Գիտեմ որ տրամաբանութիւն ըսուածը չկայ քաղաքականութեան մէջ, յատկապէս մեզի պէս հանդիսատես մարդոց պարագային, մինչ քաղաքագէտները կ՛առաջնորդուին իրենց յատուկ տրամաբանութեամբ: Ասիկա գիտնալով հանդերձ, երբ քաղաքական բեմին վրայ արտառոց ու անհեթեթ բան մը կը պատահի, ամենապարզ ու անմեղ հանդիսատեսն իսկ կ՛ընդվզի:
Եօթը տարիէ ի վեր սուրիական հողը ոտնակոխ կ՛ըլլայ ու անոր երկինքը կը բռնաբարուի մասնաւորաբար իսրայէլեան օդուժի կողմէ, մէյ մը «Հըզպալլահ»ի, մէյ մը իրանեան ու չեմ գիտեր ինչ կեդրոններ ռմբակոծելով, կարծես թէ Սուրիան ոչ գերիշխան պետութիւն է, ոչ ալ ինքնապաշտպանութեան միջոցներ ունի, եւ այս բոլորըՙ աշխարհի աչքի առաջ: Իր սեփական խաղավայրը, կամ ռազմափորձադաշտը կարծելով, Իսրայէլը ուզած ատեն միջազգայնօրէն արգիլուած գործողութիւններու կը ձեռնարկէ, մինչեւ որ ալ Սուրիոյ համբերութիւնը հատաւ եւ անցեալ շաբաթ վար առաւ իսրայէլեան ռազմական օդանաւ մը:
Իսրայէլ անակնկալի եկաւ, չհաւատաց պատահածին, իրեն պէս անպարտելի, անհպելի, հզօր բանակի մը օդանաւը ինչպէ՞ս վար կ՛առնուի, իսկ սուրիական հակաօդային հրթիռները ինչպէ՞ս իր հողերուն վրայ կ՛իյնան, հակառակ որ «Երկաթէ գմբէթ»ով պաշտպանուած է:
Աշխարհի բոլոր լրատուամիջոցներուն օրերու նիւթն էր ասիկա, իսկ ի տես այս կացութեան, Իսրայէլի վարչապետ Նաթանեահուն կը զգուշացնէ Սուրիան եւ Ռուսիան, որ «կրակի հետ չխաղան»…
«Ամա՜ն, ներողութիւն, պարոն Նաթանեահու, կը ներէք որ ձեր օդանաւը խոցեցինք, երբ դուք ձեր հերթական պտոյտները կը կատարէիք սուրիական երկնակամարին վրայ»… Երեւի Նաթանեահուին սպասածը այս է: Այսքան ալ անպատկառութիւն…
Վերէն Թուրքիան պիտի մտնէ սուրիական տարածքներ ու Սուրիան ձայն պիտի չհանէ, միւս կողմէն Ամերիկան պիտի մտնէ ու քիւրտերուն նեցուկ պիտի կանգնի ու Սուրիան իրեն «Բարի եկար, ուր էիր մինչեւ հիմա, մարդ Աստուծոյ » պիտի ըսէ…
Ասիկա սուրիական սուրբ հո՞ղ է, թէ՞ աղբանոց, որ ձեր կեղտերը հոս կը թափէք: Չյոգնեցա՞ք Սուրիան քանդելէ, թէ՞ տակաւին կանգուն մնացած շրջաններ կան, որոնք ալ պէտք է գետնի հաւասարին: Եօթը տարիէ ի վեր Սուրիան ի գին աննկարագրելի զոհողութիւններու կը դիմադրէ ու կը դիմանայ, դեռ չհասկցա՞ք որ այսպէս շարունակելով չէք կրնար ընկճել զայն: Շալկուեցէք գացէք ուրկէ որ եկած էք: Ձգեցէք սուրիացիները իրենց հարցերը իրենց միջոցներով թող լուծեն, առանց ձեր միջամտութեան: Եթէ դուք չմտնէիք, հարցերը շատոնց լուծում գտած կ՛ըլլային, սակայն սուրիական վարչակարգը փոխելու պատրուակով, երկիրը քանդել Իսրայէլի շահերուն համա՞ր…ասիկա արդարութի՞ւն է:
Սա ՄԱԿ ըսուածը ի՞նչ անօգուտ, անողնաշար կազմակերպութիւն է, որ մատը մատին չի զարներ բան մը ընելու համար: Թիւրքիան երեք շաբաթէ ի վեր Սուրիոյ հողերը ներխուժած է ու քրտական շրջանները կը հարուածէ, ՄԱԿ-ին ձայնը չլսեցինք «Թուրքիա՛, ետ քաշուիր, գերիշխան պետութեան մը տարածքները ներխուժելու իրաւունք չունիս» ըսելով: Ի՞նչ է այս համաշխարհային կազմակերպութեան դերը վերջ ի վերջոյ:
Միայն թէ երկու օրը անգամ մը Սուրիան դատապարտել, որ քիմիական զէնքեր կ՛օգտագործէ, եւ տեսանիւթեր տարածել, անոնց զոհերը ցոյց տալով, որոնց մասին կ՛ըսուի թէ կազմակերպուած բեմադրութիւն է: Սուրիական բանակը դեռ պարտութեան եզրին չհասաւ որ յուսահատական միջոցի դիմէ ու արգիլեալ քիմիական զէնք օգտագործէ: Դեռ բանակը մարտունակ է ու զինամթերքի ալ պակաս չունի: Հերի՛ք է երկրին գլխուն այս տեսակ խաղեր խաղաք:
Սկիզբէն ըսի, որ տրամաբանութիւն չի վերցներ քաղաքականութիւնը, յատկապէս մեզի պէս պարզ մահկանացուներու տրամաբանութիւնը, սակայն համբերութիւննիս ալ սահման մը ունի: