Ուրբաթ, 14 Օգոստոս, 2026

ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ

ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Լիբանանի շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով նախորդ օրը կայացաւ խորհրդակցական հանդիպում Շրջանային վարչութեան եւ Թէքէեան մշակութային միութեան հիմնադիրներու մարմնին միջեւ: Զոյգ վարչութիւնները կը ներկայացնէին ընկերներ Յակոբ Գասարճեան, Յարութիւն Երկանեան, Յովսեփ Էմիրեան, Էտի Պահատրեան, Արտեմ Նանճեան, Մայք Վայէճեան, Նար Խաչատուրեան, Արտաւազդ Մելիքսէթեան եւ դոկտ. Աւետիս Տաքսէսեան: Ժողովին մասնակից դարձան նաեւ ԹՄՄ Ամերիկայի եւ Կանադայի կենդրոնական վարչութեան անդամՙ ընկ. Յակոբ Վարդիվառեանը, Շրջանային վարչութեան վարիչ-տնօրէն ընկ. Օհան Պոտրումեանը եւ «Զարթօնքի» պատասխանատուներէն ընկ. Սարգիս Սեֆերեանը:

Արծարծուեցան յատկապէս Լիբանանի շրջանակը յուզող եւ առհասարակ կուսակցութեան վերաբերող հարցեր: Հասկացողութեան մթնոլորտի մէջ գումարուած նման հանդիպումները որոշուեցաւ դարձնել յաճախակի: