ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ, ՌԱԿ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԵՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻ, Յուլիս 15, 2016
Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան պառակտումը կը շարունակուի տակաւինՙ ի հաճոյս զայն ստեղծողներուն. եւ այնպէս կը թուի, թէ միասնականութեան միտող շարժումներն ու փորձերը տակաւին անբաւարար կը մնանՙ քանի գրգռողներու աշխատանքները աւելի եռանդ ու թափ կը ստանան ամէն անգամ որ բանակցութիւնները կը մօտենան հասկացողութեան սահմանին:
Կուսակցութեան պառակտումը ցարդ կը բնութագրուէր անձնական կիրքերու եւ յաւակնութիւններու բախումով, եւ կողմերը համոզուած կը մնային, որ բաժանումը չէ առնչուած սկզբունքային տարբերութեանց հետ: Սակայն նշմարելի է, որ բաժանման ազդակները հասած են հոն, ուր կը յառաջանան նաեւ սկզբունքային հակամարտութիւններ:
Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը մէկ ու միաձոյլ սկզբունք որդեգրած է Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ներքին տագնապին եւ բաժանման նկատմամբ – պաշտպանել Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան գերագահութեան սկզբունքը եւ միացեալ հեղինակութեամբ հանդէս գալ միջեկեղեցական համաշխարհային ատեաններուն դիմաց:
1956-էն ի վեր կը շարունակուի տագնապըՙ ջլատելով սփիւռքի միասնականութեան ճիգերը, ականահարելով եկեղեցւոյ միջազգային հեղինակութիւնը եւ մանաւանդՙ յումպէտս վատնելով նիւթական ու բարոյական աղբիւրները, որոնք կրնային սատարել սփիւռքի հայապահպանման սրբազան գործին. եւ այս տխուր կացութիւնը կը շարունակուիՙ հակառակ անհետացմանը խորհրդային կարգերուն, որոնք պատճառ ու պատրուակ կը հանդիսանային այս տագնապին:
Ընդունելի չէ եկեղեցական թեմերու յափշտակութիւնը, ազգակործան բնազդի արդիւնք է ամէն գիւղի, քաղաքի եւ շրջանի մէջ երկու մրցակից կամ հակընդդէմ եկեղեցիներու եւ թեմերու գոյութիւնը, ամբողջ եկեղեցւոյ համար վարկաբեկում է միջազգային ատեաններու առջեւ երկու գլուխներու ցցումըՙ շփոթմունք եւ արգահատանք արթնցնելով օտար եկեղեցիներու գլուխներուն մօտ:
ՌԱԿ-ի ղեկավարութեան համար հայ եկեղեցւոյ միասնութիւնը միշտ հանդիսացաւ սրբազան սկզբունք մը, եւ այսօր ալ ոեւէ կուսակցականի համար սակարկելի չէ այդ սկզբունքը:
Այս բոլոր հաստատումները կատարելը չի նշանակեր ուրանալ կամ նուաստացնել այն ազգասիրական, մտաւորական ու քաղաքական իրագործումները զորս կ՛իրականացնեն Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն ու անոր խոհեմ գահակալը: Պարզապէս անյարիր կը մնան այդ իրագործումները պառակտումի խորացման ու շարունակումին դիմաց:
Եւ այնքան ատեն որ այդ դրական արարքներու կողքին կը մնայ եկեղեցական պառակտումը, ամէն սրտցաւ հայու պարտականութիւնն է ծառանալ այդ անարդարանալի ընթացքին դիմաց եւ պայքարիլ մինչեւ ամբողջական վերականգնումը եկեղեցւոյ միասնութեան եւ Մայր աթոռի հեղինակութեան անխախտ պահպանման:
Միասնականութեան այդ նախանձախնդրութիւնը սկզբունքային կեցուածք մը հանդիսացած է եւ կը շարունակէ հանդիսանալ:
Զարմանալի չէ, որ կուսակցական պառակտումը բնական եւ ընդունելի իրավիճակ նկատող տարրեր միեւնոյն թեթեւամտութեամբ ընդունին նաեւ եկեղեցւոյ պառակտումըՙ կատարելով սկզբունքային խոտորում մըՙ աւելի խորացնելով կուսակցութեան ներքին տագնապը:
Անթիլիասի կաթողիկոսութիւնը վերջերս հրատարակած է անթուակիր հաղորդագրութիւն մըՙ քաղուածք մը ընելով Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթէն, ուր կ՛ըսուի – թէ «Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան նորընտիր կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն ընկերներ Սեւակ Յակոբեան եւ Վարդան Ուզունեան, այցելութիւն մը տուին (տուաւ) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, պաշտօնապէս շնորհակալութիւն յայտնելու վեհափառին, վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՌԱԿ 27-րդ պատգամաւորական ժողովին իր յղած օրհնութեան գիրին համար»:
Նախ Արամ կաթողիկոս պէտք չէ շուտով ոգեւորուի այդ «պաշտօնական այցելութեամբ», որովհետեւ իրեն ներկայացող անձերը չեն ներկայացներ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը:
Երկրորդ, վեհափառը շատ քիչ բան ըրած էՙ բաւականանալով «օրհնութեան գիրով մը», որովհետեւ այն անձերը, որոնք ՌԱԿ-ի ղեկավարներուն արիւնով պաշտպանուած սկզբունքները պարտութեան սպիտակ դրօշի նման իր ոտքերուն առջեւ փռելով պէտք է արժանի դառնային մէյ մէկ ոսկեայ շքանշաններու:
Թէ ինչո՛ւ անոնք արժանի պէտք է ըլլային ոսկեայ շքանշաններուՙ պէտք է իմանալ անոնց դասալքութեան հետեւեալ մարգարտեա՜յ խօսքերէն. – «ընկեր Սեւակ Յակոբեան, Արամ Ա. Վեհափառին փոխանցեց ՌԱԿ-ի վճռակամութիւնըՙ մէկ կողմ դնել անցեալի վերաբերող ամէն բարդոյթ եւ լաւագոյն յարաբերութեան մէջ ըլլալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ, շեշտելով որ եկեղեցական տագնապը այլեւս պատմութեան կը պատկանի, ի տես հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային հարստութիւնները երկու կաթողիկոսութիւններու գահակալութեան եղբայրական գործակցութեան»:
Եթէ այս բեմադրութեան մէջ «բարդոյթ» ունեցող մը կայՙ այդ ալ կը պատկանի վերոյիշեալ գոհար գաղափարները արտաբերող անձին, որ մէկ օրէն միւսը ՌԱԿ-ի ղեկավար դարձած ըլլալու թիւրիմացութեան մէջ կը գտնուի:
Կարծէք վերեւի հաղորդագրութեան պարզուող անձնատուութիւնը բաւարար չըլլար, որ Սեւակ Յակոբեան առանձինն հաղորդագրութիւն մըն ալ հրապարակած է համացանցին մէջ, ի պէտս ՌԱԿ-ի անդամներուն զարգացման, յայտարարելով.- «Պէտք է յստակացնել, որ վերջերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառին մեր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին կատարած հաստատումս, որուն կ՛ակնարկէ Յակոբ Վարդիվառեան, համահունչ է Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան վերջինՙ նուազագոյնը երկու Գերագոյն ժողովներունՙ Լիոնի 26-րդ եւ Երեւանի 27-րդ ընդհանուր պատգամաւորական ժողովներու այս հարցով ընդհանուր մթնոլորտին եւ անկէ բխած պաշտօնական հաղորդագրութեանց հետ»:
Նախ ՌԱԿի անդամակցութիւնը տեղեակ չէ, թէ իր անունով դասալքութեան դրօշ մը պարզուած է եւ յետոյՙ որո՞նք են այս լուսանցքային անձերը, որ իրաւասութիւնը ունեցան բովանդակ անդամակցութեան անունով այդպիսի անպատասխանատու որոշումներ առնելու:
Վերոյիշեալ Գերագո՜յն ժողովները կայացած են բացարձակապէս ապօրինի պայմաններու տակ եւ այնտեղ առնուած որոշումներն ալ կը բնորոշուին միեւնոյն ապօրինութեամբ:
Երբ մարդիկ կրնան որոշ սկզբունքներ ոտնակոխել Լիբանանի վատառողջ պայմաններուն տակ իրենց մաշկը պաշտպանելու, պէտք է գիտնան, որ սփիւռքը ամբողջ Լիբանան չէ, ոչ ալ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը անոր թաղերէն մէկուն սահմանուած կազմակերպութիւն մը:
Արամ կաթողիկոս իր պատուաբեր ժառանգութիւնը ամբողջացնելու համար պարտաւոր է Հայ եկեղեցւոյ միասնականութիւնը իրականացնել իր կեանքի օրերուն:
Իսկ այնքան ատեն, որ պառակտուած կը մնայ եկեղեցինՙ ամէն սրտցաւ հայու սրտին պարտքն է պայքարիլ անոր միացման համար եւ այդ պայքարը նաեւ հաւաքական դաւանանք է Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան: