Ճիշդ է այն խօսքը, թէ կէս ճշմարտութիւնը աւելի վտանգաւոր է, քան սուտը։ Սուտին ոտքերը կարճ են, շուտով կրնան բացայայտուիլ։ Կէս կամ մասնակի ճշմարտութիւնը աւելի տարածուն է, աւելի երկարակեաց։
«Պայքար»ի նախորդ յօդուածս կը զգուշացնէր, որ ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութիւնը նոր թափ ստացած է եւ ի տարբերութիւն նախկին վիճակին՝ վերջին շրջանին ընդգրկած է նաեւ մամուլի միջազգային հարթակները, ինչպէս BBC-ն եւ CNN-ը, ուր առանձին էջեր ունի տարբեր անուններով եւ ուղղուածութեամբ։ Անոնցմէ ամէնէն աշխոյժը AzerNews-ն է, որուն էջերուն ամէն օր կը հանդիպինք հակահայ ստոր քարոզչութեան։
Անոնցմէ մէկը նոյն լրատուամիջոցին վրայ յայտնուցեաւ մարտ 24-ին, հետեւեալ վերնագիրով. «Ահաբեկչութիւնը հայերու զինուորական ու քաղաքական մեթոտն է»։ (Pundit: Terrorism is military and political method of Armenians)։
«Մոսկուայի Crocus City Hall-ի նողկալի ահաբեկչական գործողութիւնը յետխորհրդային հանրապետութիւններու մէջ շատերուն յիշեցուց հայկական ահաբեկչական խումբերը։ Անոնք, որոնք այս բարբարոսական արարքը կը վերագրեն Հայաստանին՝ բազմաթիւ պատճառներ ունին այդպէս մտածելու։ Քանի որ հայերը միակ ազգն են յետխորհրդային տարածքին եւ աշխարհի շուրջ, որ հռչակաւոր են իրենց ահաբեկչական կազմակերպութիւններով, եւ ամենակարեւորը՝ անոնք հպարտ են անով»։
Հասկցուեցաւ կարծեմ, այս տողերով սկսող յօդուածին հեղինակ Քապիլ Աշիրովի բուն նպատակը ի՞նչ է- հայերուս անունը առնչել շուրջ 150 անմեղ զոհ խլած եւ աշխարհը ցնցած ահաբեկչական վերջին գործողութեան հետ, համաշխարհային հանրութեան կասկածը հրահրել հայութեան դէմ։
Փա՞ստ։ Աշիրովը չունի։ Պէտք ալ չունի։ Իրեն համար կարեւորը ընթերցողներու ուղեղին մէջ հակահայկական ժահր կաթեցնելն է, յոյսը՝ անոնց չիմացութիւնը եւ միտքի ծուլութիւնը։ Փաստի փոխարէն ազերի յօդուածագիրը իրարու ետեւէն դրուագներ կը շարէ անցեալէն, առանց հանգամանքները ներկայացնելու, անգամ մը եւս հաստատելով այն ասոյթը, թէ քաղաքական արկածախնդիրներուն վերջին ապաստանը պատմութիւնն է, Աշիրովի պարագային՝ կեղծուա՛ծ պատմութիւնը։
Դրուագներէն առաջինը կը վերաբերի Շուշիի 22 հազար հայ ազգաբնակիչները սպանդի ենթարկած Ֆաթալի Խան Խոյսքիի արդար պատիժը Հայկական վրէժխնդիր գնդակով։
Երկրորդը՝ Թուրքիայի պատերազմական նախկին նախարար եւ Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչներէն Էնվեր Փաշայի սատակեցումը Կարմիր բանակի հայ սպայ Յակոբ Մելքումովի արդար ձեռքով։ Ոչ մէկ բացատրութիւն, թէ ի՞նչ գործ ունէր Էնվերը Միջին Ասիոյ մէջ, պասմաճի ապստամբներու կողքին, ընդդէմ արդէն կարմիր Ռուսիոյ։ Երկրորդ՝ ինչո՞ւ Կ. Պոլիսէն, որ այդ օրերուն Մեծ Բրիտանիոյ գրաւման տակ կը գտնուէր, խոյս տուեր էր ան։
Երրորդը՝ անխուսափելի ASALA-ն՝ թուրք դիւանագէտներու եւ դեսպանատուներու դէմ իր՝ իսկապէս ահաբեկչական գործողութիւններով, ժամանակաշրջանի մը, երբ, անցեալ դարու 70-ականներուն, ամբողջ աշխարհը մոլեգնած էր, Պաղեստինեան օրինակով, յեղափոխական եւ ազատագրական պայքարի շունչով։ Ու դարձեալ աշիրովեան լռութիւն, թէ ի՞նչն էր պատճառը հայ երիտասարդ մարտիկներու ընդվզումին՝ Հայոց ցեղասպանութեան փաստի արհամարհումը մեծ պետութիւններու կողմէ։
Անշուշտ կայ նաեւ անխուսափելի յաջորդ դրուագը՝ Խոճալու (հայկական Իվանեան)։ Ալիեւներու եւ Փաշաեւներու նախիջեւանեան klan-ի կողմէ ընդդէմ Ադրբեջանի ղեկավար Մութալիպովի դէմ յօրինուած «ցեղասպանութիւն», որուն առաջին բացայայտողը եղաւ ինք՝ նոյն Մութալիպովը, շունչը Մոսկուա առնելէն անմիջապէս ետք։ Հայերուն ուղղուած մեղադրանք՝ զոր հերքուած է հազար անգամ…
Միով բանիւ, ազերիական հակահայ քարոզչական մեքենան կը շարունակէ գործել նոր սաստկութեամբ ու կը խոստանայ դրամի ուժով առաւել սաստկանալ։ Անիկա կրնայ ընդգրկել աշխարհատարած բովանդակ հայութիւնը, անվստահութիւն սերմանել տասնամեակներու ընթացքին մեր ժողովուրդին (ստեղծած ու վաստակած բարի համբաւի, պարկեշտ եւ ստեղծագործ քաղաքացի ըլլալու մի բարոյական ու նիւթական դրամագլուխին նկատմամբ)։
Մեր պարտականութիւնն է ստեղծել հակաքարոզչական արհեստավարժ մարմին մը, աւելի ճիշդ՝ հիմնարկ մը, դէմ դնելու եւ ի հարկին լռեցնելու վայրահաչ բոլոր բերանները։ Դժուար, նիւթական ու մարդուժի զոհողութիւն պահանջող հիմնարկութիւն մը, որուն ստեղծման համար պիտի ապաւինինք միայն մեր վրայ, զանց առնելով նաեւ թուրքերուն ուղեկից դարձած Նիքոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը։
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
Յատուկ «ՊԱՅՔԱՐ»ին
31.03.2024 թ.