Ամառը վերջ գտաւ, դպրոցները բացին իրենց դռները, իսկ աշխարհի չորս ծագերէն Հայաստան եկած այցելուներն ալ սկսան կամաց-կամաց վերադառնալ իրենց երկիրները: Այս ամրան Երեւանը անցնող տարիներէն աւելի բազմամարդ էր, աւելի ճիշդ՝ բազմահիւր, կամ բազմաուխտաւոր, քանի որ Երեւանը իսկապէս դարձած է սփիւռքահայերուն ուխտատեղին: Ժամանակին հայաստանցիները կու գային Հալէպ իրենց ազգականներուն այցելութեան, իսկ այսօր՝ սփիւռքահայե՛րը կու գան Հայաստան իրենց ազգականներուն այցելութեան, մասնաւորաբար Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Հայաստան ապաստանած, ապա կայք հաստատած ընտանիքներուն:
Երեւանի մէջ հալէպահայու տուն չկայ, որ հիւր չունենայ, բոլորն ալ սիրելիներ են, որոնք իրենց կարօտը առնելու համար ահագին գումար ծախսած են օդանաւի տոմսերուն համար, ոմանք բնակարան վարձած են անհաւատալի գիներով, ոմանք հիւրանոց իջած են, ոմանք ալ ազգականներու մօտ հանգրուանած, նայած հարազատութեան աստիճանին եւ վարձակալուած տան ընդարձակութեան:
Կարօտը առնելը շատ-շատ քանի մը ժամ, կամ քանի մը օր կը տեւէ, որմէ ետք կը սկսին տեղացի սփիւռքահայուն «չարչարանքի» օրերը՝ հիւրերը պտտցնել… Ինչպէ՞ս, Հայաստան գաս ու Էջմիածին ու Զուարթնոց չայցելե՞ս, Սեւանը չտեսնե՞ս, Գառնին, Գեղարդը… Իսկ որ ամենակարեւորն է՝ Երեւանի Վերնիսաժը… Օ~, Վերնիսաժը սովորական նուէրներու շուկայ չէ. Երեւանի Վերնիսաժը բացօթեայ ցուցասրահ է հայ վարպետներու ձեռային աշխատանքներուն. ուր մարդ կը շուարի ինչ գնէ, ինչ չգնէ, այնքան գրաւիչ են ցուցադրուածները. կը հիանաս հայ մարդուն վարպետութեան, որ սովորական փայտի կտորէ մը գեղեցիկ արձանիկ մը քանդակած է, միւսը՝ խեցեգործութիւնը հասցուցած գեղարուեստական չքնաղագեղ զարդաքանդակի: Ո՞րը թուել, ո՞րը մոռնալ: Այս տօթին քրտնակալած դէմքերով գնորդներն են, որոնք սակարկութեան մէջ են, մինչ զիրենք պտտցնող հարազատը համբերութեամբ կը սպասէ, որ սակարկութիւնը վերջանայ ու այցելութիւնն ալ իր աւարտին հասնի, որպէսզի տուն վերադառնան:
Եկողը արցակուրդի մէջ է, տեղացի դարձած ազգականը արձակուրդի մէջ չէ, պիտի աշխատի որ կարենայ տան ծախսերը ապահովել, տան վարձքը հասցնել ժամանակին: Հիւրին չես կրնար ըսել՝ «ես զբաղած եմ, դուք ձեր գլխուն ճարին նայեցէք», ամօթ է, չէ՞, իսկ տանտիկինները, որոնք երբեմն դուրսը կ՛աշխատին, երբեմն ալ տունը, եւ ստիպուած են հիւր ընդունիլ, չընդունիլ չըլլար, ուրեմն հեռախօսով ժամադրութիւն կ՛առնուի ու կարգի կը դրուին այցելուներն ու այցի ժամերը: ՄԷկ խօսքով՝ այս բաժինը, որքան ալ սիրով ու համբերութեամբ ըլլայ, ահագին ժամավաճառութեան ու յոգնութեան պատճառ կը դառնայ:
Երբեմն այցելուները ընտանիքի անդամներ են՝ ծնողք, քոյր, եղբայր եւ այլն, որոնց ընտանիքները բաժան-բաժան եղած են ու իւրաքանչիւրը տեղ մը ինկած է, սակայն կան ոչ մօտիկ ազականներ, կամ ընկեր-ընկերուհիներ, որոնք նոյն համարձակութեամբ կը վարուին ու հիւրընկալին հոգին կը հանեն:
Այս բոլորին կողքին հարազատներու վերամիաւորումը, նոյնիսկ ժամանակաւոր, այնքան յուզիչ է, այնքան ուրախալի: Որքան ալ այցելուներուն յօնքերը վեր թռին, «Այս ինչ գիներ են,- ըսեն,- կարծես Եւրոպա, կամ Ամերիկա ենք», թէեւ իրաւունք ունին, սակայն պէտք է հասկնան որ, եթէ ոչ ուրիշ բաներով, գոնէ վերամբարձ սղութեամբ Եւրոպային կը հաւասարինք…:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ