Ամբողջ կեանքս Սփիւռքի մէջ ապրած ըլլալով, բաւական ծանօթ եմ մեր հայկական խճանկարին, որուն բաղկացուցիչ մասերը որքան ալ տարտղնուած ըլլան, եթէ իրապաշտական նկար մը չեն կազմեր, գոնէ անհեթեթ նկար ալ չեն, ոչ ալ վերացական, ոչ ալ գերիրապաշտ… այլՙ այս բոլորին խառնուրդը, որուն յատուկ անուն մը տալ կը դժուարանամ:
Համայն Սփիւռքի մասին խօսելու իրաւունք չեմ տար ինքզինքիս, բայց գոնէ Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ մասին կրնամ խօսիլ:
Կուսակցական մէկը չըլլալով հանդերձ, մեր երեք աւանդական կուսակցութիւններու գործունէութեանց հետեւած եմ ու երբ առիթ ստեղծուած էՙ ինքզինքս հեռու չեմ պահած անոնցմէ:
Մեր հայկական կուսակցութիւններըՙ Արմենականը, Ս.Դ. Հնչակեանն ու Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը հիմնուեցան ԺԹ դարի վերջերուն, որպէս անհրաժեշտութիւն Հայկական զարթօնքը կազմակերպելով, սատարելու Արեւմտահայաստանի մէջ խոստացուած բարենորոգումներուն եւ, անշուշտ, օտարի 600 տարուան գերութենէն ազատելու մեր ազգը: Անոնք շարժեցան ժամանակի եւ պարագաներու համեմատ ու իրենց ներդրումը կատարեցին հայոց կեանքի զանազան երեսներուն մէջ:
1906-ին ՀԲԸՄ-ի հիմնադրումով, կուսակցական այս եռեակը իր կողքին ունեցաւ նաեւ անկուսակցական բարեսիրական կազմակերպութիւն մը, որուն գործունէութեան դաշտը պիտի գար իր կարեւոր ներդրումը ունենալու արեւմտահայութեան ի նպաստ:
Համիտեան ջարդերը, Ատանայի կոտորածը, Մեծ եղեռնը, Հայաստանի անկախացումն ու խորհրդայնացումը հսկայ ցնցումներ յառաջացուցին ոչ միայն ժողովուրդին մէջ, այլեւ յիշեալ կուսակցութեանց մէջ ալ, սակայն, որ ամենակարեւորն է, մէջտեղ եկաւ Սփիւռք կոչուած նոր գոյակցութիւն մը, որ ճակատագրուած էր մնալու երկրէն դուրս եւ որուն ֆիզիքական պաշտպանութեան եւ անոր հայկական դիմագիծի պահպանման անհրաժեշտ գործը գլխաւորապէս ձեռք առին մեր կուսակցութիւններն ու Բարեգործականը, յարակից օժանդակ ունենալով տարաբնոյթ այլ միութիւններ:
1921-ին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը եկաւ ձեւով մը փոխարինելու Արմենականը եւ դառնալու երրորդութեան նոր անդամը:
Բնաւ միտք չունիմ կուսակցութիւններու ներքին հարցերուն կամ իրար մէջ ունեցած խնդիրներուն մասին խօսելու, սակայն կ՛ուզեմ անվարան հաստատել, որ այս երեք կուսակցութիւններուն եւ ՀԲԸՄ-ին կը պարտինք Սփիւռքահայութեան գոյատեւումը հարիւր տարիէ ի վեր:
Կուսակցութեանց ազգային-քաղաքական հիմնական նպատակակէտերը նոր պարագաներու պարտադրանքով վերածուեցան բարեխնամ-կրթանպաստ-եկեղեցախնամ եւ մշակութային կենսական գործունէութեանց: Անոնք հայագաղութներուն կառավարութիւններն եղան ու ղեկավարեցին:
Անոնք մերթ հաշտ, մերթ անհաշտ, սակայն իւրաքանչիւրը իրեն համակիր հաւաքականութեան մը գլուխը անցած հսկայ գործ տեսաւ Սփիւռքի մէջ հայութիւնը հայ պահելու եւ, ահաւոր նիւթական ու բարոյական դժուարութիւններու կուրծք տալով, յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ, պայմաններու եւ պարագաներու ներած չափով:
Հիմա, որ շրջանէ մը ի վեր Հայաստան կը գտնուիմ, կը նայիմ անկախութենէն ետք հոս մէջտեղ եկած կուսակցութիւններուն ու անոնց գործունէութեան եւ կը զարմանամ ու կը հիասթափուիմ. ժողով, հանրահաւաք, ցոյց եւ … եւ ուրիշ ոչինչ: Մեր գիտցած կուսակցութիւններն ո՜ւր, ասոնքՙ ո՛ւր… ընդդիմադրութիւն եւ իշխանատենչութիւն, ուրիշ ոչինչ: Այս կուսակցութիւնները ի՞նչ կ՛ընեն ժողովուրդին համար, երկրին համար… բան չեմ տեսներ:
Արդեօք ա՞յս է իսկական պատկերը կուսակցութիւններուն աշխարհի մէջ,ամէն տեղ, չեմ գիտեր. սակայն կ՛ակնկալէի, որ ծով կարիք ունեցող այս երկրին մէջ անոնց ներկայութիւնը նաեւ դրսեւորուէր այլ ասպարէզնրու մէջ ալ. օրինակ դպրոց մը, կամ մշակութային հաստատութիւն մը հովանաւորէին, անգործներուն գործ ապահովէին, անկարները խնամէին… թէ չէ իրենց ներկայութիւնը այս պայմաններուն մէջ շատ ալ դրական չէ:
Մեր աւանդական կուսակցութիւնները աւելի քան հարիւր տարուան հսկայ փորձառութիւն ունին, հայաստանեան կուսակցութիւնները թող օգտուին անոնց փորձառութիւններէն եւ լրջօրէն օգտակար դառնան Հայաստանին: