Մէյ մը ակնարկներէս մէկուն նիւթ դարձուցած էի Երեւանի 2800-ամեակին նուիրուած Վարդանեան եղբայրներու նուիրատուութեամբ ստեղծուած պուրակը, նկարագրելով անոր գեղեցկութիւնն ու օգտակարութիւնը զբօսանք ու հանգիստ փնտռողներուն համար: Մէկ ծայրէն-միւսը, բացի բազմազան ծաղկաւէտ ծառատեսակներէն, անոր բոլոր ջրաւազաններն ու ցայտաղբիւրները, առաւել՝ նստարանները, հայկական նախշերով քանդակուած մարմարէ կառուցուածքներ են, որոնց ստեղծման համար բարերարները ոչինչ խնայած են, որպէս առհաւատչեայ իրենց սիրոյն հայրենիքին ու հայրենի ժողովուրդին:
Ժողովուրդը գիտցաւ գնահատել պուրակը իր ամենօրեայ այցելութիւններով ու հիացական արտայայտութիւններով: Գնահատանքը հասաւ այն աստիճանի, որ, ըստ մեր բնաւորութեան, համը հանեցինք, սկսանք վնաս տալ… Պիտի ըսէք՝ ինչպէ՞ս. բացատրեմ օրինակով, երբեմն փոքրիկ մը սիրելու համար այնքան կը համբուրէք, այնքան կը սեղմէք, կը ճմլէք այտերը, որ երեխան ցաւէն կը սկսի լալ. Ճիշդ այդպէս ալ մեր այս սիրելի պուրակը. պիտի տեսնէք թէ մարդիկ ինչպէս կը վարուին անոր հետ ամրան եղանակին: Շատրուաններուն շուրջի աւազանները վեր ցայտող ջուրերը ընդգրկելու համար են, որպէսզի հաւաքուին ու կրկին ժայթքեն վեր, ոչ թէ լողաւազաններ են, ուր երեխաները կրնան մտնել ու թրջուիլ տօթը վանելու համար, կամ անցնող-դարձող հողաթափերը հանէ ու ոտքերը լուայ անոնց մէջ: Երեխայական ջրախաղերուն համար կան ջուրի կամարներն ու յուշակոթողի ետեւի ցայտաղբիւրներով լեցուն բաց տարածքը: Ու պիտի տեսնէք անոնց վիճակը… Ձրի ծովափ գտած ընտանիքներուն համար ամենահաճելի վայրերը այդ տարածքներն են. կու գան պատրաստուած, լողազգեստով, երեսսրբիչներով ու ցամքոցներով. Երեխաները անմիջապէս կը նետուին ջուրերուն տակ, ուրախութեան բացագանչութիւններով լեցնելով միջոցը: Մամաները, մօրքուր-հօրքուրներն ու տատիկ-մատիկները հազիւ նստարան մը գտած՝ հեռախօսները կը հանեն ու կը սկսին լուսանկարել:
Ջուրէն դուրս ելլողը սրսփալով կը վազէ ընտանիքին մօտ, անմիջապէս ցամքոցներով կը փաթթուին ու արեւին տակ կը նստին, որպէսզի քիչ մը տաքնան, չորնան ու կրկին վազեն ջուրերուն տակ, կամ թաքուն տեղ մը գտնեն չիշիկ ընելու: Պարզ է, չէ՞, պաղ ջուրին մէջ մտնողներուն բնական հակազդեցութիւնն է, ու զուգարաններու բացակայութեան մամաները զիրենք կ՛առաջնորդեն պուրակը եզերող ծառերուն տակ, պահակներու տեսադաշտէն հեռու, կամ ալ նստարաններուն ետեւը կկզած, ու պատուար-սրբիչներով շրջապատուած: Ու խնամքով ցանուած, խուզուած մարգագետինը կը ծծէ անոնց արտաթորանքը…
Քանի մը անգամ ջուրերոուն տակ մտնել- ելլելէն ետք, կարգը կու գայ պայուսակներուն մէջ պահ դրուած սենտուիչներուն ու պտուղներուն:
Երկրորդ արարը չսկսած, երեխաներուն թաց լաթերը կը փռուին նստարաններուն յենակներուն վրայ, երեխաները փոխնորդներ կը հագնին ու կը վազեն դէպի ջուրերը: Երիտասարդ մամաներն ու մօրքուր-հորքուրները ծովագնացներու յարմար զգեստաւորումով են, քիչ մը բաց… Իսկ, Մեծ մամաները ընդհանուր մերկութիւններէն քաջալերուած իրենք ալ քիչ մը վեր կը քաշեն իրենց փէշերը, ու տեսարանը կ՛ամբողջանայ…
Օտար երիտասարդներ, որոնց երկրին մէջ բացութիւնները արգիլուած են, կը նկարեն ու կը նկարեն, եւ անշուշտ տեղւոյն վրայ կ՛ուղարկեն իրենց ընկերներուն, ցոյց տալու համար, որ տեսէք, մենք ի՜նչ վայելքի մէջ ենք:
Այս բոլորը կը տեսնեն պուրակին հսկիչ-պահակները ու բան չեն ըսեր, համբերութեամբ կը վարուին, միայն թէ բան չփճացնեն, թող ուրախանան, թող վայելեն: Պուրակին ճիշդ դիմացը հիւրանոց մը կայ, որ լողաւազան ալ ունի, սակայն հոն միայն հարուստները կրնան երթալ, իսկ պարզ ժողովուրդը կ՛օգտուի այս «Սէն պելեշ»-էն պիտի ըսէին լիբանանցիները, այսինքն՝ ձրի ծովափէն: Ու կը զարմանաս, որ այս բոլորէն ետք, պուրակին մարգագետիններն ու արահետները մաս-մաքուր մնացած են, ոչ մէկ աղբ, եկուորները գոնէ այս առումով զգաստ են ու գիտակից:
Վարդանեաններու այս պուրակը ամէն ինչով կատարեալ է, միայն թէ զուգարանի բացակայութիւնը հարցեր կը ստեղծէ, ոչ միայն երեխաներուն, այլեւ տարեց այցելուներուն համար ալ, որոնք ստիպուած կը վազեն կողքի այգիները, ուր կան զուգարաններ, մին՝ արդիական, միւսը Ադամի օրերէն մնացած: Քաղաքապետարանին ականջը խօսի:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ