Պատանին իր մեծհօրը կը հարցնէ. «Մեծհայրիկ, դուք ինչպէ՞ս կ՛ապրէիք ձեր ատենը առանց հեռատեսիլի, առանց համակարգիչի, առանց համացանցի, առանց գրպանի հեռախօսի…»: Տղա՛ս,- կ՛ըսէ մեծհայրը,- Իսկ դուք հիմա ինչպէ՞ս կ՛ապրիք առանց բարոյական արժէքներու, առանց ընտանեկան սրբութեան, առանց մեծի նկատմամբ յարգանքի, առանց ամօթի, առանց լրջութեան, առանց …», մեծհայրը տակաւին պիտի շարունակէր, բայց պատանին միջամտեց. «Ինչե՜ր կ՛ըսես, մեծհայրիկ, ատոնք ի՞նչ են»:
Այն հսկայ կամուրջը, որ կայ հին սերունդին եւ նորին միջեւ, զանոնք իրարու կապելու փոխարէն իրարմէ կը հեռացնէ երկու սերունդները, այդ կամուրջը կը դառնայ անեզր պարապութիւն մը, զոր լեցնել անհնար է: Այն բոլոր արժէքները, որոնք մարդու նկարագիրը կը կերտէին, կամաց-կամաց կորսնցուցած են իրենց իմաստն ու անհրաժեշտութիւնը, ժամանակը թօթափած է զանոնք ու անոնց փոխարէն յաջորդող սերունդներուն մէջ նոր ըմբռնումներ սերմանած: Նոր սերունդները մերկացած են այն բոլոր բաներէն, որոնք գեղեցիկ էին, բարի ու բարոյական էին: Յանուն ազատութեան համատարած մերկացում մը ծայր առած է, պարզապէս կաշկանդումներէ ազատելու համար: Ի՜նչ բարոյական արժէք, ի՜նչ սրբութիւն, ի՜նչ յարգանք, ի՜նչ սէր, երբ կայ սեռը, ո՞վ արգելքներ դրած է: Հաճոյքը ամէն ինչ է, ինչո՞ւ թմրանիւթ չգործածել, երբ հաճելի է: Յարգանքը աւելորդապաշտութիւն է, ինչո՞ւ ոտքի ելլել, երբ մեծ մը կը խօսի հետդ, ինչո՞ւ սիրային խօսքեր շարադրել, երբ կայ դիւրին ձեւը՝ ուղղակի անկողին:
Մերկացումը՝ արտաքին կեղեւը թօթափող, դէպի միջուկը, կորիզը, դէպի իսկական ու բնական գեղեցկութիւնը մէջտեղ հանող ազդակ չէ, ճիշդ հակառակը՝ մարդիկ վատն ու տգեղը թափելու փոխարէն, լաւն ու գեղեցիկը կը թափեն: Այսօր տգեղն ու անճաշակութիւնը կը տիրեն, նայեցէք մարդոց հագուածքին, սանրուածքին, դաջուածքներով ծածկուած մարմնին, պատառոտած ճինզերուն, կանացի լողազգեստներուն, որոնց վերի ու վարի կտորները հաւաքես, ծալլես, ոլորես, մատնոցի մը մէջ կը տեղաւորուին… տղոց մազե՞րը՝ Ճէնկիզ խանը կը յիշեցնեն, իսկ մարմինները՝ գծագրութեան տետրակ ըլլան կարծես, բնութեան շնորհած մաքուր մաշկը ինչպէ՞ս կ՛աղտոտեն: Լաւ որ սեւամորթները չեն հետեւիր, թէ չէ իրենց մաշկին վրայ ի՞նչ գոյնով գծելու ու ներկելու են, որպէսզի երեւի:
Մարդիկ մերկանալով կ՛ուզեն Ադամ-Եւայի օրերուն հասնիլ, կ՛ըսեն՝ Աստուած մերկ ստեղծած է մարդ էակը, ալ ինչո՞ւ ամչնալ ու ծածկուիլ: Ճիշդ է որ Աստուած մարդը մերկ ստեղծեց, բայց խելք տուաւ չէ՞ որ այդ մերկութիւնը ծածկէ, որպէսզի առաջքը առնէ գայթակղութեան: Արդեօք ի՞նչ կ՛ըլլար, եթէ մարդիկ հագուստով ծնէին, կամ ինչպէս որ ծնան, այդպէս ալ շարունակէին ապրիլ, աշխատիլ ու կեանքը վայելել. Իսկ ձմրա՞ն… ուրեմն Աստուած մարդու մարմինը ցուրտի դէմ պաշտպանող մուշտակով, կամ մազերու թանձր խաւով մը պիտի ստեղծեր, կորիլլաներու նման:
Լաւ, քիչ մը լրջանանք, խելք գործածենք, գիտնանք բարոյականութեան արժէքը: Մէյ մը ծնողները աչքէ անցուցէք, մէյ մըն ալ դպրոցները ու տեսէք, թէ տան եւ դպրոցին մէջ ի՞նչ կը քարոզուի, ինչպէ՞ս կը դաստիարակուի նոր սերունդը, ծնողք եւ ուսուցիչ ինչ գեղեցիկ բաներ կը սորվեցնեն երեխաներուն, յատկապէս կենցաղային, նիստուկացի հետ կապուած՝ պարկեշտութիւն, շրջահայեացութիւն, անկեղծութիւն, անկրթութիւններէ հեռու, մաքուր լեզու, հեռու հայհոյանքներէ եւ փողոցային բառապաշարէ: Յետոյ կու գայ փողոցը, կու գայ հեռատեսիլը, համացանցը, միլիոն տեսակ զիպիլով լեցուն գրպանի հեռախօսը ու կը չեզոքացնեն ծնողքին ու դպրոցին սորվեցուցած բոլոր բարեմասնութւինները: Վտանգաւոր կենսակերպը կը հրամցուի շաքարապատուած: Դիտեցէք ամենասիրուած ֆիլմերն ու սերիալները, թմրանիւթի նիրվանան, հաճո՛յք, հաճո՛յք, սեռային սանձարձակութիւններ, հաճո՛յք, հաճո՛յք, ազատութիւն կաշկանդումներէ, արեւմտեան բարքերու հետամուտ՝ նմանակում, ըմբոստութիւն աւանդական բարքերու դէմ, ազատութի՜ւն, եւ արդէն ցանցին մէջ է երիտասարդը, հետեւող, ընդօրինակող, ո՛չ անկախ եւ ո՛չ ստեղծագործ:
Բարեբախտաբար մեր մօտ տակաւին կը շարունակուին աւանդական դաստիարակութիւնն ու ըմբռնումները, մեր երկիրները աւելի պահպանողական միջավայր եղած են, մենք ալ նոյնը կը շարունակենք փոխանցել մեր զաւակներուն, սակայն երբեմն ներածուած բարքերը այնքան գրաւիչ կ՛ըլլան ու կը տարածուին, որ անխուսափելի բախումներու դուռ կը բանան երկու սերունդներուն միջեւ:
Զգօն ըլլալու է, թէ չէ համաշխարհայնացումը զոմպի կը դարձնէ մարդը:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ