Որքան պիտի փափաքէի, որ Էրտողանը, որ կը փորձէ վերականգնել Օսմանեան կայսրութիւնը, արաբական երկիրներուն կողքին, նաեւ իր աչքերը դարձնէ դէպի արեւմուտք եւ փորձէ ոտնատեղեր գրաւել մինչեւ Վիեննա երկարող ճանապարհին վրայ գտնուող երկիրներէն. չէ՞ որ թուրքերը մինչեւ Վիեննայի դռները հասած էին ժամանակին:
Թող արեւմուտքն ալ համը առնէ այս նկրտումներուն, թող արեւմտեան երկիրներն ալ տեսնեն թրքական առնաներկ դրօշակներուն ծածանումը իրենց քաղաքներուն մէջ, ինչպէս անոնք կը տեսնուին Սուրիոյ, Իրաքի, Լիպիոյ ու այս օրերուն ալ Լիբանանի մէջ:
Համատարած լռութիւնը կարգ մը մեծ պետութիւններու կողմէ Էրտողանի ոտնձգութիւններուն ի տես, կը զարմացնէ եւ կը զայրացնէ Թուրքիոյ ներխուժումէն տուժած երկիրներու ժողովուրդները: Ու կը շարունակուի օդին մէջ կախ մնալ հսկայ հարցման նշան մըՙ ինչո՞ւ արդեօք, ի՞նչ շահ ունին տեսնող ու լռող պետութիւնները, որոնք ուզեն, կամ ոչ, մեղսակիցի պիտակին պիտի արժանանան:
Եղեր, Թուրքիան իր ազգային անվտանգութեան սիրոյն, ինքզինքին իրաւունք կու տայ իր երկրին հարեւան ծովերուն վրայ հսկել, իմաՙ Սեւ, Միջերկրական, Եգէեական եւ նոյնիսկ յիշեալ ծովերուն հարեւան ծովերուն վրայ ալ, ինչպէս Կասպիցն ու Կարմիրը… Հետաքրքրականն այն է, որ ինք կորոշէ եւ ինք ալ կը գործադրէ, երբ ձայն հանող չկայ: Սուրիոյ հիւսիսը գրեթէ ամբողջութեամբ գրաւուած է իր կողմէ, ազատ ներթափանցում ունի Իրաքի հիւսիսը: Հիմա ալ բացէ ի բաց Լիպիա մղած է իր բանակին մէջ գործող սուրիացի «ընդդիմադիր» կոչուած դասալիք վարձկանները ու կը պատրաստուի Լիպիոյ մէջ զինուորական երկու խարիսխ կառուցել:
Չորս տարի առաջ իր դէմ եղած յեղաշրջումի փորձը ճզմելէն եւ բազմահազար քաղաքացիներ բանտերը լեցնելէն ետք, Էրտողան ամրացուց իր դիրքը եւ այդ յաջողութենէն գինովցածՙ աւելի ակնառու կերպով շարունակեց իր տարատեսակ ներթափանցումները զանազան երկիրներ:
Ծաւալապաշտական այս քաղաքականութեան մէջ հայկական սփիւռքը հարուածելու յատուկ ծրագիր մը սկսած էր ու կը շարունակէ ի գործ դնել: Սուրիոյ պատերազմէն օգտուելով, իր սնած ահաբեկչական խմբաւորումներու ձեռամբ սուրիահայ կեդրոններ հարուածելէ ետք, Երուսաղէմի հայապատկան կալուածները իւրացնելու ելած է: Վերջերս ալ, ինչ որ «Մարտիլական» (Հաւանաբար Մարտինցիական, Քամիշլիի մօտիկ թրքական Մարտին գիւղաքաղաքի մասին է ) կուսակցութեան ղեկավարին բերնով ամենալկտի որակումներով սպառնալիքներ տեղացուց հայերու գլխուն, սակայն անմիջապէս ալ հակահարուածը ստացաւ լիբանանահայութեան կողմէ:
Այս բոլորէն ետք, տակաւին «Սուլթանին» ձեռքը բռնող չկայ: Ցաւալին այն է, որ պարագաները կը ստիպեն, որ մարդիկ իրենց վստահութիւնը կորսնցնեն իրենց բարեկամներուն նկատմամբ: Սուրիոյ պատերազմին Ռուսիոյ մեծագոյն օժանդակութիւնը երկիրն ու իշխանութիւնը պաշտպանելու, իր արդիւնքը տուաւ, սակայն ոչ ակնկալուածին պէս: Իշխանութիւնը պահպանուեցաւ, սակայն երկիրը բզկտուեցաւ, որովհետեւ բարեկամ կարծուածը համաձայնութիւններ ունէր Թուրքին հետ, ինչ-ինչ հեռանկարներով: Սուրիոյ քաղաքական, կամ պատերազմական բոլոր որոշումները սկսաւ Մոսկուան տնօրինել: Սուրիական բանակը յառաջխաղացումներ կարձանագրէ Իտլիպի նահանգը ազատագրելու, իսկ անոր յաջողութեան ճամբուն վրայ յանկարծ արգելք կը դնէ Պուտինը, դարձեալ Էրտողանին հետ «առեւտուր» ընելով:
Սուրիական այն շրջանները, որոնք այսօր Թուրքիոյ հակակշռին տակ կը գտնուին, արդէն լրիւ թրքացած են: Ութսուն տարի առաջ սուրիական Ալեքսանտրէթը բռնակցուեցաւ Թուրքիոյՙ Ֆրանսայի օրհնութեամբ եւ դարձաւ Հաթայ: Վերջացած հարց է, որքան ալ Սուրիան չճանչնայ ու պահանջէ զայն: Նոյնն ալ պիտի կատարուի գրաւուած միւս շրջաններուն հետ ալ: Եւ այս բոլորըՙ աշխարհի աչքին առջեւ: Իսկ արդարութեան եւ դեմոկրասիի ջատագով Ամերիկան նոր նոր պատժամիջոցներով կուզէ ծունկի բերել եւ խեղդամահ ընել Սուրիան:
Մարդ ակամայ կը տարուի մտածելու, թէ անիմաստ է բարիին կառչիլ ու յուսալ, աշխարհը չարինն է, վկայ թուրքը, ազերին, Կորոնավիրուսը եւ ծունկին տակ սեւամորթ խեղդամահ ընող սպիտակամորթ ամերիկացի ոստիկանը: