Աշխարհի զանազան քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցող հակապետական ցոյցերը միայն հեռատեսիլի պաստառէն դիտելով է, որ իրազեկ կը դառնայինք անոնց իսկութեան, պատճառներուն, ոստիկաններու բրտութեանց, ցուցարարներու պայքարին, ջրցան մեքենաներով եւ արցունքաբեր ռումբերով ցուցարարները ցրելու ճիգերուն. ցոյցը շահագործելով, վաճառատուներու ապակիներու ջարդին ու թալանին. ցոյցը իրենց նպատակին ծառայեցնելու միտումով պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսալ փորձողներուն:
Ցոյցեր ալ եղած են նաեւ, տուեալ երկրի իշխանութեան կազմակերպութեամբ, յատուկ ուղղուածութեամբ, ուր մասնակիցները կամայ թէ ակամայ, երկրի իշխանութեան ի նպաստ լոզունգներով շրջած են, կամ ալ արտաքին հասցէի մը ուղղուած քննադատական ելոյթներով:
Այսպէս եղած էին Խորհրդային-Սոցիալիստական երկիրներու եւ անոնց համակիր, կամ անոնց նմանակել փորձող երկիրներու մէջ:
Մեր երկրին մէջ ցոյցերը արգիլուած ըլլալուն, կը դիտէինք ուրիշ երկիրներու մէջ պատահածները ու կը ցաւէինք, մասնաւորաբար, երբ ցոյցը կ՛ըլլար արիւնոտ եւ կ՛աւարտէր զոհեր ձգելով «պատերազմի» դաշտին վրայ:
Ամենազարգացած ու ժողովրդավարական երկիրներն իսկ, յատուկ մարզուած ոստիկանական ջոկատներով յարձակում կը գործէին ժողովուրդին վրայ, մարդոց քաշքշելով, բրածեծ ընելով ու երբեմն ալ սպաննելով: Դեմոքրասին իր մութ երեսն ալ ունի պայծառ երեսին կողքին. երկսայրի սուր է. ազատութիւն ըսուածը իր վնասներն ալ ունի:
Սակայն այս մեր գիտցածներէն շատ տարբեր բաներ տեսանք, երբ հետեւեցանք Երեւանիՙ ելեկտրականութեան թանկացման դէմ կազմակերպուած ցոյցերուն: Սուրիահայերը տակաւին ժամանակ կ՛ուզեն որպէսզի լրիւ միաձուլուին եւ «տեղացի» դառնան, ատոր համար ալ բաւարարուեցան հեռատեսիլէն հետեւելու անցուդարձերուն, առանց ցուցարարներուն խառնուելու, քանի որ երբեք չէ պատահած, որ անոնք ընդդիմանան իրենց պետութեան, ոչ միայն ելեկտրականութեան 16,5% թանկացման, այլ երբ ամէն ինչ հարիւրապատիկ սղած է:
Իսկ անոնք որ հետաքրքրութենէ մղուած մտան ցուցարարներուն մէջ, այնպիսի հետաքրքրական բաներու հանդիպեցան, որոնց մասին չէին իսկ երազած: Այսքան քաղաքակիրթ, խաղաղ, սիրալիր մթնոլորտ չէին պատկերացներ: Երիտասարդութիւնը իր տարերքին մէջ էր ու իր յուզումը կը դրսեւորէր ոչ միայն զուսպ կոչերով, այլեւ երգերով, պարերով, սայլակներու մէջ իրենց երեխաներով, ինքնակամ հիւրասիրութիւններով, ուտելիք, խմելիք ու միրգ բաժնելով մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը ցոյցը շարունակողներուն:
Մեր ոստիկաններն ալ իրենց պահուածքով, իրենց պաշտօնի գիտակցութեամբ ու այս ժողովուրդին անքակտելի մէկ օղակը ըլլալու հաստատ հաւատքով, այնքան հաճելի ներկայութիւն էին ու բնաւ չէին խանգարեր համերաշխ մթնոլորտը:
Առաջին օրուան տգեղ ու դառն պատահարները, յաջորդող օրերուն չքացեր էին. հոսող ջուրը դուրս մղած եր անմաքրութիւնները ու անմիջապէս առաջքը առնուած էր պատեհապաշտ արկածախնդիրներուն:
Եւ անզգալաբար մեր դէմքերուն ժպիտներ ծաղկեցան ու մեր սրտերուն մէջ հաճելի խլրտում մը զգացինք: Մեր տղաքն ու աղջիկներն են, մեր աննման երիտասարդութիւնը, որ քաջ վստահ է, թէ այս երկիրը իրն է, պատմութենէն իրեն ժառանգ ձգուած այն գանձն է, որուն հսկողութիւնը իրեն վստահուած է, որուն բարօրութիւնը եւ բարգաւաճումը իր վզին պարտքն է. որուն ապահովութիւնը, որուն սահմանները անբռնաբարելի պահելը իր սրբազնագոյն պարտականութիւնն է:
Այսպիսի երիտասարդութիւն ունեցող երկիր մը աներկբայօրէն հաստատաքայլ կը կերտէ իր պայծառ ապագան: