Ուրբաթ, Հոկտեմբերի 3, 2025
Ազգ
Wildberries
Wildberries-ը նվազեցնում է միջնորդավճարը այն վաճառողների համար, ովքեր ապահովում են արագ առաքում մինչև գնորդ
  • Նորություններ
    • Պաշտոնական
    • Տեղական
    • Միջազգային
    • Տնտեսական
    • Տարածաշրջանային
    • Սոցիալական
    • Մշակութային
    • Հոգևոր
    • Իրավունք
    • ՌԱԿ մամուլ
  • Վերլուծություն
    • Քաղաքականություն
    • Տնտեսական
    • Հրապարակախոսություն
  • Մշակույթ
    • Ազգային
    • Կերպարվեստ
    • ToTo
    • Երաժշտություն
      • Դասական
      • Պոպ
      • Ջազ
      • Ռոք
  • ՌԱԿ մամուլ
  • «ԱԶԳ» Շաբաթաթերթ
    • Հոդվածներ
    • «ԱԶԳ» շաբաթաթերթ, տպագիր
    • Տպագիր արխիվ 1991-2025
    • Արխիվ
  • Տեսադարան
  • Մամուլ
  • Մեր հեղինակները
Ոչինչ չի գտնվել
Տեսնել բոլոր արդյունքները
Ազգ
Ոչինչ չի գտնվել
Տեսնել բոլոր արդյունքները

ՀԱՅԵՐԷՆԸՙ ԱՐԱԲՆԵՐՈՒՆ

19/08/2016
- 19 Օգոստոսի, 2016, ԱԶԳ շաբաթաթերթ
Կիսվել ՖեյսբուքումԿիսվել ԹվիթերումՈւղարկել Տելեգրամով

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ, Գահիրէ-Երեւան

Երբ Գահիրէի համալսարանի Արեւելեան լեզուներու կից Հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը հրաւիրեց զիս արաբ աշակերտներուն հայերէն դասաւանդելու, առաջարկը այնքան հետաքրքրական էր, որ անմիջապէս ընդառաջեցի: Ճիշդ է որ դասաւանդումի փորձառութիւն ունէի, բայց օտար եւ հասուն մարդոց հայերէն չէի սորվեցուցած մինչ այդ:

Քանի մը մեթոտները, որոնք գրուած են ըստ դասատուներու պրպտումներուն եւ փորձառութեան, եւ գիրքով ալ հրատարակուած, եղած են ընդհանրապէս ֆրանսախօս կամ անգլիախօս «աշակերտներ»ու համար: Կրնայի օգտուիլ անոնցմէ, եթէ փոքրիկ զրոյց մը միտքս այլ ուղղութեամբ չտանէր:

Երեւան գտնուող դասատու մը կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս կրցեր էր, կարճ միջոցի մը մէջ, բաւական բան սորվեցնել իր արաբախօս աշակերտին, բայց.

– Պատկերացուր, որ առանց բայի նախադասութիւն կը կազմէ,- ըսաւ բարկացած,- մեռայ բացատրելով, որ առանց բայի նախադասութիւն չ՛ըլլար:

– Արաբերէնի մէջ կ՛ըլլայ,- ըսի մեղմօրէն,- եւ կը կոչուիՙ «գոյականական նախադասութիւն», իսկ սովորականըՙ «բայական նախադասութիւն»:

Շատ զարմացած էր:

Շարունակեցինք զրոյցը եւ հասանք … լծորդութիւններուն.

– Շատ դժուար եղաւ իրեն բացատրել լծորդութիւններու պարագան:

– Արաբերէնի մէջ անոր մօտիկ բան մը կայ, պարզապէս կարելի է օգտագործել, բացատրելու կամ պատկերացում մը տալու համար:

Կրկին շատ զարմացաւՙ «ինչպէ՞ս»:

– «Ծովեր» կը կոչուի,- ըսի խնդալով, որովհետեւ բայական այդ ձեւերը արդեօք կապ ունէի՞ն ծովերու եւ ալիքներու հետ:

Այն ատեն էր որ անդրադարձայ, թէ եղած մեթոտները այնքան ալ օգտակար պիտի չըլլային: Նոր ձեւ մը պէտք էր մտածէի, մանաւանդ մեր երեսունութ գիրերը սորվեցնելու համար քսանութ ծանր գիրերով խօսող ու գրող արաբ աշակերտներուն:

Եւ ինքզինք ներկայացուց արաբական արմատներով բառերու խումբը:

Ըսեմ, որ այս արմատներուն հարցը բաւական վէճի եւ բարկութեան պատճառ դարձած է. կը յիշեմ որ գործընկերուհիներէս մէկը կ՛ըսէր, թէ ինք չի սիրեր Մալխասեան արմատական բառարանը, որովհետեւ բոլոր բառերուն արմատները արաբերէնին կը վերագրէ:

Մենք հայերէն արմատ բառեր չունի՞նք, կամ այդքա՞ն փոքր է անոնց թիւը:

Ուրկէ՞ կու գան սակայն մեր բառերուն արաբերէն արմատները:

Հայոց պատմութեան էջերուն կը հանդիպինք ժամանակաշրջանի մը, երբ քաղաքական յարաբերութիւնները, հետեւաբար նաեւ տնտեսական ու վաճառականական յարաբերութիւնները բարեկամական էին երկու պետութիւններունՙ հայկականին եւ արաբականին միջեւ:

Շատ արագ սակայն այդ յարաբերութիւնը վերածուեցաւ տիրողի եւ տիրապետուածի յարաբերութեան: Բայց յարաբերութիւնը մնաց:

Այս երկար դարերու շփումին արդիւնքը այն եղաւ, որ ոչ արհամարհելի թիւով արաբերէն կարգ մը բառեր մուտք գործեցին մեր լեզուին մէջ եւ հոն ալ մնացին, իրենց տեղը ամրապնդելով:

Անշուշտ կարգ մը պատմաբաններ կամ բառարանագէտներ չեն ընդունիր արաբերէն արմատով բառերու առատութիւնը մեր լեզուին մէջ, սակայն լաւ արաբերէն գիտցող մը, մանաւանդ երբ յաճախ կը վերադառնայ «Մեր արմատները նոր լոյսի տակ» բառարանին, չի կրնար չընդունիլ նշուած արմատները:

Այստեղ անշուշտ չեմ մտներ արմատներու այս բանավէճին մէջ, նոյնիսկ չեմ պնդեր հայերէն բառի մը արմատին արաբերէն ըլլալը, որովհետեւ շատ են արաբերէն այն բառերը, զորս գրեթէ նոյնութեամբ կը գտնենք նաեւ պարսկերէնին մէջ: Ինծի համար կարեւորը, հիմնականը ա՛յն է, որ երբ բառ մը տամ, որուն արաբերէնը ճի՛շդ նոյնն է, աշակերտը բառն ու անոր իմաստը սորվելու ճիգ թափելու փոխարէն, ուշադրութիւն պիտի դարձնէ գիրերուն վրայ:

Հետեւաբար սկսելու կէտս ոչ թէ այբուբենը պիտի ըլլար, այլՙ բառերը իրենք:

Այդ բառերուն վրայ է, որ հիմնեցի այս դասընթացքը, հետեւեալ կէտերը նկատի առնելով.

– Արաբերէն արմատ ունեցող հայերէն բառերու առատութիւնը մեր լեզուին մէջ:

– Արդէն ծանօթ բառերու ընդմէջէն սորվեցնել այբուբենը, փոխանակ ուղղակի այբուբենէն սկսելով դասաւանդումը: Ասիկա հոգեբանօրէն «դիւրին» կ՛ընծայէ սորվելու հոլովոյթը, միաժամանակ ստիպելով, որ աշակերտը իր ուշադրութիւնը գիրերուն վրայ կեդրոնացնէ, պարզապէս որովհետեւ բառերը… գիտէ:

Արաբերէն կարգ մը բառեր պահած են իրենց ճշգրիտ իմաստը հայերէնին մէջ, երբեմն նոյնիսկ առանց հնչիւնափոխութեան, ինչպէս օրինակ բադ, արտ, զուլալ, սնտուկ, բախտ, թափօր, մղլակ եւ այլն:

Այլ բառեր իմաստափոխութեան ենթարկուած են, ինչպէս օրինակ «ատամ» բառը, որ արաբերէնի մէջ ոսկոր կը նշանակէ, կամ «ապատ» (անապատ) բառը, որ արաբերէնի «բնակիլ» բառն է (???), կամ «յիմար» բառը, որ արաբերէնով էշ կը նշանակէ, մինչ մեր մօտ ստացեր է անմիտ մարդու իմաստ:

Բառերու որոշ թիւ մը հնչիւնափոխութեան ենթարկուած է, ինչպէս օրինակ ագորանք -նաեւ ագռ- բառը, որ արաբերէնի մէջ աքր կը հնչուի ???:

Եւ անգամ մը, որ սկսայ այդ դիտանկիւնով եւ նոր հայեացքով դիտել հայերէն բառերը, այնքան հետաքրքրական մանրամասնութիւններ սկսայ տեսնել:

Ամենէն տիեզերական «ամէն» բառէն եւ անշուշտՙ այբէն սկսայ, որմէ ետք եկան «արտ»ը, «բադ»ը (բեն եւ դա), հասնելու համար զուլալ, սնտուկ, թափօր, մղլակ, քահանայ, զօրավիգ, ագարակ եւ այլ բառերու:

Լծորդութիւններուն պարագան կարելի է կապել կամ նմանեցնել արաբերէնի բառարան նայելու աշխատանքին, որ կը ստիպէ բառը վերադարձնել իր եռատառ վիճակին ու յետոյ զայն փնտռել բառարանին մէջ:

Բայերուն հիմնական ժամանակներըՙ ներկայ, անցեալ, ապառնի, զուգահեռով դասաւանդել, պարզապէս ներկայէն անմիջապէս ետք ապառնին դասաւանդելով, «կը»ն «պիտի»ով փոխարինելովՙ կը գրեմ, պիտի գրեմ եւ այլն:

Դժուարութիւն կրնայ ներկայացնել գոյականին հոլովումը, որ գոյութիւն չունի արաբերէնի պարագային. իսկ հոլովական իմաստը կու գայ գոյականին նախդիրներ կցելով, կամ անկէ առաջ համապատասխան բառերը, յօդերը կամ դերանունները աւելցնելով (?????? եւ այլն):

Այլ դժուարութիւն մըն է կարգ մը գիրերու հնչումը. եթէ տուեալ հնչոյթը կայ աշակերտին մայր լեզուին մէջ, դիւրութեամբ կրնայ հնչել, իսկ եթէ չկայ, կրնայ դժուարութեան հանդիպիլ:

«Ը»ի հնչումը, օրինակ, որքան ալ տարօրինակ թուի. Ը ո՛չ որպէս գիր, ո՛չ ալ որպէս ձայն գոյութիւն ունի արաբերէնին մէջ, եւ հագագային դժուարութիւն կը ստեղծէ, որ, զարմանալիօրէն, մեծ խոչընդոտ կը հանդիսանայ:

Այլ դժուարութիւն կը ներկայացնէ «ե» եւ «է» գիրերուն հնչումը, որ միշտ կը շփոթուի «ի»ին եւ, անհասկնալի կերպովՙ «ա»ին հետ. հաւանաբար եթէ նկատի առնենք, որ հայերէն լեզուին մէջ «ա»ին հնչումը շատ «ուղիղ» է (եթէ կարելի է այսպէս կոչել), ինչպէս որ կը հնչուի Armen բառը, իսկ արաբերէնի առաջին գիրինՙ ալէֆին հնչիւնը բաւական «կոր» է, ինչպէս atom բառը, կրնանք հասկնալ դժուարութիւնը:

Հաւանաբար լեզուներ սորվելու կարողութիւնը, մանաւանդ իւրաքանչիւր լեզուն յատկանշող ձայնային համակարգը վերարտադրելը ազգային յատկութիւն մըն է, թերեւս պատմութենէն եւ կեանքի պայմաններէն ծնունդ առած, կամ արդէն դարձած մաս մը ազգային ծիներէն: Այն զօրաւոր ժողովուրդները, որոնք աշխարհը կառավարելու միտում ունեցած են, կարիք չեն զգացած այլ լեզուներ սորվելու, նկատի առնելով, որ իրենց լեզուն «համաշխարհային» է: Այսպէս եղած են դարերու ընթացքին յունարէնը, լատիներէնը, արաբերէնը, իսկ նորագոյն շրջանինՙ անգլերէնը:

Նման դժուարութիւններ կրնան յաղթահարուիլ փորձով, իմաստային օժանդակութեամբ կամ ֆիզիքական դրուածքը բացատրելով (լեզուի, շրթներու եւ հագագի):

Այս հարցին օժանդակութեան կը հասնին նաեւ արմատ բառերը, որոնք ոչ միայն կ՛օգնեն բառը հնչելու, այլ եւ կը նպաստեն հնչիւնային եռեակ համակարգը բացատրելու. օրինակՙ «բադ» բառը, որ արաբերէնի մէջ կը հնչուի «պաթ» (??). արաբերէն եւ հայերէն նոյն բառը տարբեր հնչումներով արտասանելը կ՛օգնէ, որ բ-փ-պ եւ դ-թ հնչունային տարբերութիւնները զգալի դառնան: Նոյնն է պարագան «բախտ» բառին (???):

Այլ դժուարութիւն մըն է արաբերէնի «շարժումները» (???) գիրի վերածելը: Օրինակ երբ աշակերտուհիներէն մէկուն անունը հայերէնով գրեցի գրատախտակինՙ Զէյնապ, մեծ հետաքրքրութեամբ նայեցաւ ու ըսաւ.

– Բայց ինչո՞ւ այսքան շա՜տ գիրեր կան, իմ անունս միայն չորս գիր ունի Զյնպ ??? (Զէյնապՙ երկու ձայնաւորները արաբերէնին մէջ «շարժում»ներով կ՛արտայայտուին):

Հասկնալի էր անշուշտ, բայց իրեն համար շարունակեց շրջան մը դժուար մնալ իւրաքանչիւր «շարժում»ը գիրով արտայայտելու ստիպողականութիւնը. ժամանակ առ ժամանակ կը մոռնար գրել բառի մը ձայնաւորները, ենթագիտակցաբար զանոնք «շարժում» համարելով:

Այս նշումները կէտեր են, որոնք կ՛արգիլեն որ հայերէնը արաբներուն դասաւանդուի արդէն ընկալուած կամ ձեւաւորուած մեթոտներով, որոնք եթէ արդիւնք կու տան ֆրանսախօս կամ անգլիախօս աշակերտներու պարագային, կը դժուարացնեն արաբախօսներուն պարագան:

Տակաւին փորձարկումի շրջանի մէջ գտնուող այս նոր ձեւը ժամանակի ընթացքին կրնայ համակարգուիլ, որուն համար է նաեւ տարուած աշխատանքը:

ShareTweetShare
Նախորդ գրառումը

ՌԵԲԵԿԱՆ ԿՅԱՄ ՉԻ՞ ՔՅՆԱՆՔ ՋՐԻ

Հաջորդ գրառումը

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԷՔՍԵՐՃՅԱՆ

Համանման Հոդվածներ

3 հոկտեմբերի, 2025

Հարեւանի էմոցիան եւ մերոնց հոգացավությունը

03/10/2025
3 հոկտեմբերի, 2025

Վտանգավոր անտարբերություն

03/10/2025
3 հոկտեմբերի, 2025

Իրանը չի ցանկանում վճարել Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ կնքված  խաղաղության համաձայնագրի գինը

03/10/2025
3 հոկտեմբերի, 2025

Ինչո՞ւ է Դոնալդ Թրամփն Իրանին առաջարկում միանալ հակաիրանական կոալիցիայի

03/10/2025
Հաջորդ գրառումը

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԷՔՍԵՐՃՅԱՆ

Արխիվ

Loading...
«Հոկտեմբերի 2025»
Երկ Երք Չրք Հնգ Ուր Շբթ Կիր
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  
« ՍեպտեմբերիՆոյեմբերի »

Վերջին լուրեր

Նորություններ

«Թուրքական ավիաուղիներ»-ը կմտնի Հայաստան. քպ-ականները սպասում են Թուրքիայի «գործուն քայլերին»

03/10/2025

«Թուրքական ավիաուղիներ»-ը հայտնել է, որ սկսում է թռիչքներ դեպի Երևան, չգիտեմ, թե դա երբ կլինի, բայց դա մի բան է,...

ԿարդալDetails

Վարդան Ղուկասյանը կլքի ԱՄՆ-ն, բայց չի արտահանձնվի Հայաստանին

03/10/2025

Ադրբեջանական կողմն առաջ է քաշում որոշակի նախապայմաններ, մենք չենք կիսում այդ օրակարգը. Արարատ Միրզոյանի հարցազրույցը՝ լեհական TVP World հեռուստաալիքին

03/10/2025

«Սենսացիոն գտածո». հայտնաբերվել է Սերգեյ Փարաջանովի կորած ֆիլմը

03/10/2025

Հրամատարի տեղակալը կարգադրել է զինվորի դեմքի վնասվածքը շպարով քողարկել. զինվորը իր ինքնաձիգով ծնոտի հատվածում կրակահերթ է արձակել ու ինքնասպան եղել

02/10/2025
logo-white1
“Վահան Թեքեյան” Սոցիալ-Մշակութային Հիմնադրամ
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են։ Կայքի նյութերը տարածելիս հղումը կայքին պարտադիր է։

©2024 «ԱԶԳ» վերլուծական

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In

Add New Playlist

Ոչինչ չի գտնվել
Տեսնել բոլոր արդյունքները
  • Նորություններ
    • Պաշտոնական
    • Տեղական
    • Միջազգային
    • Տնտեսական
    • Տարածաշրջանային
    • Սոցիալական
    • Մշակութային
    • Հոգևոր
    • Իրավունք
    • ՌԱԿ մամուլ
  • Վերլուծություն
    • Քաղաքականություն
    • Տնտեսական
    • Հրապարակախոսություն
  • Մշակույթ
    • Ազգային
    • Կերպարվեստ
    • ToTo
    • Երաժշտություն
      • Դասական
      • Պոպ
      • Ջազ
      • Ռոք
  • ՌԱԿ մամուլ
  • «ԱԶԳ» Շաբաթաթերթ
    • Հոդվածներ
    • «ԱԶԳ» շաբաթաթերթ, տպագիր
    • Տպագիր արխիվ 1991-2025
    • Արխիվ
  • Տեսադարան
  • Մամուլ
  • Մեր հեղինակները

© 2025 «ԱԶԳ» վերլուծական