ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
«Պարոն Լեւոն, առէք այս հայերէն գիրքերը, թող ձեր զաւակները օգտուին, իմ թոռնիկներս Հոլանտա են, այլեւս հայերէն չեն կարդար»:
Այլեւս հայերէն չեն կարդար ու պիտի չկարդան, յետոյ խօսիլն ալ պիտի մոռնան, յետոյ հայ ըլլալնին ալ պիտի մոռնան… Եւ ինչո՞ւ պէտք է հարցը ողբերգութեան վերածել. այնքան պարզ ու յստակ իրականութիւն մըն է, զոր չընդունիլը, ծունկ ծեծելը աւելորդ եւ անօգուտ հակազդեցութիւններ են:
Երբ մէկը ծով կը նետուի, անհնար է չթրջուի: Ժամանակին ակամայ ինկանք այդ ջուրերուն մէջ, այսօր կամովին կ՛իյնանք: Ժամանակին, երբ խորշակը մեզ ցիր ու ցան ըրաւ, ուր որ ինկանք, շինեցինք ու շէնցուցինք եւ տարիներու թաւալումին հետՙ հայրենիքներու վերածեցինք զանոնք: Գուրգուրացինք մեր նոր հայրենիքներուն վրայ, մեր ինքնութիւնը ապահովող ամրոցներ կառուցեցինք, իսկ միւս կողմէ փայփայեցինք մեր պատմական, իսկական հայրենիքէն մնացած պատառիկին գոյութեան իրականութիւնը մեր սրտերուն մէջ, մինչեւ…
Մինչեւ որ աշխարհը տակնուվրայ եղաւ ու մարդկային այս «ցունամին» մեզմէ շատերը նետեց նոր ափեր. Հայաստան հաստատուողները չինկան այդ բարդոյթի ոլորապտոյտին մէջ, թէ, աւաղ, հայերէնը սկսաւ գունաթափիլ ու անկասկած պիտի չքանայ. քանի որ ո՞ւր պիտի ապրի լեզուն, եթէ ոչ իր հայրենիքին մէջ: Սակայն ծովերէն անդին ինկողները, արդէն դէմ առ դէմ կը գտնուին իրականութեան, իրականութիւն մը, որ ոմանց համար տխրեցուցիչ է ու ոմանց համար ալ անտարբերութեամբ ընդունուած:
Թող չկարծուի, որ հայրենիքէն հեռացողներուն գլխուն քարոզ պիտի կարդամ ու դատապարտեմ, ո՛չ, նպատակս այդ չէ: Կ՛ուզեմ միայն որ աւաղողները հասկնան, թէ Հայրենիքէն դուրս, լեզու, մշակոյթ, նոյնիսկ ինքնութիւն պահելը, յատկապէս այս ժամանակներուն, ոչ թէ դժուար է, այլ անկարելի: Հսկայ, ալեկոծ ծովերու մէջ, մակոյկով թիավարելու կը նմանի: Շրջապատը ամբողջ օտար եւ oտարալեզու, մշակոյթը ամբողջ օտար, ինչպէ՞ս կրնաս դիմադրել այդ բոլորին, ինչպէ՞ս կարելի է հոսանքին դէմ երթալ: Մեծահասակները գուցէ կարենան որոշ շրջան մը պահել, պահպանել իրենց հայկական դիմագիծը, սակայն յաջորդ սերո՞ւնդը. անհնար է:
Օտար երկրի մէջ, գիտակցաբար, հաւատքով, թէ պարզապէս որպէս չքմեղանք, հինին կառչած մնալու փորձերը պտուղ չեն տար. կարելի չէ երկկենցաղ ապրիլ. երկուքն ալ կը տուժեն.
Վերջապէս իրատես պիտի ըլլա՞լ, թէ՞ ոչ. Հայրենիքէն դուրս նոր կայք փնտռողները պէտք է ընդունին այս պարզ իրականութիւնը. բան մը շահելու համար, պատրաստ պէտք է ըլլան բան մը կորսնցնելու: Այսինքն, աւելի հանգիստ կեանքի պայմաններու սիրոյն, ազգային որոշ արժէքներէ պիտի հեռանան եւ իրենց զաւակներն ալ լրիւ պիտի օտարանան: Յումպէտս վատնուած փորձ է հայութենէ կառչիլ փորձելը «արհեստական» միջոցներով, ժամանակ մը ինքնագոհացում տալէ ետք, անոնք այլեւս ուժաթափ կ՛ըլլան եւ ենթական ալ պարտադրուած կապանքներէ կ՛ազատի ու ջուրերը կը սկսին հոսիլ իրենց բնական հուներուն մէջ:
Յոռետեսական մօտեցու՞մ է.
Երանի սխալած ըլլայի:
Հալէպ-Երեւան