Ամէն ամանոր կը մտածենք անցնող տարուան մասին, վերաքաղ մը կ՛ընենք սեւ ու սպիտակ օրերուն եւ աւելի լաւն ու բարին կ՛ակնկալենք յաջորդ տարիէն: 2023-ը փակելու վրայ ենք եւ հաշուեկշիռ մը ընելու ենք, տեսնելու համար, թէ ի՞նչ սեւ ու սպիտակ կէտերու արժանացաւ անցնող տարին ըստ իւրաքանչիւրիս հայեցակէտին: Բաներ կան, որոնք բոլորին համար նոյնն են, բաներ ալ կան, որոնք իւրաքանչիւրին համար տարբեր նիշերու արժանացած են: Մէյ մը ամփոփենք համաշխարհային կարեւոր իրադարձութիւնները, ապա՝ լուսարձակը դարձնենք մեր վրայ:
Ռուս-ուքրաինական պատերազմը իր երկրորդ տարին թեւակոխած էր ու երրորդն ալ հորիզոնի վրայ է, եթէ անշուշտ հրաշքով մը զինադադար չհռչակուի մինչ այդ: Այս «հրաշքով» բառը զգուշութեամբ կը գործածեմ, քանի որ ոչ մէկ գրաւական կայ մօտալուտ խաղաղութեան, այնքան ատեն որ երկու կողմերն ալ պատերազմը շարունակելու մասին կը խօսին, մէկը՝ պարտադրուած, միւսը՝ նպատակը չամբողջացուցած: Փաստօրէն, Ռուսիան կը կռուի տասնեակ մը մեծ պետութիւններու դէմ, որոնց միլիառաւոր դրամական եւ զինական օժանդակութիւնները թէեւ կը շարունակուին, սակայն արդէն որոշ տեղատուութիւն մը կը նկատուի որոշ երկիրներու կողմէ, դրամական օժանդակութեան սահման մը դնելու առաջարկով: Այդ երկիրները հաւանաբար չէին նախատեսած, որ այսքան կ՛երկարի պատերազմը ու տակաւին ալ պիտի երկարի: Որոշ պետութիւններ սկսան մտահոգուիլ անվերջ դրամ թափելով պատերազմի մը մէջ, որ վերջ չունի եւ իրենց նիւթական օժանդակութիւնները սկսան ազդել իրենց ֆինանսական կացութեան վրայ: 2024 նահանջ տարին ի՞նչ վերապահած է կռուող կողմերուն:
Հոկտեմբերին պայթած Պաղեստին- Իսրայէլ անակնկալ պատերազմը որպէս խարոյկ սկսաւ ու հրդեհներու վերածուեցաւ, երբ պաղեստինեան զինեալ կազմակերպութիւն «Համասը» աննախադէպ յարձակում մը գործեց Իսրայէլի վրայ եւ բաւական լուրջ վնասներ հասցուց ցարդ «անպարտելի» կարծուած Ցահալին: Իսրայէլի համար պատմական մահացու հարուած էր, ու պատասխանը եղաւ շատ անողոք, մարդկային ու պատերազմական բոլոր ընդունուած կանոններուն խախտումով, Կազայի մեծ մասը քարուքանդ ընելով 450.000 բնակելի միաւոր գետնին հաւասարեցնելով, 19000 զոհ, մօտ կէս միլիոն վիրաւոր եւ աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն պաղեստինցի գաղթական դարձնելով: Վրէժի այս ձեւը անընդունելի վայրագութիւն նկատուեցաւ, քանի որ պայքարը «Համաս»ի դէմ ըլլալով՝ զոհերուն ջախջախիչ մասը անմեղ քաղաքացիներ են, որոնց մէջ մեծ էր թիւը կիներու եւ երախաներու:
Համաշխարհային դատապարտութեան ալիքները ոչինչ փոխեցին կացութենէն: Իսրայէլի վարչապետը որոշած է ոչնչացնել «Համաս»ը, սակայն վերջինի ոչնչացման ոչ մէկ գրաւական կայ ցարդ: Կազայի մէջ թաղ առ թաղ խուժեցին իսրայէլեան բանակային միաւորները, պայթեցուցին նաեւ տասնեակներով ընդյատակեայ գետնուղիները, սակայն ցարդ չգտան իսրայէլացի գերիներուն կալանաւորման վայրերը: Գերիներու փոխանակումը կը կատարուի ատենը անգամ մը, սակայն դեռ մեծ թիւ մը կայ անյայտ: Ըստ Իսրայէլի վարչապետին, այս պատերազմը դեռ երկար պիտի տեւէ: Նայինք յաջորդ տարի ի՞նչ պիտի փոխուի:
Ազգային տեսանկիւնէ՝ այս երկու մեծ իրադարձութիւնները կը «նսեմանան» մեր կորուստին բաղդատած, դիտուած հայու աչքով: Կորսնցուցինք Ացախը, յանձնեցինք մեր թշնամիին, մէյ մը ենթարկուելով Եւրոպայի մեր բարեկամներու խորհուրդին, մէյ մըն ալ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան դաշինք կնքելու զոհասեղանին վրայ: Ըսուեցաւ ու դեռ ըսուելիք շատ բան կայ այս առթիւ, գլխաւորապէս որպէս ինքնապախարակում, որպէս ամօթի յուշարձան, ուր յանձման ամէն տարելիցին երթալու ենք եւ գլուխնիս անոր պատերուն զարնելու ենք, եթէ օգուտ մը ունի: Տակաւին օդէն կախուած այս խաբուսիկ խաղաղութեան դիմաց նայինք ինչե՜ր պիտի պահանջէ թշնամին, ի՜նչ ապազգայնացման գրաւականներ, ի՜նչ ստորակայական երեւոյթներ…
Այս կորուստին դիմաց երկու կարեւոր նուաճում, որոնք իրենց բարոյական ծաւալով չեն հաւասարիր Արցախի կորուստին, բայց մութին մէջ երկու մոմեր են. մին Նոպէլեան մրցանակակիր հայ երիտասարդ գիտնականը, միւսը՝ Հայսաթ կոչուած արբանեակը:
Վերջին րոպէին Ֆրանսիս Պապը Կաղանդի նուէր մը մատոյց կաթոլիկ աշխարհին՝ պաշտօնապէս արտօնեց օրհնել միասեռ ամոլները… Եկեղեցի մը, որ ապահարզանը կ՛արգիլէր, այսօր կ՛արտօնէ միասեռականներու ամուսնութիւնը…
Թող չարը երթայ, բարին գայ: Թող յաջորդ տարին իսկական խաղաղութեան տարի ըլլայ համայն աշխարհի:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ