Մարդիկ իրենց անցեալի արարքներուն համար պատասխանատո՞ւ են. կարծեմ՝ այո՛, թէեւ անձէ անձ կը տարբերի: Առաքինի մարդիկ, վստահ եմ, ամէն ինչ կ՛ընեն, որ իրենց անցեալը մաքրեն, իրենց անունին վրայ բիծ չմնայ, մինչ կան մարդիկ, որոնց հոգը չէ, սխալե՞ր են անցեալին, վնասե՞ր են մէկուն, խաբե՞ր են, դաւաճանե՞ր են, պարտքի դրամ առեր են ու չե՞ն վերադարձուցած… Կան այսպիսի մարդիկ ալ, որոնց համար արժանապատուութիւն ըսուածը անիմաստ արժանիք մըն է:
Մարդոց տեսակներուն մասին կարելի է շատ երկար խօսիլ, սակայն ի՞նչ է պարագան պետութիւններուն… Պետութիւնները պատասխանատո՞ւ են իրենց անցեալի արարքներուն համար, պատասխանատո՞ւ են իրենց անցեալի սխալները սրբագրելու եւ անհրաժեշտ միջոցառումներ ձեռք առնելու, անցեալի մեղքն ու ամօթը վերացնելու համար:
Այստեղ ալ, մարդոց նման կը տարբերին վերաբերմունքները: Կան պետութիւններ, որոնք անցեալի սխալները սրբագրելուն մէջ բարոյական շահ կը տեսնեն առաջին հերթին, ինչու չէ՝ նաեւ գործնական՝ փոխյարաբերութիւններու գծով: Ինչպէս որ Գերմանիան փորձեց հրեաներու ողջակիզման իր ճակատի խառանը ջնջել, Իսրայէլին հսկայ գումարներ վճարելով, համաշխարհային Բ. Պատերազմին ողջակիզուած հրեաներուն որպէս արեան գին: Կամ, ինչպէս Ֆրանսան Ալճերիոյ հետ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար փորձեց անցեալի մէկ միլիոն ալճերիացի նահատակներուն արեան գինը վճարել ինչ-ինչ ձեւերով: Անշուշտ կարելի է այլ օրինակներ ալ յիշել, ուր ներկայի իշխանութիւնները, որպէս ժառանգորդները անցեալի իրենց նախորդներուն, ստիպուած կը համարեն սրբագրել անցեալի սխալները, եթէ անշուշտ իրենց համար արժէք ունի իրենց երկրին արժանապատուութիւնը եւ անշուշտ բազմակողմանի շահերը: Վերոյիշեալ օրինակէն մղոններով հեռու կը մնայ Թուրքիան, որ իր անցեալի ամենասեւ էջերը չի փորձեր վերաքննութեան առարկայ դարձնել եւ սեւին թանձրութիւնը թեթեւցնել, փորձելով ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնն ու հատուցում կատարել, այլ ընդհակառակն՝ անցեալի ոճրագործները ի պատուի են ու կը փառաբանուին պետականօրէն: Անցնի՛նք:
Հիմա, գանք մեր օրերուն, ուր Ֆրանսան ինչ միջոցներու կը դիմէ Հայաստանին օգնելու եւ բարեկամական կամուրջ նետելու երկու երկիրներուն միջեւ: 2018-ին Շառլ Ազնաւուրի մահուան ու թաղման առթիւ ձեռնարկուած պետական բարձրամակարդակ միջոցառումը աննախադէպ էր, ապա այս շրջանին Հայաստանին պաշտպանական զինամթերքի մատակարարումը, նոյն շրջանին Ազնաւուրի նկարով 100-նոց Եւրոյի թողարկումը, որպէս մեծ պատիւ անձին, իսկ ամենաթարմը՝ Միսաք Մանուշեանի եւ կնոջ աճիւններու փոխադրումը Ֆրանսայի «Անմահ» մեծագործներու պանթէոն:
Յարգելի Նախագահ Մաքրոն, ըրածներդ երախտագիտութեամբ կ՛ընդունի հայութիւնը, յատկապէս Հայաստանի հայութիւնը, իսկ աշխարհատարած սփիւռքահայերը, իմա՝ կիլիկեցիները եւ Հայաստան հաստատուած կիլիկեցիներու շառաւիղները, ինչպէ՞ս ուրախանան, երբ յիշեն 1920-ի գիշերով խայտառակ փախուստը ֆրանսական բանակին Ատանայէն ու Մարաշէն, որուն հետեւանքով իր կողմէ խոստացուած, իր հոգատարութեան տակ ստեղծուող Կիլիկեան հանրապետութիւնը մէկ օր իսկ չապրեցաւ ու չքացաւ եւ հայերը նոր կոտորածի զոհ դարձան: Յիշե՞լ այնքան տարածուած Ատանայի երգը՝ «Ասպետական սեւ սատանան…» այդպէս կոչած էին «հոգատար» ֆրանսան… Հապա՞ Ալեքսանտրէթի պարպումը 1938-ին… հայաբնակ Ալեքսանտրէթի սանճաքը թուրքին յանձնուեցաւ, միայն Քեսապի շրջանը Սուրիոյ ձգելով: Թող այնճարցիները խօսին, որոնք հայրենիք կորսնցուցին ու եկան ապաստանեցան Լիբանան ու հիմնեցին իրենց գիւղը: Թող քեսապցիները խօսին, որոնց գիւղերը փրկուեցան, բայց արտերն ու այգիները մնացին թուրքին:
Սիրե՞լ, թէ՞ չսիրել, համլէթեան թնճուկին առջեւ կանգնած ենք՝ Հաւատա՞լ Ֆրանսային, յարգել ու երախտապա՞րտ ըլլալ, իսկ անցեալը թաղե՞լ: Այո՞, թէ՞ ո՛չ:
Ե՞րբ պիտի հասկնանք, որ որեւէ դրական վերաբերմունք առ հայերն ու Հայաստանը ո՛չ մեր քրիստոնեայ ըլլալուն համար է, ո՛չ ալ մեր սեւ աչքերուն համար: Շա՛հ ունին, չունենան՝ չեն ըներ: Կռուախնձորը հիմա Կովկասն է, բոլոր մեծ պետութիւններուն աչքը Կովկասի վրայ է: Այսքանը գիտնալէ ետք, ճիշդ կողմնորոշուելու համար զգացումը չի բաւեր, բաւական խելք պէտք է:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ