ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Եորք
Առաջին անգամ չէ, որ նիւեորքաբնակ ազգային բարերար տէր եւ տիկին Էդուըրդ եւ Կարմէն Կիւլպենկեաններն իրենց Փաունդ Ռիջի ապարանքէն ներս կը հիւրընկալեն հանրայայտ արուեստագէտներ: Տօնական օրերու նախօրէին Մեթրոփոլիթըն օպերայի եւ Նիւ Եորքի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի աստղեր յաճախ ուենցած են ելոյթ ընդարձակ եւ արուեստի գործերով հարուստ այս տան մէջ, ուր եկած է արուեստասէր լուրջ հասարակութիւն մը:
Այս տարի եւս, շարունակելով այս գեղեցիկ աւանդութիւնը, Կիւլպենկեանները հրաւիրած էին նախկին պոլսահայ եւ արդէն աշխարհահռչակ Անի եւ Այդա Գավաֆեան քոյրերը տալու իրենց ջութակի համերգը: «Մաունթ Քիսքօ համերգային ընկերակցութիւնն է որ կը հրաւիրէ երաժշտասէրները նման համերգի: Ըսենք նաեւ, որ ԱՄՆ նախկին նախագահ տէր եւ տիկին Բիլ եւ Հիլըրի Քլինթըններ մաս կը կազմեն այս համերգային ընկերակցութեանՙ ապրելով համանուն քաղաքին մէջ:
Յայտագրին դաշնակահարի ընկերակցութեամբ կը մասնակցէր Ջոնաթան Ֆելդմընը:
Յայտագիրն ունէր երկու բաժին. առաջին մասը նուիրուած էր Բախի (1685-1750) ստեղծագործութիւններէն` «Trio Onata in C major, BWV 1037 եւ Մորից Մոսքոուսքիի (1854-1925) Suite for Two Violins and piano in G Minor, Op. 71: Ըսենք որ Անին կը նուագէ «Ստրադիվարիու» ջութակով:
Կարճ դադարէ մը ետք, յայտագրին երկրորդ բաժինով ներկայացան Բոհուսլավ Մարդինուի (1890-1959) Sonata for Two Violins and Piano, H213, Բելա Բարթոքի (1881-1945) Selections from 44 Duos for Two Violins, BB104, Sz. 98, ու վերջապէս` Պապլօ դը Սարասաթեի (1844-1908) Navarra (Spanish Dance) for Two Violins and Piano, Op. 33:
Պէտք չունինք տալու եւ գրելու անոնց գեղարուեստական մակարդակին մասին. միջազգային մամուլն ու արուեստի քննադատները տարիներ առաջ գնահատանքով արձանագրած են արդէն անոնց կատարողական մակարդակը: Ամերիկայէն դուրս, արուեստի մեծ ոստաններու մէջ Անին ու Այտան արժանացած են արուեստասէրներու երկա~ր ծափողջոյններուն:
Այդ երեկոյ, այդ սալոնին մէջ, շրջապատուած մեր մեծ ծովանկարիչ Այվազովսկիի գործերով, ազգային հպարտութեան օր մըն էր որ հրամցուց հիւրընկալ զոյգը: Կիւլպենկեանները զարմիկներն են Գալուստ Կիւլպենկեանին: Անոնց հայրը բարերարն է Նիւ Եորքի առաջնորդանիստ Ս. Վարդան Մայր եկեղեցւոյ առաջնորդարանի համալիրին, որ կը կոչուի «Կիւլլապի Կիւլպենկեան» կեդրոն: Բարերարներն են նաեւ` Հալէպի «Կիւլպենկեան մայրանոցին»: Այսօր եւս անոնք իրենց նուիրատուութեամբ օգտակար կ՛ըլլան հայ դպրոցին, Թէքէեան մշակութային միութեան եւ մեր մամուլին:
Հոգեկան բաւարարութեամբ ներկաները վերադարձան տուն, պահելով այդ երեկոյթի քաղցր յիշատակները: