Երեւոյթները զիս շատ կը հետաքրքրեն: Երեւոյթ ըսելով՝ տեսքի մասին է խօսքս, արտաքի՛ն, այսինքն երեւելի մասը որեւէ բանի: Օրինակ բնութեան երեւոյթները՝ երկինք, ամպ, ծառ ու ծաղիկ, մարդկային մարմիններ, հագուստ-կապուստ, դիմագծեր… Մէկ խօսքով՝ ամէն ինչ շրջապատիս մէջ: Երեւի ասիկա կարեւոր է գրողի մը համար, որպէսզի ենթադրութիւններու երթայ, վերլուծութիւններ ընէ, տպաւորուելով արտաքինէն՝ փորձէ անցնիլ ներքինին եւ հասնի եզրակացութեան:
Հոգեբան չեմ, սակայն կը հաւատամ, որ մարդոց արտաքինը շատ բան կը յուշէ անոնց ներաշխարհին մասին: Դիմագիծերն ու աչքերը, յատկապէ՛ս աչքերը, հայելին են հոգիին, հոգեվիճակին, նոյնիսկ բնոյթին ու բնաւորութեան:
Բնութեան երեւոյթները դժուար չէ յանգեցնել եզրակացութեան մը: Օրինակ՝ թխպոտ երկինք մը, նախանշանն է յաջորդելիք անձրեւին: Կամ ծառերուն ծաղկումը՝ գարնան գալուստին: Սա մարդուն խոժոռ դէմքը նշան չէ՞ անոր անտրամադրութեան, ծանր խնդրի մը տակ կքած ըլլալուն: Կամ ժպտերես այն աղջիկը, որ սիրոյ խօսքեր լսած է ու կը վազէ ընկերուհիի մը հաղորդելու ուրախ լուրը: Նայեցէք սա հանդիպակաց մայթին վրայ ոտքերը իրարմէ հեռու, մէկ ձեռքին հեռախօս, միւսին՝ ծխախոտ, խրոխտ կանգնած երիտասարդին. Վզին ոսկեայ շղթայ, մատին՝ ոսկեայ մատանի, վստահ որ կողքի շքեղ մեքենան ալ իրն է. ոչ միայն մեքենան, այլեւ կարծես ամբողջ աշխարհը իրն է: Ցուցամոլին մէկը չէ՞: Հաւանաբար ինք կը կարծէ, որ հմայիչ ու գրաւիչ է, մինչ լաւ կշռադատող անձ մը կրնայ հակառակ կարծիք ունենալ: Մարդոց մեծ մասը երեւոյթները չի տեսներ, կը նայի ու կ՛անցնի: Ես այդպէս չեմ:
Այս նախաբանը ըրի, որպէսզի պարզեմ բուն ըսելիքս: Ռուս-ուքրաինական պատերազմի առաջին օրէն կը նայէին երկու հակամարտ կողմերու նախագահներու արտաքինին: Բութինը անշեղօրէն ամէն օր մաս-մաքուր ածիլուած, գլխու սակաւ մազերը խնամքով սանրած, հագուածքը ՝ պաշտօնական, անթերի եւ ճաշակաւոր, քալուածքը յաղթական, իսկ դահլիճ մուտքը, երբ իր հասակին եռապատիկ բարձրութեամբ դռները կը բացուին, կարծես Ցարն է ներս մտնողը: Արդէն զինք Ռուսիոյ «նոր ցարը» կ՛անուանեն: Զինք սիրես կամ ոչ, անպայման կը տպաւորուիս իր անհատականութեամբ: Տեսնողը պիտի ըսէ, որ յաղթանակը գրպանը դրած սա ինքնավստահ մարդը ժամանակ կ՛անցընէ իր մթերած զէնքերը ռազմի դաշտ նետելով ու թիրախը քարուքանդ ընելով: Կարծես կատուին խաղն է մկան հետ, զայն չխժռած: Անոր թեթեւակի ժպիտը հաղորդական ու հանգստացնող չէ, անոր տակ թաքնուած նենգամտութիւն պիտի տեսնեն ուրիշեր: Ինք ալ անհաշիւ վնասներ ու զոհեր ունեցաւ, սակայն ընկճուածութիւն չի տեսնուիր երեսին: Ուժեղ է, ամբողջ Արեւմուտքի դէմ կը կռուի ու կանգ չ առներ:
Միւս կողմէ՝ Ուքրանիոյ երգիչ-նախագահը, իր խաքի, զինուորական պլուզով ու տաբատով, մազ-մօրուքն ալ ածելի կամ յատուկ խնամք չտեսած, գիշերները արթուն լուսցնող մտահոգ մարդու անժպիտ դէմքով, տարիէ մը ի վեր նոյն արտաքինով երկրին փլատակներուն վրայ ողբացող, անդադար Արեւմուտքէն սատար խնդրող երկրի մը, կամ այդ երկրէն ինչ-որ մնացած է, անոր ղեկավարն է, ընկճուած է, սակայն իր անգիր խօսքը կենդանի է ու կը խօսի առանց շուարելու ու կմկմալու: Խօսակցութեան հնչեղութիւնը ազդեցիկ է: Աս ալ ինքնավստահ է, մէջքը Արեւմտեան աշխարհին յենած, կը շարունակէ պայքարը, առանց յուսահատելու: Երկկողմ ուժերը հաւասար չեն, թէեւ օժանդակողները կը փորձեն հաւասարեցնել ի վնաս խաղաղութեան, ի շահ պատերազմին:
Ինծի հետ շատեր կրնան համաձայն չըլլալ. իրաւունք ունին, անոնք ուրիշ բան կը կարդան այդ դէմքերուն վրայ, քանի որ արտաքինը յաճախ խաբուսիկ կ՛ըլլայ: Չեմ կրնար այստեղ չյիշել արաբական աշխարհի երկու մեծ ղեկավարները, Սատտամ Հուսէյնն ու Մուամմար Գատտաֆին, որոնց տեսքն իսկ կը սարսափեցնէր թշնամիները, անոնց ունեցած նիւթական եւ զինական կարողութիւնները, անոնց յայտարարութիւններն ու սպառնալիքները ցնցիչ ու ահաբեկիչ էին. ի՞նչ եղաւ անոնց վերջը… Գետնին տակէն, գետնափոր ծակերէն հանեցին ու սպանեցին: Ո՞վ կը հաւատար…
Բութինը երրորդ աշխարհամարտի ռահվիրան պիտի դառնար, յաղթանակ տանելով Արեւմուտքի վրայ: Ի՞նչ եղաւ, միջազգային դատարանին կողմէ պատերազմի յանցագործ հռչակուեցաւ ու զինք կալանաւորելու հրահանգ տրուեցաւ: Բայց… կը յաջողի՞ն այդ բոլորը զինք Շէյքսփիրեան ողբերգական հերոսներու նմանակ դարձնել: Կ՛ապրինք, կը տեսնենք:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ