Խորունկ ցաւով իմացայ Ընկեր Օշին Լէոն Մոստիչեանի մահուան տխուր լուրը: Հարաւային Ամերիկայի հայութեան, բայց մանաւանդ պրազիլահայ գաղութի երեւելի ազգայիններէն էր ողբացեալը:
Տակաւին երիտասարդ տարիքին մասնակցած է ազգային-գաղութային կեանքին, մաս կազմելով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ղեկավար կառոյցներուն: Ան վերջին մոհիկանն էր այն սերունդին, որ աւելի քան կէս դար նուիրուած էր հեռաւոր Հարաւային Ամերիկայի հայագաղութներու ձեւաւորումին, ազգային-եկեղեցական եւ կուսակցական կեանքի աշխուժացումին, բայց մանաւանդ Սփիւռք-Հայրենիք կապերու ամրապնդումին:
Գաղութային թէ համազգային հարցերով ապրող, մտածող եւ տառապող հայ մարդն էր ան: Անձնապէս վաստակաւոր ընկերոջ հետ ծանօթանալու, համագործակցելու եւ մտերմանալու առիթ ունեցած էի 80-ականներուն, երբ իբրեւ խմբագիր կը պաշտօնավարէի Պուէնոս Այրէսի «Սարդարապատ» շաբաթաթերթին մէջ: Ան, Սան Փաուլոյէն ժամանելով՝ յաճախ կը մասնակցէր Հարաւային Ամերիկայի մեր Շրջանակի ժողովներուն: Երկու պատուական ղեկավարներու՝ Նահապետ Նահապետեանի եւ Օշին Մոստիչեանի ներկայութիւնը այդ ժողովներուն եւ ընդհանրապէս տեղւոյն գաղութային կեանքին, անմոռանալի էջեր կը կազմեն յիշողութեանս մէջ, հարստացուցած ըլլալով նաեւ հոգիս:
Այդ թուականներէն ի վեր մեր բարեկամութիւնը շարունակուած եւ աւելի քան ամրապնդուած էր հայրենիք կատարած իր յաճախակի այցելութիւններուն ընթացքին, ուր կը մասնակցէր Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի, Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներու թէ կուսակցական հանդիպումներու: Աւելի քան տասնամեակ մը ան իր ժամանակը, եռանդը եւ կարողութիւնները ի սպաս դրած էր Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի ծրագիրներու յաջողութեան:
Օշին Մոստիչեանը ճանչցած եմ իբրեւ հայրենասէր, նուիրեալ եւ ազնուական հոգիի տէր անձնաւորութիւն մը, գաղափարական ամուր սկզբունքներով, մի՛շտ յառաջադէմ գաղափարներով, կատակասիրութեան անգերազանցելի ձիրքով, եւ, մանաւանդ, իբրեւ անմիջական եւ հաճելի խօսակից: Տակաւին ականջիս կը հնչեն մեր հեռաձայնային վերջին խօսակցութեան ընթացքին իր արտայայտած լաւատեսական միտքերը, որով կը հաստատէր նաեւ, թէ յառաջիկայ տարի դարձեալ պիտի այցելէ Հայաստան, քանի մը տարուան բացակայութենէ ետք:
Ծանր այս կորուստին առիթով իմ խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեմ այրիին՝ սիրելի Տիկին Սիւզիին եւ զաւակներուն՝ Ալինին եւ Անտրէ -Լէոնին, հարազատներուն եւ մտերիմներուն:
Ընկեր Օշինին պայծառ յիշատակը մի՛շտ պիտի մնայ մեր սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի Օշին:
ՅՈՎԻԿ ԷՕՐՏԵՔԵԱՆ
Երեւան
«Զարթօնք», 08.08.2023
«Ազգ»ի խմբագրությունը միանում է ցավակցություններին: Մեր թերթի հնագույն աշխատակիցները բնավ չեն մոռանա 90-ականների նեղ ու դժվար օրերին Օշին Մոստիչյանի այցերը խմբագրություն՝ լեցուն ճամպրուկներով, նաեւ՝ զվարթախոհ եւ հուսադրող զրույցները աշխատակիցների հետ: