Սիրելի հայրենակիցներ,
Այս պահուն, երբ գերութեան դարաւոր գիշերներէն յետոյ ազատութեան արշալոյսին շողերը կը սկսին նշմարուիլ մեր պաշտելի հայրենիքին վերեւ, եւ հայութիւնը կը պատրաստուի ողջունել Ամբողջական Հայաստանի անկախութիւնը, մեր ազգըՙ Կովկասէն մինչեւ Կիլիկիա, ամենուրեք կը գտնուի բնաջնջումի իրական եւ ահաւոր վտանգին առջեւ, եւ օգնութեան աղեխարշ կոչեր կը լսուին ամէն կողմէ:
Ես, սիրելի հայրենակիցնե՛ր, երբ քաջարի զինուորներուս հետ, անընկճելի յոյսով եւ հաւատքով, անհաշտ կռիւ կը մղէինք մեր թշնամիին դէմ, անձամբ ականատես եղայ այն անլուր տառապանքին, որուն մատնուած էին մեր ցեղին հուսկ յետին բեկորները: Թշնամւոյն ահեղ ուժը, իր անհամար գնդացիրներն ու թնդանօթները չէին կրնար երբեք սարսել ու երկիւղ ազդել մեր սրտին, բայց համատարած թշուառութիւնը, որ կը հետեւէր ու կը շրջապատէր մեզ, մերկ, անպատսպար եւ սովալլուկ որբերու եւ այրիներու սրտակեղէք ճիչերը, որոնք հարիւրներով իրենց աչքերը կը փակէին ամէն օր բրդուճ մը չոր հացի կարօտով, արիւնը կը սառեցնէր մեր երակներուն մէջ եւ սարսուռով կը պատէր մեզ:
Ազգային իշխանութիւնք եւ հաստատութիւններ լիուլի գիտակից են այս սպառնալից կացութեան: Ամենայն Հայոց վեհափառ հայրապետն ու Կիլիկիոյ շնորհազարդ կաթողիկոսը քանիցս կոչեր ուղղեցին հանուր հայութեան: Ձեզ ծանօթ են նաեւ Ազգային պատրիարքարանի օգնութեան ստիպողական հեռագիրները, ինչպէս նաեւ Փարիզի Ազգային համագումարին որոշումով Ազգային պատուիրակութեան պետ Վսեմ. Պօղոս Նուպարի բացած հանգանակութիւնն եւ ամբողջ ազգին ուղղեալ կոչը, եւ Հայ Հանրապետութեան նախագահ պրն Ա. Ահարոնեանի կոչը, որ դեռ վերջերս հրատարակուեցաւ հայ մամուլին մէջ:
Այս ամէնը մէկ բան միայն կը կրկնեն, մէկ բան կը հաստատեն, այն է թէՙ այսօր հայ ազգին ապագան առաւելապէս կախում ունի այն օգնութենէն, զոր կարելի պիտի ըլլայ անմիջապէս փութացնել Մեծ աղէտէն վերապրող հայութեան բեկորներուն, թէ ինչ որ չկրցան ընել թուրքին դժոխային ծրագիրներն եւ հուրն ու սուրը, կրնան ի գլուխ հանել անօթութիւնը, մերկութիւնն ու հիւանդութիւնը, եւ վերջակէտը դնել մեր բոլոր յոյսերուն եւ երազներուն, թէ ամէն վայրկեան որ կանցնի առանց օգնութեան, հարիւրաւորներ կը տանի մեր սիրելիներէն եւ կը խախտէ, կը քայքայէ Անկախ Հայաստանի հիմերը, եւ թէ հետեւաբար մեծ պատասխանատուութիւնը կը ծանրանայ հայութեան այն հատուածներուն վրայ, որոնք զերծ մնացին պատերազմի սարսափներէն, եւ այսօր ունին ապահով ու բարեկեցիկ վիճակ մը, որով իրենց անյետաձգելի պարտականութիւնն է անյապաղ օգնութեան ձեռք երկարել անոնց, որ դեռ կը տառապին եւ որոնք միակ յոյսը կը կազմեն մեր նահատակեալ ազգին:
Ազգային պատուիրակութեան նամակը
Ես երբ Փարիզ կը գտնուէի եւ կը պատրաստուէի զինուորական առաքելութեամբ հոս գալ, Ազգային պատուիրակութեան նախագահ վսեմ. Պօղոս Նուպար յատուկ պաշտօն յանձնեց ինձ Ամերիկայի մէջ եւս սկսիլ եւ ուժ տալ հանգանակութեան, եւ այս նպատակաւ հետեւեալ նամակը ուղղեց ինձ:
Փարիզ, 14 Նոյ. 1919
Մեծայարգ Ժեներալ Անդրանիկ,
Անդամ Զինուորական պատգամաւորութեան,
Սիրելի Ժեներալ,
Երախտապարտ պիտի ըլլամ Ձեզի, եթէ իբրեւ անդամ Զինուորական պատգամաւորութեան, Ամերիկա կատարելիք Ձեր ճանապարհորդութենէն օգտուելով բարեհաճիք զբաղիլ նաեւ մեր վերջին Ազգային հանգանակութեան խնդրով:
Սոյն հանգանակութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ ցարդ չի տուու, ինչպէս գիտէք, շատ գնահատելի արդիւնքներ. կը փափաքիմ որ բացատրէ՛ք մեր հայրենակիցներուն խնդրոյն որքան կենսական ըլլալը եւ անհրաժեշտութիւնը ամենուն համար մասնակցելու իրենց միջոցներուն ներած չափով այդ հանգանակութեան, որ պիտի թոյլատրէ Ազգային պատուիրակութեան մեր պատմութեան այս ամենաքրիտիքական եւ ամենավճռական վայրկեաններուն գոհացում տալու, գէթ մասամբ, ազգային անմիջական պէտքերուն:
Ազգային պատուիրակութիւնը յոյսը դրած է Միացեալ Նահանգներու մեր հայրենակիցներու առատաձեռնութեան եւ հայրենասիրութեան վրայ, հետեւաբար յանուն Պատուիրակութեան ամէն իշխանութիւն կուտամ Ձեզի միանալու այն ազգայիններուն, որոնք արդէն կը զբաղին հանգանակութեան խնդրով, նոր զարկ մը տալու համար անոր:
Հաճեցէք ընդունիլ, սիրելի Ժեներալ, յարգալից զգացմանցս հաւաստիքը:
Նախագահ Հայ Ազգային պատուիրակութեան
ՆՈՒՊԱՐ
Ես ալ, որ մօտէն տեղեակ էի կացութեան եւ աչքերովս տեսած էի, թէ ի՛նչպէս մեր աղէտեալ ազգայինները սատկած անասուններու դիակներուն վրայ կը թափուէին եւ անոնց ոսկորներն ու աղիքները կը յափշտակէին իրարու ձեռքէն, Եւրոպա ժամանելէս անմիջապէս յետոյ կոչով մը դիմեցի Ազգին, իսկ Անգղիա գտնուած միջոցիս, Մանչեսթրի եւ Լոնտոնի նաեւ հնդկաստանցի ազգայիններուն պարզեցի ամէն ինչ: Ձեռնարկուած հանգանակութենէն գոյացաւ 50,000 անգղ. ոսկի, 50,000 ոսկի ալ Բրիտանական կառավարութիւնը նուիրելով, այս գումարը կրկնապատկուեցաւ եւ զգեստեղէնի վերածուելով ղրկուեցաւ Կովկաս, ապահով միջոցներով կարօտեալներուն բաժնուելու համար:
Հանգանակութիւն
Հոս հասնելէս յետոյ փութով եւ ամէն բանէ առաջ ես նուիրական պարտականութիւն համարեցի այս յոյսով գործի ձեռնարկել: Ուրախ եմ, որ ամէն կողմէ գտայ թէ՛ տալու եւ թէ՛ գործակցելու պատրաստակամութիւն: Խորհրդակցութիւններ կատարուեցան Ազգ. Պատուիրակութեան լիազօր ներկայացուցիչ պրոֆ. Ա. Տէր Յակոբեանի, Հայ Հանրապետութեան առաքելութենէն պրն Յ. Քաջազնունիի եւ իր պաշտօնակիցներուն հետ, որմէ յետոյ հետեւեալ նամակն ուղղեցի Հայ Առաքելական եւ Աւետարանական եկեղեցիներու վարչութեանց, չորս քաղաքական կուսակցութեանց Ամերիկայի կեդր. մարմիններուն եւ Հ.Բ.Ը. Միութեան շրջանակային յանձնաժողովին:
Պոստոն, Դեկտեմբեր 16, 1919
Յարգելի Հայրենակիցնե՛ր,
Զինուորական առաքելութեամբ Ամերիկա այցելութեանս առթիւ Ազգային Պատուիրակութիւնը ինձ պաշտօն յանձնած է եւ խնդրած որ այստեղ յատկապէս զբաղիմ ազգային հանգանակութեան կարեւոր գործով:
Երկու Պատուիրակութեանց Ամերիկայի հայ գաղութին ուղղեալ առանձին կոչերը, եւ իմ կոչը, ցարդ չեն տուած ակնկալուած արդիւնքը:
Նկատի ունենալով Հայաստանի մէջ ծայրէ ծայր տիրող անպատմելի թշուառութիւնը, որպէս ազգային պարտականութիւն առաջադրած եմ իմ անվերապահ եւ բոլորոնուէր ծառայութիւնս տրամադրել անմիջապէս հանգանակութեան այդ գործին, որպէսզի այս պատուական ու զոհաբերող հայ գաղութին առատաձեռնութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը անգամ մը եւս արտայայտուի արժանաւորապէս եւ գոհացում գտնեն հայրենիքի ծով կարիքներէն գոնէ մաս մը:
Արդէն առաքելութեան անդամներէն պրոֆ. Տէր Յակոբեանի, Տիար Քաջազնունիի եւ Փաստըրմաճեանի հետ խորհրդակցութեամբ Նիւ Եորքի մէջ համաձայնած ենք, որ հանգանակութեան արդիւնքը իր նպատակին գործածուի հետեւեալ կերպով.
Ազգ. Պատուիրակութեան միջոցաւ 100ին 30ը Պոլսոյ պատրիարքարանին, 100ին 20ըՙ Կիլիկիոյ, 100ին 10ըՙ Հ.Բ.Ը. Միութեան ղրկուի, իսկ մնացեալ 100ին 40ը ղրկուի Հանրապետութեան կառավարութեան:
Այս հանգանակութեան մասն է նաեւ, որ հանգանակութեան ընդհ. արդիւնքէն $20,000 միանուագ ղրկուի Դաւրէժի (Թավրիզ) առաջնորդ Ներսէս եպս. Մելիք Թանգեանի, իբր նպաստ Սալմաստի եւ շրջակայից դպրոցներու կրթական գործին: Ասկից զատ, նկատելով որ երկար ատենէ ի վեր Կովկաս դուրսէն ապրանք չէ ներմուծուած եւ զգեստի վերաբերեալ բաներ դրամով իսկ գտնել կարելի չէ, որոշուած է, որ Հանրապետութեան կառավարութեան ղրկուելիք 100ին 40ով ասկից զգեստ եւայլն գնուի եւ ղրկուի:
Կարգադրուած է նմանապէս, որ Ազգային պատուիրակութեան միջոցաւ Պատրիարքարան, Կիլիկիա եւ Հ.Բ.Ը. Միութեան ղրկուելիք գումարները պիտի կրկնապատկուին ամերիկեան հաստատութեան մը կողմէ:
Ուստի Հայաստանի ժողովուրդին անունով կոչում կ”ընեմ Ազգային վարչական մարմնոց կարգին Ձեզի, որ բոլորդ հաւասարապէս նուիրէք ձեր անվերապահ աջակցութիւնը եւ գործօն վսեմ ծառայութեան բաժինը իմ նախագահութեան ներքեւ կատարուելիք ընդհ. հանգանակութեան անյետաձգելի գործին: Ուրախ պիտի ըլլամ ստանալով Ձեր հաստատական պատասխանը եւ գործակցութեան պաշտօնական խօսքը որքան հնար է շուտով:
Յարգանքի ողջոյններով մնամ`
ԱՆԴՐԱՆԻԿ
Այս նամակիս ի պատասխանՙ հանգանակութեան իրենց սրտագին աջակցութիւնը խոստացանՙ Հայ Առաքելական եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիները, Վերակազմեալ Հնչակեան եւ Ազգ. Ռամկավարական կուսակցութիւնները, եւ Հայ Բարեգործական Ընդհ. Միութիւնը:
Կարգադրութիւններ
Անյապաղ հանգանակութեան ձեռնարկելու համար եղած են հետեւեալ կարգադրութիւնները.
Ա.- Հանգանակութիւնը վարելու համար պիտի կազմուին երկու մարմիններ: Մէկը Պոստոն եւ միւսը Նիւ Եորք:
Բ.- Ամերիկայի Հայ Ազգ. միութիւնն ու Հ.Բ.Ը. Միութիւնը, ի պատասխան իմ առաջարկութեանս, իրենց ամբողջ կազմն ու մեքենականութիւնը սիրայօժար տրամադրած են այս հանգանակութեան:
Գ.- Միացեալ Նահանգաց, Քանատայի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ, ամէն ուր որ հայ կայ, պէտք է կազմուին Հանգանակիչ մասնախումբեր, անմիջապէս այս մասին հրահանգեր կը տրուին:
Դ.- Խիստ եւ կանոնաւոր հսկողութիւն ի գործ պիտի դրուի հանգանակութեանց վրայ, արտաքոյ կարգի ծախքեր պիտի չըլլան, եւ սովորական ծախքեր պիտի կրճատուին կարելի եղած չափով:
Պիտի հաստատուին կանոնաւոր տոմարներ, ուր պիտի արձանագրուին բոլոր նուիրատուներու անունը, մականունը (ազգանունը- խմբ.) եւ ծննդավայրը: Արձանագրութիւնք պիտի ըլլան մաքուր եւ երկու օրինակ: Մէկ օրինակը Կեդրոն պիտի ղրկուի ու գրքոյկով մը հրատարակուի, միւս օրինակը պիտի պահուի Մասնախումբին մօտ: Ով որ իր անունը չգտնէ, իրաւունք պիտի ունենայ դիմելու Կեդր. մարմնոյն ի Պոստոն:
Ե.- Ապառիկ նուիրատուութիւնք (խոստում- խմբ.) պիտի չընդունուին:
Ոմն անուան տակ նուէր պիտի չտրուի:
Զ.- Ուրախութեամբ կը յայտարարեմ, որ Ազգ. Պատուիրակութեան լիազօր ներկայացուցիչ պրոֆ Ա. Տէր Յակոբեանի ըրած մէկ կարգադրութեան համաձայն, հայ աղբիւրէ Հայրենիքի կարօտութեանց յատկացուած ոեւէ գումար պիտի կրկնապատկուի օտար հաստատութենէ մըՙ իբր յաւելեալ նպաստ նոյն նպատակին ու շրջանակին:
Վերջերս Նիւ Եորքի հինգ ազգայիններու կողմէ նուիրուած 65,000 տոլարը այս կերպով 130,000ի բարձրացաւ եւ պրոֆ. Ա. Տէր Յակոբեանի միջոցաւ հեռագրով ղրկուեցաւ Ազգ. Պատրիարքարան, որ ինչպէս յայտնի էՙ որբանոցներու եւ թշուառներու խնամատարութեան համար կը գտնուէր նիւթապէս ամենաանձուկ պայմաններու եւ գրեթէ շուարեալ վիճակի մէջ:
Ամէն հայ, որ կը մասնակցի հանգանակութեան, պէտք է նկատի ունենայ, որ իր նուիրած իւրաքանչիւր տոլարը այս կերպով պիտի բարձրանայ երկու տոլարի, եւ հետեւաբար կրկին չափով կարօտութիւն պիտի դարմանէ:
Միւս կողմէ մեր ցոյց տուած գուրգուրանքն ու զոհաբերութիւնը մեր իսկ արենակիցներուն թշուառութեան հանդէպ, ոչ միայն պիտի բարձրացնէ մեր ազգային համբաւը օտարներու առջեւ, այլ մանաւանդ ամէնէն զօրաւոր գրգիռը պիտի ըլլայ, որպէս զի անոնք կրկնապատկեն օգնութիւն փութացնելու համար իրենց ըրած ջանքերը:
Կոչ
Սիրելի Հայրենակիցնե՛ր,
Ամերիկահայ գաղութը ազգային ամէն տեսակ պէտքերու հանդէպ իր հայրենասիրութեան ու առատաձեռնութեան ապացոյցները ցոյց տուած է քանիցս: Վստահ եմ, որ այս անգամ եւս անիկա արժանի պիտի գտնուի իր համբաւին եւ ինքնիրեն եւ գերագոյն չափով ցոյց պիտի տայ իր զոհաբերութեան ոգինՙ ներկայ ճգնաժամային վայրկեաններու մէջ, լիաբուռն մասնակցելով հանգանակութեան:
Հետեւաբար ես կոչ կ”ընեմ Ամերիկայի բովանդակ հայութեան:
Յանուն անոնց, որ հայ ազատագրութեան պայքարին առաջին օրերէն սկսեալ մինչեւ այսօր, մանաւանդ վերջին չորս տարուան պատերազմի միջոցին, զէն ի ձեռին մարտնչեցան Անկախ Հայաստանի համար եւ շատեր իրենց պատուական արիւնով ոռոգեցին անոր Սուրբ Հողը:
Յանուն անոնց, որ չարչարուեցան ու նահատակ ինկան հալածանքի եւ տարագրութեան ճամբաներու, աքսորավայրերու, բանտերու մէջ եւ կախաղաններու վրայ:
Եւ յանուն անոնց, որ դեռ կը տառապին աննկարագրելի, անպատմելի աղէտներու եւ թշուառութեան ճիրաններուն մէջ, եւ որոնցՙ այդ հարիւր հազարաւոր որբերու եւ թշուառներու մէջ կը գտնուին վաղուան Հայաստանի զինուորները, մտքի եւ տնտեսութեան մշակները, մեր ցեղին բովանդակ հանճարը եւ մեր ամբողջ յոյսը:
Որպէսզի օգնութեան ազատարար ձեռքը կարկառէք իրենց, այսօր, այս ժամուն իսկ, որվոհետեւ արդեն ՈՒՇ է, եւ վաղը, գիտցէ՛ք, ՇԱՏ ՈՒՇ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ:
Կոչ կ”ընեմ ամէն կարգի ազգային հաստատութեանց ու կազմակերպութիւններու, նաեւ Որբախնամ, Կարմիր Խաչ եւ Համաքաղաքացիական միութիւններու եւ ընկերութիւններու եւ անխտիր ամէն հասակի ու դասակարգի, որպէս զի իւրաքանչիւրն իր կարողութեան լրիւ չափով մասնակցի հանգանակութեանց եւ իր աջակցութիւնն ընծայէ զայն կատարեալ յաջողութիւն մը ընելու համար, վստահ ըլլալով որ հանգանակութենէն գոյացած գումարները ապահովագոյն միջոցներով եւ խղճմտութեամբ պիտի յատկացուին գէթ մասամբ ամոքելու ազգին ծովացեալ տառապանքը:
Հայրենակիցնե՛ր,
Եթէ հաւատք ու իղձն ունիք հայ ազգին ապագային եւ Անկախ Հայաստանի համար,
Եթէ կը յարգէք Ազատութեան համար ինկած նահատակներու յիշատակը,
Եթէ չէք ուզեր պատասխանատու մնալ ձեր խղճին ու պատմութեան առջեւ,
Տուէ՛ք, առատօրէն տուէ՛ք, եւ մի զրկէք զձեզ ազգին վերջին բեկորներուն, մեր նահատակներու թանկագին աւանդներուն օգնելու պատիւէն:
ԱՆԴՐԱՆԻԿ