Սիմոն Սիմոնեանը սփիւռքահայ գրականութեան տիտաններէն մէկն է, որուն անուան դիմաց կը դրուին «Արձակագիր, հրապարակագիր, հրատարակիչ, ուսուցիչ, գրաբարագէտ, ձեռագրագէտ, բանասէր, դասագիրքերու հեղինակ…» ածականները եւ որուն մուտքը Հայաստան իր առաջին այցելութենէնՙ 1954-էն ետք արգիլուած էր խորհրդային տարիներուն: Սակայն եւ այնպէս, մարդը մինչեւ իր մահը, 1986, ապրեցաւ ու շնչեց Հայաստանով:
Դեկտեմբեր 2-ին, պատմաբան Գէորգ Եազըճեանի ջանքերով, յիշատակի ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Իսահակեան գրադարանին մէջ, ուր ցուցադրուած էին իր հեղինակած եւ հրատարակած գիրքերէն օրինակներ եւ ուր յուշերով եւ իր անձին ու իր գործերուն մասին խօսելով հանդէս եկան գրականագէտ-ազգագրագէտ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան, անցեալի իր աշակերտներէն ոմանք եւ այլ մտաւորականներ:
Նպատակս ձեռնարկին նկարագրականը ընել չէ, այլՙ այսպիսի անզուգական հայրենանասէր մտաւորականի մը Հայաստան վերադարձը ողջունելն է: Թէեւ կ՛ըսեմ վերադարձ, սակայն դժբախտաբար դեռ ամէն ինչ մեր ակնկալածին չափ եւ պէս չէ, քանի որ Սիմոնեանի գործերը տարածում չեն գտած այստեղ, ոչ ալ դպրոցներու դասագիրքերու մէջ մուտք գործած է ան: Ակնյայտ էր նկատարողութիւնս, երբ ներկաներէն շատեր կը մօտենային ու հետաքրքրութեամբ կը թերթատէին ցուցադրուած գիրքերը, զորս առաջին անգամ կը տեսնէին:
Սիմոնեանը սասունցի ծնողներու զաւակ է, եւ իր գրականութեան մէկ կարեւոր մասը յատկացուցած է Սասունին եւ սասունցիներուն: Ինք Այնթապ ծնած է, ապա Հալէպ հաստատուած, զբաղած է ուսուցչութեամբ, կազմած է հայոց պատմութեան դասագիրքերու շարք մը նախակրթարանի աշակերտներուն համար, երբ ընդամէնը 26 տարեկան էր, ինչպէս նաեւ ընթերցանութեան դասագիրքերու շարք մը «Արագած« անուանումով:
Անցեալ դարու յիսնականներուն կը փոխադրուի Պէյրութ, օրուան Գարեգին Ա. Յովսէփեանց կաթողիկոսի հրաւէրով, որպէս գրաբարի ուսուցիչ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի դպրեվանքի աշակերտներուն:
Կը հիմնէ «Սեւան» հրատարակչատունը եւ կը լծուի գրական-հրապարակագրական աշխատանքի, որուն արգասիքը կ՛ըլլայ իր հեղինակութեամբ եւ այլ 500 անուն գիրք, որոնց զուգահեռ կը հրատարակէ «Սփիւռք» շաբաթաթերթը, որուն շուրջ կը բոլորուին ոչ միայն ծանօթ հայ մտաւորականներ, այլ նաեւ երիտասարդ գրողներ, որոնց քաջալեր հանդիսանալով կը հրատարակէ «Սփիւռք Գարուն» ամսական յաւելուածը: Այդ երիտասարդներէն շատեր յետագային դարձան փնտռուած գրողներ Սփիւռքի մէջ:
Չափազանցած չենք ըլլար եթէ շատերու նման ըսենք, որ Սիմոն Սիմոնեան երեւոյթ էր մեր սփիւռքահայ դպրութեան եւ գրականութեան անդաստանին մէջ: Երեւոյթ էր, որովհետեւ իր կիզակէտը միմիայն գրականութիւնը չէր, այլ իր գրիչն ու իր գրականութիւնը ծառայեցնելը Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին: Դժուար է Սիմոնեանի գրութիւններուն մէջ հնադիպիլ էջի մը, որ հայրենասիրութիւն չբուրէ: Որքան խօսեցաւ Ղարաբաղի, Նախիջեւանի եւ Ջաւախքի մասին, պահանջելով որ միացուին Հայաստանին եւ ատոր համար ալ գէշ մարդ դարձաւ խորհրդային իշանութեան աչքին եւ արգիլուեցաւ իր մուտքը Հայաստան:
Այսօր ազատ-անկախ Հայաստանի իշխանութիւնները հարկ է տան «Զկայսերն կայսեր եւ զԱստուածն Աստուծոյ» սկզբունքին, մայր հայրենիքի դռները լայն բանալով անոր յիշատակին եւ գրականութեան առջեւ: