջ գացիք:
-Նախ եւ առաջ երբ վեց տարի թիվի քըմերշըլներ կ’երգէի, արդէն մէկը միւսին կ’ըսէին իմ մասիս: Ուրիշ քոմփոզիթոր մը ըսաւ, որ քորալի (երգչախմբի) աղջիկի պէտք ունի, գացի քորալի մէջ երգեցի: Ուրիշն ալ կ’ըսէ՝ ես կ’ուզեմ ասինչ հանդէսի մէջ ասանկ ձայն մը: Ատանկով սկսայ ճանչցուիլ պզտիկ մթնոլորտի մը մէջ: Նոյն ընթացքին սկսայ երգերս ֆեսթիվալներու ղրկել: Քոմփանի (ընկերութիւն) մը կար, որ կ’ուզէր ես ինթերնեշընըլ (միջազգային) եղանակներու երգերն արաբերէնով ընէի: Ես ալ ըսի՝ ինչո՞ւ համար գիտցուած եղանակներու վրայ արաբերէն երգեմ, ես կ’ուզեմ իմի՛ն հարազատ երգերս ունենալ: Քիչիկ մը դժուար էր ինատ (համառ) ըլլալս, բայց լաւ տեղ մը հասցուց ինծի իմին ինատութիւնս: Ըսի՝ ես մարդէ դրամ չեմ ուզեր, մինակս պիտի աշխատիմ, եւ սկսայ աշխատիլ, երգ առնել (ձայնագրել) 19 հազար ոսկիով, իսկ այն ատենը, 1988-ին, ասիկա մեծ դրամ էր, մանաւանդ մէկու մը համար, որ հազիւ սկսած էր աշխատիլ: Նոյն ընթացքին, որ համալսարան կ’երթայի, նաեւ կ’աշխատէի, եւ տարեդարձիս ալ միշտ կ’ըսէի, որ նուէրի փոխարէն ինծի դրամ տան, որ երգերուս վրայ կը ծախսէի: Շուտով գործիս մէջ նաեւ փարթնէր (գործընկեր) ունեցայ, անոնք ալ դրամ դրին հետս, եւ իմ անկախութիւնովս եւ ուժովս տեղ մը հասայ, Աստուած պապան օգնեց: Աս տեղը անպայման պիտի ըսեմ, որ երբ կը մտնես ասպարէզի մը մէջ, երբ շատ քիչ մարդ կը ճանչնաս, եւ ճաշակը արաբական երգերուն եւ միւզիքին (երաժշտութեան) չափազանց տարբեր է մեր հայկական ճաշակէն, միակ անձը, որ կրցաւ օգնել եւ կռնակ կենալ, ուսս ուսին՝ Հայկ Սարգիսեանն էր: Անկարելի է, չեմ կրնար մոռնալ իրեն օգնութիւնը, ինքը ինծի կը ճանչնար իր «Կռունկ» երգչախումբի սոլիսթներէն էի, առաջին սոփրանոն: Մերին արուեստական քարաքթերը շինուեցաւ կամ տաշուեցաւ «Կռունկ» երգչախումբէն: Տարինե՜ր երգեցինք, ութ-ինը տարի, ամէն տարի համերգ ունէինք, ասդին-անդին ճամփորդեցինք, Սուրիա գացինք: Երգչախումբին մէջ իմին կեցուածքս աւելի փրոֆեսիոնալ էր, եւ Հայկը ինծի օգնեց փրոֆեսիոնալ ձեւով, բայց մինչեւ որոշ տեղ: Կրնամ ըսել, որ մեր քարաքթերը տաշուեցաւ նաեւ հայկական պարախումբերուն մէջ: Չեմ կրնար մոռնալ մեր «Զանգեզուր» պարախումբին Էլեոնորա Գրիկուրովան: Շատ պիտի ուզեմ միւս անգամ Հայաստան գալուս՝ փունջ մը ծաղիկ դնեմ իրեն գերեզմանին… (յուզւում է): Ներողութի՛ւն, աղուոր բաներ յիշեցուցիք: Գրիկուրովան կին մըն էր, որ տաշեց ինծի…
–Այո՛, իր մասին գրել եմ, թիֆլիսեցի հայուհի էր: Հայերէն կը խօսէ՞ր:
-Անշո՛ւշտ կը խօսէր: Շատ կ’օգնէր ինծի իբրեւ առաջին պարուհի խումբին մէջ ըլլալ ինքնավստահ: Շատ բարակ գիծ կայ ինքնավստահ եւ ինքնահաւան ըլլալու միջեւ: Գրիկուրովան ինծի սորվեցուց ասոնց տարբերութիւնը գիտնալ: Երբ ան գնաց Եգիպտոսէն, «Սարդարապատ» պարախումբին սկսանք մասնակցիլ, անտեղն ալ Շաքէ Յովակիմեանը նոյնքան կռնակ կեցաւ եւ օգնեց ինծի: Թատրոնի մէջ ալ Ժիրայր Բաբազեանը իբրեւ բեմադրիչ ինծի օգնեց: Ուրախ եմ, որ աղուոր տաշուեցայ գաղութէն ներս: Քանի որ երբ գաղութէն ելայ, մինակս էի, քովս մարդ չունէի, ինքզինքիս վրայ պիտի վստահ ըլլայի: Երգիչին համար հիմա աւելի դիւրին է, նոյն վայրկեանին երգդ ինթերնեթով ամբողջ աշխարհը կը լսէ: Իմ ժամանակ ես պիտի ինքզինքս ճանչցնել տայի ֆեսթիվալներու մէջ: Գացած եմ եօթ-ութ ֆեսթիվալ, շատ բաներ չէի շահած, չորրորդ-հինգերորդ մրցանակ, մինչեւ որ առիթը եղաւ Եգիպտոսը ներկայացնել Թրքաստան: Անթալիա ֆեսթիվալ մը կար, գացի իբրեւ եգիպտացի, ոչ իբրեւ հայ: Անթալիայի մէջ ֆեսթիվալի քոնտաքթըրին (նուագավարի) անունն էր Կարօ Մաֆեան: Ատիկա ալ ինտայրեքթլի (անուղղակիօրէն) որոշ ինքնավստահութիւն ձգեց վրաս: Ուրիշ մէկը կար, որ նորէն կռնակս կեցաւ, ժուռնալիսթ մըն էր՝ Անուշ չեմ յիշեր ինչեան, թրքահայ էր: Գիտցայ, որ ուրիշ մըն ալ կայ՝ Օննօ Թունչը՝ Թունչպօյաճեան: Ըսել կ’ուզեմ, որ Եգիպտոսը ներկայացուցի Թրքաստան, բայց ուրախ էի, որ հայեր կան: Մաֆեանը երբ իմացաւ, որ Անուշքա Չատըրճեան եմ (Եգիպտոսի մէջ չէին կրնար ըսել մականունս, ուրեմն առի տէտէիս (մեծ հայր) անունը՝ Սելիմ) ու երբ որ հասկցաւ՝ հայ եմ, ինքը եւ ես աչքով կը խօսէինք, առանց բառ ըսելու: Վերջին օրը, երբ ես շահեցայ երրորդ մրցանակը Եգիպտոսի համար, երբ որ վար իջանք, Մաֆեանը եկաւ ըսաւ՝ գիտե՞ս հայերէն խօսիլ, ես ալ հարցուցի՝ դուն կը կարդա՞ս հայերէն: Պզտիկ բաներ են, որ չեմ մոռնար բացարձակապէս…

–Իսկ ֆիլմի ասպարէ՞զ ինչպէս մտար:
-Երբ որ սկսայ երգել, նաեւ առաջարկ կուգար աքթինկի (խաղարկութեան): Ես ան գաղափարն ունէի, որ ինքնավստահ ըլլամ նախ երգի՛ մէջ, յետոյ փոխեմ ուրիշ բաներու՝ աքթինկ, ռատիօ, բեմ, սերիալ կամ ֆիլմ: Հիմա կ’ըսեմ՝ ատիկա սխալ էր, բայց ամէն տարիք իրեն առիթն ունի: Առաջին պզտիկ քայլերս Ատէլ Սատէքի հետն ըրի, ետքը, 1994-ին, Եգիպտոսի շատ մեծ անուններէն բեմադրիչ Սալահ Ապու Սեյֆին ֆիլմին մասնակցեցայ: Ինքզինքս ըսի՝ եթէ ան ինծի կ’ուզէ, անկարելի է, որ ոչ ըսեմ: Աքթինկը ըրի Սանաա Կամիլ եւ Ապտըլ Մոնեմ Մատպուլի անունով մեծ արթիսթներուն հետ: Այն ատենը Սանաա Կամիլը միշտ ինծի կ’ըսէր, որ հետաքրքրուիմ աքթինկով: Կ’ըսէր նախադասութիւնը, կը ձգէր, կ’երթար: Այսինքն՝ ան տեսակ մարդ չէր, որ քեզի շփացնէր: Սալահ Ապու Սեյֆը ֆիլմի վերջին օրը թելեվիզիոնէն ըսաւ՝ մէսաժ (ուղերձ) մը ունիմ Անուշքային. իրեն մէջը պզտիկ աքթրես (դերասանուհի) մը կայ, թող մեծցնէ եւ մէջտեղ հանէ, մէջը չպահէ, մինակ երգով թող չզբաղուի: Եւ ատիկա միտքս դրի, բայց քանի որ պապաս անհանգիստ էր տարիքին բերումովը, նախընտրեցի նստիլ, չուզեցի երթալ աւելի երգել կամ աքթինկ ընել. արուեստագիտութեան ասպարէզը տեղ մը պիտի չերթայ, բայց պապաս այսօր հոս է, վաղը հոս չէ: Նախընտրեցի նստիլ, թէեւ պապաս շատ կը նեղուէր, որ քովը նստած եմ: Այդ ատենը, նորէն պիտի ըսեմ, Աստուած պապան իր խաղերը ունէր, ինծի ղրկեց բեմադրիչ Ահմատ Ապտըլ Համիտը, որ ըսաւ՝ Անուշքա, դեր մը կայ կարեւոր, շատ խորունկ, կին մըն է, որ պիտի գիտնայ, որ իր ամուսինը ուրիշ կնիկի մը հետ գացած է: Ես, քիթս ալ վեր, ըսի՝ եթէ պիտի դնեմ պապաս եւ աս դերը՝ ո՞րը կարեւոր է: Ըսաւ՝ դերը պապայէդ աւելի կարեւոր չէ, բայց ինք շատ ուրախ պիտի ըլլայ, եթէ աս դերն ընես: Ըրի եւ կրնամ ըսել, որ այդ դերն էր, որ սկիզբն էր իմ աքթինկի: Միշտ կը հաւատամ, որ Աստուած պապան կ’ընտրէ՝ ե՛րբ, ի՛նչ եւ որտե՛ղ ընել: Աս թիւի սերիալէն ինծի տեսաւ Ատէլ Իմամը, որ այսօր թիւ մէկն է, Եգիպտոսի Էնթընի Հոփքինսը կը սեպուի: Ինծի թելեֆոն (հեռախօս) ըրաւ, ըսաւ՝ Անուշքա, հետս կ’ուզեմ ըլլաս: Ատկէ ետքը ծանր եւ աւելի մեծ դերեր սկսան աւելի վստահ ըլլալ ինծի:
–Եւ հիմա միայն մե՞ծ դերեր կը խաղաս:
-Կարեւոր դերեր են, գլխաւոր դերեր են միշտ: Անշուշտ, պիտի ուզեմ եւ կ’երազեմ, որ յատուկ ինծի համար դերը գրեն, բայց ատիկա աւելի դժուար է, որովհետեւ ես կ’ընտրեմ ինծի առաջարկած բաներու մէջ: Բայց եւ ուրախ եմ՝ ինչ որ եմ եւ ուր որ եմ: Ժողովուրդը քեզմէ միշտ բան մը կը սպասէ կոր, եւ միշտ վախը ունիմ՝ ի՛նչ պիտի տան ինծի, Աստուած պապան ի՛նչ պիտի ղրկէ ճամփուս վրան…
–Թող միշտ լաւ բաներ ղրկէ:
-Այո, մինչեւ հիմա միայն լաւ բաներ ղրկած է (ծիծաղում է):
–Թատերական գործունէութեանդ մասին ալ քիչ մը պատմէ՛, խնդրեմ:
-Թատրոնի մէջ միշտ առաջին դերեր առած եմ: Տարիներով պզտիկներու համար ալ ըրած եմ, մեծերու համար ալ: Ռատիոյէն ալ ըրած եմ: Պիտի փափագիմ, որ առիթը ըլլայ եւ Հայաստան ալ կրնամ ելոյթ ունենալ, միայն երգ կամ պար չէ: Գիտեմ, որ Ժիրայր Բաբազեանը բեմադրիչ է Հայաստանի մէջ եւ կրնամ իրեն հետ աշխատել: Անշուշտ, պզտիկ ըլլանք նէ՝ կրնանք սխալ ընել, բայց մեծ ես՝ ուրիշ հաշիւ է, իրաւունք չունիս սխալ ընելու:

–Դուն նաեւ մոդեռն պար պարած ես:
-Երբ պիտի երթամ պարելու, միշտ կ’ուզէի պարեմ մէկու մը հետ, որ իրմէ պիտի սորվիմ: Ինձմէ աւելի զօրաւոր մէկու մը հետ, որ պիտի ըլլայ պալետմայսթերն ինքը: Շատ ուրախ էի Ուալիտ Աունիին հետ պարելով: Ես պալէ չեմ սորված, բայց Գրիկուրովայէն կամ «Սարդարապատէն» աւելի տաշուած կեցուածք ունէի, որ կրնամ գլուխ գլխու զօրաւոր մէկու մը հետ պարեմ: Վիտէօ մըն ալ կայ, ամբողջ պարողները մեր օփերայի առաջին պարողներն են պալէին, որոնք մոտըրն տանս (ժամանակակից պար) կ’ընէին: Իրենց հետ մտնալը ռիսք էր, բայց քալքուլէ ըրած (հաշուարկած) ռիսք էր եւ ուրախ էի. որքան դիմացինս զօրաւոր է, այնքան՝ լաւ: Ես չէի ուզեր ամենէն լաւը ըլլալու, բայց քեզի կը քաշէ դիմացինդ, եթէ լաւ է: Եթէ լաւ չէ, նորէն պիտի քաշէ, բայց՝ դէպի վար:
–Անուշքա, իսկ գիտե՞ս՝ մեծ ծնողներդ ուրկէ էին:
-Մամայիս մաման Իզմիրէն է: Անիկա կը յիշեմ, որովհետեւ Էդուարդ տայտայը, որ իմին մօրեղբայրս է, երբ որ Իզմիր գացած էր, ըսաւ, որ տեսած է իրենց տունը, ուր աւազան մը կայ եղեր, մէջը՝ ձուկեր, կ’ըսէր, որ հիմա մերին աղուոր աւազանին մէջը պզտիկ թուրք չոճուխները նստած են… Պապայիս մաման ալ Պոլիսէն է: Այդքանը գիտեմ մինակ: Մամայիս կողմէ մեծ մամաս եկած են Գահիրէ, իսկ մեծ մամայիս քոյրիկը գացած է Հայաստան: Հիմա կրնամ ըսել՝ երանի՛ այդ հետաքրքրութիւնն ունենայի այն ատեն, երբ իրենք կ’ապրէին, ընտանիքիս ծառն ունենայի: Մամայիս քազընը (զարմիկը)՝ Կարպիսը, մահացած է Հայաստան, անոր եղբայրը՝ Վաղարշը, Մոնթրէալ գացած է: Հիմակ մամայիս կամ մեծ մամայիս պատկերները կը տեսնեմ, կ’ըսեմ՝ արդեօք ովքե՞ր էին ասոնք: Մեծ մամայէս նամակ մը կայ, որ ստացած է իրեն քոյրիկէն Հայաստանէն, որ մամայէս վերջ իր թուղթերու մէջ գտայ: Այս պզտիկ բաները շատ թանկագին են ինծի համար, կ’ուզեմ դնել ֆրեյմի (շրջանակի) մէջ:
–Քանի՞ անգամ եկար Հայաստան:
-Հիմա՝ երկու անգամ: Բայց պզտիկութեանս, 14-15 տարեկան էի, Հայաստան գացինք: Շատ երկար էր, նախ Քիեւ գացինք, ետքը՝ Մոսկուա, ապա՝ Երեւան: Այն ատեն Գոհար Գասպարեանը կար, Էլեոնորա Գրիկուրովան հոն էր: Գացի Էջմիածին, Սարդապապատ, բայց խելքս պետական պարախումբին վրայ էր, փորձերուն կ’երթայի, մեծերը կը պարէին, ես ալ՝ պզտիկ մը, ետեւէն անոնք կը դիտէի, կը ջանայի սորվիլ: Էլեոնորան կ’ըսէր՝ Անուշքան առնենք պետական պարախումբին մէջ, պապաս ալ, կ’ըսէր՝ աղջիկս քիթիս տակէն հեռու չ’երթա՛ր:
Երեք տարի առաջ, 2019-ի օգոստոսին, համահայկական խաղերուն գացի: Վերադարձիս ատենը կուլայի, չէի ուզեր ետ գալ. ներսէս կիսուած էի: Գացինք Ծաղկաձոր, թելեֆրիքը (ճոպանուղին) առինք, հետս ընկերուհի կար, որ կը վախնար: Բայց իմ զգացումը շա՛տ անուշ էր՝ վարը անտառը կար, ծառերը, լեռները, վեր նայեցայ՝ Աստուած պապան է, նստած եմ աթոռին վրայ, առջեւս, քովերս, ետեւս բաց են, ներսս զգացում ունէի, որ շատ երջանիկ եմ, այնքա՜ն շնորհակալ եմ Աստծուն, ձեռքս վեր տանիմ՝ պիտի դպնամ անոր, այն գաղափարովը, որ միշտ կ’ուզէի այս ասպարէզի մէջ մտնալ եւ մտայ, ու գիտեմ անոր թէ՛ անուշ կէտերը, թէ՛ դժուար կէտերը:
Վերադարձայ, Եգիպտոսի մշակոյթի նախարարութիւնը ըսաւ, որ Հայաստան պիտի երթանք հոկտեմբերին եգիպտական քալչըրի (մշակոյթի) օրերուն: Իմին փափագս էր, որ իմ հանդէսին ներկայ ըլլան հայ երգիչներ, բայց գաղափար չունէի՝ ինչպէս անոնց հասնիլ ու հրաւիրել եւ թէ ո՛վ պիտի զբաղի ատվըրթայզինկով (գովազդ): Մարդ չիկար, որ իրենց ըսէր՝ եգիպտական խումբին մէջ ասիկա հայու ծնունդ ունի: Միայն առիթ ունեցայ հանդիպելու Ռոբերտ Ամիրխանեանի հետ իր նստած գիւղի մէջը: Երեւանի մէջ երգեցի արաբերէն, նաեւ հայերէն ալ երեք երգ: Լեցուն հայկական երգեր կը սիրեմ՝ «Իմ այրող վշտից», «Ո՜վ դու գեղեցիկ»… Ունիմ շատ երազներ, շատ պիտի ուզեմ երգել հայ երգիչներու հետ: Երազներէս մէկ հատն է, որ «Սուրբ Սուրբը» եւ «Տէր ողորմեան» երգեմ մեծ օրքեսթրայով:
–Մաղթենք այդ ալ ըլլայ: Ա՛նուշքա, քու ֆիլմերէդ մինը կը կոչուի «Բոլոր աղջիկները կը սիրեն շոքոլա»: Դուն ալ կը սիրե՞ս:
-Այո՛, շա՛տ:
–Ահա՛ քեզի «Գրանդ քենդի» հայկական շոքոլա…
-Տայըթի (դիետա) մէջ եմ, բայց հակառակ անոր, կրնաս վստահ ըլլալ, որ ասիկա այս գիշեր պիտի վերջանայ (ծիծաղում է): Շատ ուրախ եմ: Գալ անգամուն գաս նէ՝ ֆիշնէի (բալ) եւ պոպոքի անուշ բեր, շատ կը սիրեմ: Երբ որ գացի Հայաստան՝ վալիզիս (ճամպրուկիս) մէջը Ծաղկաձորէն գնածս խաչքարի մը հետ նաեւ չորս հատ անուշ կար (ծիծաղում է)…
– Այս անուշութեամբ ալ լմնցնենք մերին զրոյցը…
– Շոքոլայով եւ պոպոքի անուշո՞վ: Այո՛: Շատ ուրախ եմ…
ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ