Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի լրատուական գրասենեակ
«Հրանդ Տինք» միջդպրոցական շարադրութեան մրցանակաբաշխութեան մասնակցելու նպատակով Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի հրաւէրով Պէյրութ ժամանած յայտնի գրող եւ իրաւաբան, Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատապաշտպան Ֆեթհիէ Չեթինը շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանահայ կրօնական, քաղաքական, հասարակական եւ մամուլի պատասխանատուներուն հետ, ամենուրեք արծարծելով Հրանդ Տինքի դատին, Հայոց ցեղասպանութեան, ներկայիս Թուրքիոյ մէջ ապրող իսլամացած հայերու եւ հայ-թուրք յարաբերութիւններու վերաբերող խնդիրներ:
Ընկերակցութեամբ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստի եւ հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի, տիկին Չեթին այցելեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Միջին Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին, լիբանանահայ երեք օրաթերթերուՙ «Ազդակ»ի, «Զարթօնք»ի եւ «Արարատ»ի խմբագրութիւններ, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ Տեմիրճեան կեդրոն, ուր ընդունուեցաւ ՀԵԸ Լիբանանի վարչութեան անդամներուն կողմէ: Սոյն հանդիպումներուն շնորհիւ տիկին Չեթին լաւապէս իրազեկուեցաւ լիբանանահայ համայնքի իրականութեան եւ յատկապէս անոր անսասան կեցուածքինՙ Հայ դատի ու հայ ժողովուրդի պահանջներուն տէր կանգնելուն նկատմամբ:
Հայկազեան համալսարանին մէջ տիկին Չեթին հանդիպում ունեցաւ համալսարանի անձնակազմին եւ ուսանողութեան հետ, այդ առիթով անոնց հետ քննարկելով Տինքի դատին եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող հարցեր: Նոյն նպատակին ծառայեց տիկին Չեթինի հանդիպումը Մեսրոպեան վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ: Այցելութեան առաջին օրը ան շրջեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի բոլոր բաժանմունքները եւ տեղեկացաւ վարժարանի գործունէութեան բոլոր երեսներուն: