Հալէպը օրհասական վիճակի մէջ է, քար ու քանդ կըլլայ, կայրի, կարիւնի, քաղաք մը ամբողջ գերեզմանի կը վերածուի, ամէն կողմ դիակներ, անդամահատուած, հաշմուած մարմիններ… Հալէպը «Լինել- չլինել»ու եզրին կանգնած է: Չորս միլիոն բնակչութիւն ունեցող քաղաքին մէջ հիմա նախկինին քառորդն իսկ չապրիր. Շրջաններ ամբողջ ուրուական փողոցներու եւ թաղերու վերածուած են, որոնք ոչ թէ բնակելի չեն, այլ աւերակոյտերու պատճառով անանցանելի են: Քաղաքն ու մնացած բնակչութիւնը փրկելու կոչեր, խնդրանք, աղաջանք… Սակայն պատերազմը դադար չառներ. Ժնեւի ժողովը կը ձախողի, Մ. Նահանգներու եւ Ռուսիոյ վերջին միատեղ կոչը ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելուՙ չընդգրկեր Հալէպը…Այսինքն Հալէպի շուրջի եւ մէջի դժոխային կռիւները դադար պէտք չէ առնեն…
Մեծ պետութիւնները այդպէս յարմար տեսած են, որ Հալէպի վճռորոշ պատերազմը շարունակուի, ի հեճուկս անհաշուելի մարդկային եւ նիւթական կորուստներու. Բայց ի շահ որո՞ւն: Սուրիական պատերազմին մէջ ինչո՞ւ Հալէ՛պը դարձաւ կռուախնձոր ու ամենաշատ տուժող քաղաքը:
Միամիտ են բոլոր անոնք, որ կը կարծեն, թէ Սուրիոյ պատերազմը ընդդիմադիրներու եւ իշխանութեան միջեւ է: Միամիտ են անոնք, որոնք կըսեն, թէ հակամարտութեան առաջին օրէն եթէ Սուրիոյ նախագահը հրաժարէր, պատերազմ չէր ըլլար:
Տարիներ շարունակ Ամերիկան փորձեց Սուրիան համոզել, որ միւս արաբական երկիրներուն նման իր սայլին կապուի, խզէ իր յարաբերութիւնը Իրանի հետ եւ հաշտուի Իսրայէլի հետ. չյաջողեցաւ: Սուրիան լուրջ վտանգ կը սպառնար Իսրայէլի եւ ուրեմնՙ Ամերիկայի շահերուն, տարածաշրջանին մէջ: Հարկ էր «խարտել», տաշել անոր եղունգները, մէյ մը անուշութեամբ, մէյ մը խոստումներով, մէյ մը սպառնալով, սակայն Սուրիան անդրդուելի մնաց: Ուրեմ՞ն… պէտք էր վերջ տալ անոր, այնպէս մը քանդել Սուրիան, որ այլեւս վնասազերծուի եւ միանգամընդմիշտ դադրի վտանգ ըլլալէ, եւ Իսրայէլն ալ ապահով զգայ ինքզինք: Ասոր կողքին կային նաեւ հին հաշիւներ, քաղաքական, տնտեսական, կրօնական… Հաշիւներ Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ միջեւ, Սուրիոյ եւ կարգ մը արաբական պետութիւններու միջեւ, իսլամ սուննիներու եւ շիաներու միջեւ, որոնք յարմար առիթի կը սպասէին եւ առիթը ներկայացաւ. Սուրիան դարձաւ թատերաբեմ եւ կռուադաշտ այս տարատեսակ հարցերու լուծման:
Ծրագիրը սերտուեցաւ, յանձնառութիւնները բաժնուեցան, ֆինանսաւորողն ու ծրագիրը գործադրութեան դնողները որոշուեցան, եւ անշուշտ Թուրքիան ալ իր ծառայութիւնները մատուցանելու ախորժակ եւ պատրաստակամութիւն ունէր:
Քանի մը ամիսէն Սուրիոյ իշխանափոխութեան ծրագիրը ոչ թէ ջուրի, այլ ցեխի մէջ ինկաւ եւ ահաւասիկ հինգ տարիէ ի վեր կը շարունակուի պատմութեան մէջ աննախադէպ այս պատերազմը: Աշխարհի մէջ ահաբեկիչ չմնաց, որ չմտաւ Սուրիա. երկրին մէջ թիզ մը հող չմնաց, որ չհամտեսէր պատերազմի արհաւիրքը:
Գալով Հալէպին, թէեւ անիկա հեռու է Իսրայէլի սահմանէն, սակայն մօտ է Իսրայէլի դաշնակից Թուրքիոյ… Ահա՛, այստեղ թաղուած է շան գլուխը: Թուրքիան Օսմանեան «փառքի» օրերուն վերադառնալ ուզող Էրտողանը շատ լաւ գիտէ պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսալու արհեստը, յատկապէս որ ջուրը պղտորեցնելուն մէջ ալ իր լուման դրաւ ու կարթը նետեց որսալու համար երկու բան. մինՙ երբեմնի «Հալէպի վիլայէթը», իսկ երկրորդըՙ վերջնականապէս ջախջախելու համար գլխուն փորձանք պահանջատէր հալէպահայութիւնը:
Հալէպ դեռ կը տոկայ: Ի հեճուկս քանդումներուն, զոհերուն ու վիրաւորներուն, դեռ կանգուն է. հալէպահայութիւնը տրամաբանութեամբ չընկալուող դիմադրողականութիւն մը ցոյց կու տայ, ոչ զէնքով, ոչ ալ կռիւներուն մասնակցելով, այլ իր բնականոն կեանքը շարունակելով, դպրոցներով, եկեղեցիներով, ակումբներով ու մշակութային ձեռնարկներով:
Ինչպէս չխոնարհիլ հալէպահայուն ապրելու կամքին առջեւ: