Երկու տարի առաջ հատընտիր ակնարկներու հաւաքածոյ մը կազմեցի տպագրութեան յանձնելու համար, անոր առաջին բաժինը վերնագրած էի «Սուրիական հայրենիք, խաչեալ Հալէպ», որուն մէջ ամփոփուած ակնարկներուն մեծամասնութիւնը Հալէպի մասին էր, Հալէպի կրած չարչարանքներուն, ցաւերուն, տագնապներուն, դժուար օրերուն: Գիրքը ցարդ չտպագրուաեցաւ, թէեւ Հալէպ սկսաւ յարաբերական խաղաղութեամբ մը վերապրիլ, միշտ յուսալով որ վերջապէս սա սանձազերծուած պատերազմը վերջ կը գտնէ ու Հալէպ կը վերագտնէ իր փառքի օրերը: Մենք ի՛նչ յոյսերով սպասեցինք այդ բախտաւոր օրուան եւ ի՛նչ եղաւ անցեալ շաբաթ…
Անցեալ շաբաթուան անակնկալը տակաւին կը շարունակէ ցնցել մեր ուղեղն ու հոգին. մէկ գիշերուան մէջ Հալէպ հեքիաթային կախարդական ցպիկի մը ցնցումով կար ու չկայ դարձաւ, արդարեւ երկար տարիներ Հալէպի շրջակայքը հաստատուած ընդդիմադիր զինեալ կազմակերպութիւնները առանց որեւէ դիմադրութեան մտան Հալէպ… Մի հարցնէք ինչո՞ւ առանց դիմադրութեան, ոչ ոք գիտցաւ ինչու, ո՞ւր էր բանակը, ոստիկանուիւնը, վերջապէս ո՞ւր էին պետական մարմինները: Մէկ գիշերուան մէջ չքացեր էին, ոչ իսկ մէկ հատիկ փամփուշտ:
Հեռատեսիլէն ցոյց կու տան «Պասէլ Ասատ» հրապարակը, որ Հալէպի Արեւմտեան դարպասը կը նկատուի, փաթթոցաւոր, մօրուքաւոր զինեալներ կը պարեն, կը ցատքեն, գետինը կը համբուրեն եւ իրենց զէնքերէն փամփուշտներ կարձակեն դէպի երկինք: Յաջորդ օր արդէն հասած էին Սաատալլա Ճապրի հրապարակ, կեդրոնական նամակատան դիմաց, ապա հասան բերդ: Իրենց խանդավառ ցոյցերուն ընթացքին զինեալ մը Թուրքիոյ դրօշակը ցուցադրեց բերդի պարիսպին վրայէն:
Ըսին՝ «Շամի ազատագրութեան խորհուրդ» կազմակերպութիւնը եւ ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներն են, որոնց անունները չհրապարակուեցան սկիզբը, բացի քրտական «Սուրիոյ տեմոքրաթիք ոյժեր» կոչեցեալները, որոնք իրենց հսկողութեան տակ առին Հալէպի միջազգային օդանաւակայանը: Այս կազմակերպութիւնը Սուրիոյ հիւսիս արեւելեան նաֆթով հարուստ շրջանին վրայ կը տիրապետէ ԱՄՆ-ի հետ գործակցաբար:
Դէպքերը շատ արագ կը յաջորեն իրարու: Զինեալները կ՛ուղղուին դէպի հարաւ, նպատակ ունենալով գրաւել Համա քաղաքը, ընթացքին կը մտնեն Մաարրաթ Նուման (Ապու Ալ Ալաա Ալ Մաարրիի ծննդավայրն ու գերեզմանավայրը: Յաջորդը կը գրաւեն Խան Շէխունը ու կը հասնին Համայի մուտքին: Ըստ ենթադրեալ քարտէսին, Հալէպ նահանգին հարաւային սահմանը Համան է, քանի Հոմսը արդէն Դամասկոսի նահանգին մէջն է:
Երրորդ օրը Ռուսական-Սուրիական օդուժը կ՛անցնի գործողութեան, կը հրթիռակոծեն Հալէպի մուտքին հաւաքուած զինեալները, կը սպանուի 15 զինեալ: Յաջորդ մեծ հրթիռակոծումը կ՛ըլլայ Իտլիպի վրայ, որ վաղուց արդէն Ճապհէթ Նուսրային, ներկայ անունով՝ «Շամի Ազատագրման Խորհուրդ»ին կեդրոնն էր: Կռիւները 320 մեռեալ կ՛արձանագրեն, յաջորդ օրերուն սպանուածներուն թիւը հինգհարիւրը կ՛անցնի:
-Ասիկա ամերիկա-իսրայէլեան խաղ է… Հազիւ Լիբանանի հետ զինադադար կնքած՝ անցան Հալէպը գրաւելու:
-Արդէն ծախուած է, թէ չէ առանց դոյզն դիմադրութեան չէին կրնար Հալէպ մտնել…
-Շատոնց գծուած աշխարհի նոր աշխարհակարգի առաջին փուլն է…
-Սուրիան պիտի մասնատեն, արդէն քարտէսը կազմուած է՝ Հիւսիս-արեւմտեան մասը «Հալէպի նահանգ»՝ ընդդիմադիրներուն. Հիւսիս-արեւելեան մասը՝ Քիւրտիստան, հարաւը՝ Դամասկոսին: Ասոնց որքանը իրաւ է, որքանը սուտ՝ առայժմ յայտնի չէ: Խոստովանիմ որ լրատուական դաշտը այնքան խճողուած է տարատեսակ լուրերով, որոնք այնպիսի խճճված պատկեր մը կը ստեղծեն ակնդիր-ունկնդիրին համար, որ յստակութենէ շատ հեռու է, այնպէս որ մեր ըրածը ընթերցողին մօտաւոր իրավիճակի մը պատկերը հաղորդելն է:
Չորրորդ օրը կը սաստկանան հրթիռակոծումները Իտլիպի վրայ, հեռատեսիլէն ցուցադրուածները ուղղակի կը փշաքաղեն մարմինդ. ու կը մտածես, այս մարդիկը ձեր ընդդիմադիր թշնամիներն են, եթէ պիտի հարուածէիք զանոնք, ինչո՞ւ Հալէպն ու միւս երկրորդական քաղաքներուն պետական ու զինուորական մարմիններուն հրահանգեցիք լքել քաղաքն ու հեռանալ՝ եկուորներուն առիթ տալով որ ազատօրէն մտնելու եւ գրաւելու քաղաքը: Մարդ բան չի հասկնար:
Սուրիան յենած է Ռուսիոյ եւ Իրանի վրայ, որոնք շարունակեցին իրենց զօրակցութիւնը յայտնել Դամասկոսին, անոնց միացաւ Չինաստանը… Թուրքիան իր սովորական խաղը կը խաղայ, կ՛ըսէ՝ ես պատրաստ եմ հարցը կարգաւորելու եւ կռիւները դադրեցնելու համար միջամտելու: Մարդ ըլլայ անոր ըսող՝ նախ դո՛ւն քու գրաւած սահմանի երկայնքին հողերէն քաշուիր, յետոյ բարեկամաբար խօսիր: Տարիներ ամբողջ զինեալ կազմակերպութիւններն ու ահաբեկիչները հովանաւորեց, իսկ հիմա կ՛ըսէ՝ եղած իրադարձութեանց մէջ ես մատ չունիմ:
Յաջորդ օրերը ինչ նորութիւններ պիտ բերեն՝ յայտնի չէ: Կ՛ապրինք՝ կը տեսնենք ու կը գրենք յաջորդիւ:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ