Երեւանը վազն ի վազ կ՛ուզէ ետ չմնալ ու հասնիլ արեւմտեան մայրաքաղաքներու մակարդակին, ամէն օր նորութիւն մը մատուցելով ժողովուրդին եւ զբօսաշրջիկներուն: Օրինակՙ սա հեծանիւի կայանատեղերը. հոյակապ գաղափար է, հարիւրաւոր սարքեր դրուած են քաղաքի այգիներու մուտքին, հիմնարկներու եւ համալսարաններու դիմաց եւ այլ վայրեր, որպէսզի հեծանիւով շրջողները կարենան իրենց հեծանիւները կայանել անոնց մէջ եւ հանգիստ երթալ իրենց զբաղումին: Սակայն երկու տարիէ ի վեր դրուած այս սարքերուն մէջ տակաւին մէկ հատիկ հեծանիւ չտեսայ: Հոգ չէ, կարեւորը փաստելն է, որ ունինք եւ մենք հոգատար ենք եւ միշտ քաղաքացիին բարօրութեան համար կ՛աշխատինք, ի՞նչ ընենք, եթէ քաղաքացին հեծանիւ չի գործածեր եւ կը նախընտրէ երթուղայիններնը:
Երթուղային… շատերու համար բարիք, ուրիշներու համար պատուհաս… Անոնցմէ շատեր հաւանաբար շաբաթներ ամբողջ, գուցէեւ ամիսներ, մաքրութեան երես չեն տեսած: Վար կը նայիսՙ փոշի ու կեղտ, վեր կը նայիսՙ վարորդին սիկարէթէն սեւցած առաստաղ, նստարաններուն վրայՙ բաւական կարծրացած իւղի շերտ… Վարորդին նայիլ չեմ թելադրեր, որովհետեւ երկտակ եղած ճամբորդներուն ցաւին վրայ նոր ցաւ մըն ալ չեմ ուզեր աւելցնել: Ամառ եղանակին վարորդին տաբատը սոթթածՙ մերկ ոտքերը տեսնելու, կամ չածիլուած երեսը, կամ անոր մէկ ձեռքով մեքենան վարելը, քանի որ միւս ձեռքով կա՛մ սիկարէթ, կա՛մ բջջային հեռախօս բռնելը… Պէտք է յորդորել, որ ասկէ ետք երեք կամ չորս ձեռքով վարորդներ հրաւիրեն աշխատանքի, որպէսզի երկու ձեռքով ղեկը բռնեն, երրորդով սիկարէթը եւ չորրորդով բջջայինը, եթէ անշուշտ սուրճ ալ չեն խմեր. ապա թէ չէ այդ պարագային հնդկական վեց կամ ութ ձեռքով աստուածներուն պիտի դիմէինք:
Հիմա եկուր ու մի խօսիր սա նոր, պարտապանաց սնտուկներուն մասին, որոնք տնկուած են կանգառներուն կողքին եւ որոնք կարգիլեն սպասողներուն, որ տեսնեն մօտեցող երթուղայինը կամ փոխադրակառքը, թէեւ անոնք ուրիշ պարտականութիւն մը ունին, ցոյց կու տան (պէտք է տանՙ անշուշտ եթէ գործեն…) թէ քանի րոպէէն կը հասնի այսինչ աւտոբուսը:
Օդակայան է կարծես, ամէն ինչերնիս թամամ եղաւ, մնաց որ այս սարքերն ալ տեղադրեն, որպէսզի զարգացած կամ գերզարգացած երկիրներու նմանինք:
Հիմնականը ձգած, ինկած ենք ոչ-անհրաժեշտ, երկրորդականին, կամ տասներորդականին ետեւէն ու ահագին դրամ կը ծախսենք անոնց վրայ: Ինչէ՞ն մղուած կընենք այս բոլորը. ցուցամոլութենէ՞, թէ՞ դրամ մսխելու մոլուցքէն:
Գիտէ՞ք ինչի կը նմանցնեմ այս արարքներըՙ մէկուն, որ ոտքին հողաթափ ունի, իսկ վիզին թիթեռնիկ-փողկապ… Ծաղրանկարային է, չէ՞:
ՄԷյ մը փոխադրակառքերուն ուշադրութիւն դարձուցէք, զանոնք օգտագործողները մեր քաղաքացիներն են եւ անոնց առողջութիւնը կը նպաստէ երկրի առողջութեան: Թաքսիներուն մգացուած ապակիները արգիլեցէք, պարտադրեցէք որ բոլոր թաքսիները հաշուիչ ունենան: Կանգառներու հարցը շարունակեցէք կարգաւորել, որպէսզի առաջին հասած մեքենան ծայրը չկանգնի եւ իր ետեւէն եկողներըՙ կանգառէն 20 մեթր հեռու, ճամբուն մէջտեղը եւ ստիպեն, որ մարդիկ վազվռտեն իրենց յարմար փոխադրակառքը գտնելու համար: Նորոգեցէք փողոցներու ստորգետնեայ անցումներուն սանդղամատերը, լուսաւորեցէք զանոնք, քաղաքին զանազան մասերուն մէջ զուգարաններ տեղադրեցէք, հոգ չէ թէ վճարումով…
Դեռ ինչեր ու ինչեր կան ընելիք, աւելի կարեւոր եւ տարրական, քան… թիթեռնիկ-փողկապը: