ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Ծննդեան 90-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ
Վավերական բարերար եւ բարեգործ, իսկական ազգային դեմք, որը գիտի ազգային կարիքների համար ոչ միայն իր փողը տալ, այլեւ ժամանակն ու եռանդը: Բարեգործ ընտանիքի ու գերդաստանի զավակ, ինչպես իր հանգուցյալ եղբայրներըՙ Կարպիս եւ Նուբար, ինչպես ողջ ընտանիքը, գիտի տալՙ առանց որեւէ ակնկալությանՙ պատիվ, տիտղոս կամ խոնարհում: Նազար Նազարյանը ազգային տիպար է. տասնամյակներ արդեն նա ՀԲԸՄիության Կենտրոնական վարչության հիմնական ու հիմնարար անդամն էՙ ոչ միայն որպես գանձապահ ու փոխնախագահ, այլեւ որպես մի ներկայություն, որն իր մեջ կրում է Պողոս Նուբարով, Գ. Գյուլբենկյանով, Գարակյոզյանով ու Ա. Մանուկյանով հաստատված եւ ամրապնդված պատմական ավանդույթ ու ժառանգություն: Առաջիկա կիրակի օրը, օգոստոսի 2-ին, Նյու-Ջերսիում նշվելու է այս մեծ մարդու 90-ամյակը: Միանում ենք այդ առթիվ հնչելիք բոլոր անկեղծ շնորհավորանքներին ու բարեմաղթություններին:
«Ազգ»
Անցնող աւելի քան քսան տարիներուն Նազար Նազարեանի անունը ամէնուրեք դարձաւ հոմանիշ անսակարկ նուիրումի, հոգատարութեան, հայրական գուրգուրանքի, սրտբաց հետաքրքրութեան եւ իշխանական նուիրատուութեան, ամրօրէն կապուելով ազգային, կրթական, եկեղեցական, բժշկագիտական, բարեսիրական ու հրատարակչական բնագաւառներուն հետ: Մնալով առաջնորդող դէմքերէն հայութեան նախամեծար բարեսիրական կազմակերպութեան` Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, ան իր բարերարի ձեռքը երկարեց ազգային գրեթէ բոլոր մեր կառոյցներուն, Սփիւռքի թէ Հայրենիքի մէջ:
Օգոստոս 2ին, Նազարեան գերդաստանի անդամները, բարեկամները, հայրենակիցները, գործակիցները հաւաքուած պիտի նշեն ազգին մեծ բարերարին` Նազար Նազարեանի 90ամեակը, իր բնակավայրի` Նիւ Ճըրզիի մէջ: Անոնք պիտի հաւաքուին իրենց երախտագիտութեան զգացումները յայտնելու եւ շնորհաւորելու իրեն մաղթելով արեւշատ եւ առողջ տարիներ:
Նազար Նազարեան արժանացած է մեր եկեղեցւոյ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ», մեր պետութեան «Մովսէս Խորենացի», ինչպէս նաեւ` Միացեալ Նահանգներու «Էլլիս Այլընտ» բարձրագոյն շքանշաններուն: Սակայն ատկէ աւելին` անտարակոյս արժանացած է հայ ուսանողին, համալսարականին, միութենականին, մտաւորականին, հոգեւորականին, գրողին, խմբագրին ու նաեւ` գաղափարական մարտիկին անսահման ու անսակարկ երախտիքին: Իր աւելի քան 60 տարիներու ազգային լայն հետաքրքրութեանց շրջանին ծանօթ է եղած մեր իւրաքանչիւր հաստատութեան, միութեան, եկեղեցիին, կազմակերպութեան, դպրոցին ու թերթին ցաւերուն եւ ծրագիրներուն եւ ջանացած է իր ազնուափայլ տիկնոջ` մեծ հայուհիին` տիկին Արտեմիսին հետ հասնիլ ամէնուն: Սակայն աւելի կարեւորը` խոր համոզումով եւ այն գիտակցութեամբ, թէ մեր ազգային հաստատութիւնները կը կատարեն բացառիկ գործ ազգապահպանման եւ հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ:
Պարոն Նազար Նազարեանի կատարած բարերարութիւններու թուարկումը թողելով ուրիշ առիթի, որդիական պարտականութեամբ մը կ՛ուզեմ քանի մը մտերմիկ պահեր թուղթին յանձնել. այդ կ՛ընեմ տասը տարիներ մնայուն կերպով իր հաստատութեան մէջ ծառայած ըլլալով ու զինք մօտէն ճանչնալով, իր ուրախ ու տխուր պահերը բաժնելով, իր առանձնութեան պահերուն իրեն խօսակից դառնալով, ընտանեկան իր հաւաքոյթներուն մասնակից դառնալով:
Անվերապահ յարգանքը Մայր աթոռի նկատմամբ
Նախ պէտք է ըսեմ, որ Նազարեան ունի մեծ յարգանք հայ հոգեւորականին նկատմամբ: Անոր յարգանքը սկսած է դրսեւորուիլ Ամերիկայի նախկին առաջնորդ ու Երուսաղէմի ընտրեալ պատրիարք Տիրան արք. Ներսոյեանէն (Նազարեաններու նման ինք եւս բնիկ այնթապցի): Ան որպէս ընտանեկան բարեկամ քաջալերած է Նազարը մասնակից դառնալու ազգային եկեղեցական կեանքին: Իր գրասենեակը միշտ բաց է եղած արտասահմանէն այցելող ամէն հոգեւորականի առջեւ` յաճախ բանալով անոնց նաեւ իր գրպանը` երբ եղած է որեւէ դիմում ու խնդրանք:
Այսպէս, իր մօտ այցելութեան բերած եմ Կ. Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Շնորհք արք. Գալուստեանը, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեանը, Վիեննայէն Մեսրոպ արք. Գրիգորեանը, Արեւելեան թեմի առաջնորդ ու ապա Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Թորգոմ արք. Մանուկեանը եւ այլ հոգեւոր հայրեր: Միշտ ալ ուզած է, որ ես ներկայ գտնուիմ իր այդ հանդիպումներուն, կարենալ արձանագրելու համար կարգ մը մտածումներ: Անոնց մեկնումէն ետք, յաճախ նիւթ դարձուցած է անոնց խնդրանքները… երբեմն թերահաւատութեամբ թէեւ մօտեցած է անոնցմէ ոմանց, սակայն միշտ կարեկցելու մտահոգութեամբ կատարած է իր խոստումները: Իւրաքանչիւր այցելութենէ ետք, մոռցած իր առօրեայ առեւտրական աշխատանքը, կը փակէր իր գրասենեակին դուռը եւ ցաւ կը յայտնէր «մեր աղքատ ժողովուրդին» համար…:
Իրեն համար, ինչպէս իր գերդաստանին, Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը մնայ հաւատքի մեր կեդրոնը, նախամեծար Սուրբ աթոռը եւ անհուն յարգանք ունէր Վազգէն Առաջին Հայրապետին նկատմամբ: Օր մը կ՛ըսէր, որ եթէ մեր կաթողիկոսը իր գրասենեակը այցելութեան գար… «ինչ որ պիտի ուզէր կրկնապատիկ կը խոստանար տալ»: Եւ իրապէս ալ, տարիներ ետք ան իր մեծագումար նուիրատուութեամբ Ս. Էջմիածնի մայրավանքէն ներս բարձրացուց Մայր աթոռի վարչական արդիական ու ընդարձակ շէնքը իր զանազան բաժանմունքներով, ինչպէս նաեւ` իր բարերարութեամբ մասնակցեցաւ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի բազմածախս շինարարական գործին:
Մնայուն յարգանքը ազգային հասարակական գործիչին նկատմամբ
Պարոն Նազարեան մեծ յարգանք ունէր մեր ազգային գործիչներուն նկատմամբ, որ նոյնպէս եւս կու գար ժառանգուած իր հօրմէն ու եղբայրներէն:
Առաջին հերթին մի՛շտ անվերապահ յարգանք ունեցած է Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան երկարամեայ ատենապետին` պրոֆ. Բարունակ Թովմասեանին նկատմամբ, որ Պէյրութի Ամերիկյան համալսարանին մէջ իր ուսանողութեան տարիներուն շրջան մը եղած էր իր դասախօսը: Թովմասեան երկա~ր տարիներ որպէս վարչական գործակցած է հօր` Լեւոն էֆենտիին, եղբայրներուն` Կարպիսին ու Նուպարին հետ ՀԲԸՄի եւ Հայ Երիտասարդաց ընկերակցութեան եւ քրոջ` Մարիի ամուսնոյն` Բիւզանդ Մարգարեանի հետ: Յաճախ կը յիշէր Լիբանանի 1958ի քաղաքացիական պատերազմի օրերու տխուր եղբայրասպան միջադէպերը, երբ Նուպար անարգ ոճիրով մը մազապուրծ կրցած էր ազատիլ եւ Բ. Թովմասեանի կարգադրութեամբ ապահովուած էր այնուհետեւ անոր կեանքը: Նոյնպէս, կը յիշէր հօր հեռացումը Պէյրութի Ս. Նշան առաջնորդանիստ մայր տաճարէն, երբ ան պաշտպանել ջանացած էր Ս. Էջմիածնի հանգամանքը:
Իր յարգալիր վերաբերմունքը ունեցած է նաեւ Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանին նկատմամբ: Թէքէեան մշակութային միութեան Նիւ Եորքի «Ուալտորֆ Աստորիա» գումարուող պատգամաւորական ժողովին անպայման ուզած էր ներկայ գտնուիլ, իմանալով որ Մեթր Սեդրակեան այդ օր պիտի ըլլար օրուան բանախօսը, եւ քաջալերած էր Լուիզ Սիմոնը, որպէսզի ինք եւս ներկայ գտնուէր:
Նազարեան միշտ ալ մնաց յարգալիր ՀԲԸՄի թէ ՌԱԿի պաշտօնէութեան նկատմամբ: Յաճախ կ՛ուզէր, որ զինք հեռաձայնով կապեմ պարոն Ալեք Մանուկեանի անձնական քարտուղարին` Երուանդ Ազատեանին հետ, Տիթրոյթ, «խապար»ներ առնելու: «Հելէ ըսէ նայինք»ով… ան կը սկսէր իր հեռախօսային զրոյցը: Մի՛շտ կը յարաբերէր ՀԲԸՄի օրուան ընդհանուր տնօրէնին` Մ. Հայկենցին հետ: Ի միջի այլոց շատ յաճախ կը փափաքէր, որ ես անձամբ կատարէի դէպի օդակայան կամ վերադարձ դէպի տուն ծառայութիւնը, որովհետեւ ունէր ծարաւը հաղորդելու իր անմիջական մտածումներն ու զգացումները սա կամ նա հարցին կամ մարդուն մասին: «Ըսէ՛ նայինք, Յակոբ, ի՞նչ կը խորհիս…», ու ճամբան կը դառնար հաճելի: Անշուշտ որ ան արդէն կազմած էր իր միտքը արծարծած հարցերուն նկատմամբ, բայց կ՛ուզէր ամրապնդել զանոնք: Ու եթէ շատ միջամուխ ըլլայի, իր նազարական յայտնի արտայայտութեան զոհը կը դառնայիՙ «հելէ կէթ»…:
Մի՛շտ բարձր նկատած է Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանի` գիտնականին եւ կուսակցական ղեկավարին ներկայութիւնը ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչութենէն ներս: Անոր աշխատանքը կրթական մարզէն ներս, Մոնթրէալի մէջ հիմնած Միութեան վարժարանին, «Ապագայ» շաբաթաթերթին, Թէքէեանի եւ Առաջնորդարանի մէջ կատարած եզակի դերին համար գովասանքով արտայայտուած է զանազան առիթներով: «Է՜… տեսէ՛ք, ռամկավարները Կէօնճեանի նման մա՛րդ ունին, դո՛ւք ի՞նչ ունիք…»:
Մայրը` տիկին Սաթենիկ, բնիկ արաբկիրցի ըլլալո՞ւն համար, թէ՞ այլապէս, միշտ յարգալիր է եղած «Պայքար» օրաթերթի երկարամեայ խմբագրին Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեանին նկատմամբ: Արդէն գրեթէ տարեկիցներ են անոնք:
Ու այսպէս երկար է շարքը անոնց, որոնց հանդէպ ան ցուցաբերած է մնայուն յարգանք:
Սէրը հանդէպ հայ գրողին
Մեր տունը մի՛շտ բաց է եղած հայ գրողին ու մտաւորականին առջեւ: Նազար Նազարեան կ՛իմանար անոնց ժամանումը, եւ կէսօրէ ետքերը կ՛ուզէր անոնց հանդիպիլ: Կ՛ընդառաջէի: Նազարեանի գրասենեակի հիւրեր են եղած` հայրենիքէն` Սերօ Խանզադեան, Վարդգէս Պետրոսեան, Զօրի Բալայեան, Շահէն Խաչատրեան, Լուսինէ Զաքարեան, Պելլա Դարբինեան, Յովհաննէս Պատալեան, պրոֆ. Գէորգ Խրլոբեան, նկարիչներ` Յակոբ Յակոբեան, Սարգիս Մուրատեան: Սփիւռքէն` Կարիկ Պասմաճեան, Թորոս Թորանեան, Գրիգոր Նորիկեան, Փոլ Կիրակոսեան, Սիմոն Սիմոնեան, Վահէ-Վահեան… ու դեռՙ Մ. Նահանգներու զանազան շրջաններէն գրողներ ու մտաւորականներ:
Երջանիկ կը զգար ան այդ մտերմիկ խոսակցութեանց մէջ: Արեւելահայերէնի իմացութեան դժուարութեան պատճառով յաճախ կը դառնար ինծի. «Ի՞նչ կ՛ըսէ… մաքուր հայերէնով ինծի ըսէ նայիմ»: Ինչպէ՞ս բացատրէի…: Ինք ալ գիտէր, որ խօսակցութեան եթէ կէսը իմանարՙ արդէն հասկցած կ՛ըլլար նիւթը: Նոյնը` երբ զանազան երկիրներէ յաճախորդներ գային ու արաբերէն, սպաներէն, փորթուգալերէն, յունարէն, իտալերէն ու նոյնիսկ ֆրանսերէն խօսէին. Նազար զանոնք կը հասկնար:
Վերջին տարիներուն բարեկամական սիրով կապուեցաւ ՀՀ ՄԱԿի մշտական ներկայացուցիչ ու դեսպան Կարէն Նազարեանի հետ: ԹՄՄի Նիւ Եորքի մասնաճիւղը կազմակերպած էր բարի գալուստի հանդիպում մը Նիւ Ճըրզիի մէջ ի պատիւ դեսպանին ու տիկնոջ: Ներկայ գտնուեցան տէր եւ տիկին Նազար Նազարեանները: Այնուհետեւ անոնք մնացին մնայուն բարեկամներ: Յանձնառու եղաւ վերանորոգել Նիւ Եորքի ՀՀ ներկայացուցչական տունը ամբողջութեամբ: Ան սիրով կատարեց այդ մեծագումար նուիրատուութիւնը «դեսպանին խաթեր համար»…:
Նոյնը պատահեցաւ այժմու դեսպանինՙ Զօհրապ Մնացականեանին հետ, երբ ան առաջին անգամ ամերիկահայութեան ծանօթացաւ անցեալ տարի, երբ Թէքէեանը կը նշէր իմ ազգային հասարակական ծառայութեանս 45ամեակը: Հրաւիրած էի նորանշանակ դեսպանը: Ծանօթացուցի զինք մեր ազգին մեծ բարերարին: «Մեր վերջին երկու դեսպանները աղէկ մարդիկ են, անոնցմէ առաջուաններուն` ականջ մի՛ տար», ըսելով մի՛շտ գովքը կը հիւսէ Նազարեանին ու Մնացականեանին:
Ունի իր հարազատ շրջանակը
Առանձին սեղան չ՛ուզեր նստիլ: Իր այս տարիքին շաբաթը մէկ անգամ ան կը հիւրասիրէ Նիւ Եորքի ծանօթ ազգայինները: Իրեն համար մասնաւոր հաճոյք է շրջապատուիլ իր երբեմնի բարեկամներով ու խօսիլ «ազգի դարդերու» մասին:
Պէտք է անպայմանօրէն ըսել, որ Նազար եւ Արտեմիս Նազարեաններ ունին յարգանք հայ բժիշկներու նկատմամբ:
Կրթանուէր ազգայիններՙ անոնք կը հաւատան կրթութեան եւ իրենց որդինՙ Լեւոն, արդէն ոչ միայն յաջողած բժիշկ է, այլեւ Երեւանի մէջ հաստատած է մասնաւոր դարմանատուն մը իր մասնագիտութեան հետ կապուած: Մօտէն կը հետաքրքրուի ու շարունակական խնամքով զայն կը պահէ բաց մեր հայրենաբնակ ազգակիցներուն համար: Իսկ դուստրը` Սեդան, իր ծառայութիւնը կը բերէ հայ արուեստը եւ հայոց իրաւունքները ծանօթացնելու համալսարանական շրջանակներէ ներս: Բարեշնորհ աշխատանք մը, անկասկած:
Իր 90ամեայ տարեդարձին առթիւ կը մնայ շնորհաւորել մեր բարերարը` բոլորին սիրելի Նազարը, մաղթելով առողջութիւն ու արեւշատութիւն:
Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ