ԳԵՎՈՐԳ ՄԱՐԱՇԼԵԱՆ
Մարտ 15, հինգշաբթի երեկոյեան, Ուաշինկթընի Հայաստանի դեսպանատան սրահին մը սարքուած էր յատուկ հիւրասիրութիւն ի պատիւ Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան, որ կ՛այցելէր Ամերիկայի մայրաքաղաքը: Ընդունելութիւնը կը զուգադիպէր Արցախի անկախութեան 30-ամեակին:
Պատուիրակութիւնը մէկ օր առաջ հանդիպում մը ունեցած էր կարգ մը հայասէր քոնգրեսականներու, քոնգրէսի շէնքին մէջ: Այդ առիթով նախագահ Բակօ Սահակեան հիմնական շեշտադրումներ կատարեց Արցախի ժողովուրդի անկախ ապրելու իրաւունքին մասին:
Դեսպանատան ընդունելութեան հրաւիրուած էին կարգ մը ներկայացուցիչներ ամերիկահայ գաղութէն:
Հայաստանի դեսպան պր. Գրիգոր Յովհաննիսեան կատարեց հանդիսավարի պաշտօնը: Նախ ողջունեց Արցախի հայութեան պաշտօնական ներկայացուցիչները եւ ապա հրաւիրեց հրաւիրեալները իրենց ողջոյնի խօսքը յղելու հիւր պատուիրակութեան:
Հանդիսութեան վերջաւորութեան խօսք առաւ նախագահ Սահակեան եւ յայտնեց, թէ ինք քանիցս այցելած էր Ամերիկա տարբեր առաքելութիւններով: Այս այցելութիւնը առաջինն էր, որ կը կրէր քաղաքական նշանակութիւն:
Ան իր ելոյթին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ անոր նախագահինՙ Պերճ Սեդրակեանին, եւ յանուն Արցախի կառավարութեան անոր կուրծքը զարդարեց Արցախի կառավարութեան շքանշանովՙ առ ի երախտագիտութեան Արցախին ընծայուած օգնութեան:
Յուզուած այս անակնկալ գնահատանքէնՙ Բարեգործականի նախագահը ունեցաւ սրտառուչ ելույթ մըՙ շեշտելով որ ինչ որ Սփիւռքը կը սատարէ Արցախին, շատ անբաւարար է: Սփիւռքը պարտի աւելին ընել:
… հանդիպում ՌԱԿ Գերագույն խորհրդի հետ
Մարտ 12-էն 18-ը պաշտօնական այցով մայրաքաղաք Ուաշինկթըն կը գտնուէր Արցախի կառավարական պատուիրակութիւնըՙ գլխաւորութեամբ նախագահ Բակօ Սահակեանի:
Բացի քոնգրեսականներու հետ հանդիպումներէն, պատուիրակութիւնը խորհրդակցութիւններ եւ պատուասիրութիւններ ունեցաւ հայկական կարգ մը կազմակերպութեանց ղեկավարներուն հետ:
Այս առիթով Ուաշինկթըն ժամանած էին ՌԱԿ Գերագոյն խորհուրդի անդամներ ընկերներ Վարդան Նազիրեան եւ Երուանդ Ազատեան, որոնց միացած էր ընկ. Գէորգ Մարաշլեանՙ Ուաշինկթընէն:
ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը մարտ 15-ին հրաւիրուած էր Հայաստանի դեսպանատան մէջ ի պատիւ Արցախի պատուիրակութեան սարքուած ընդունելութեան:
Մարտ 16-ին յատուկ ժամադրութեամբ ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Բակօ Սահակեանի պաշտօնական խումբին հետ Արցախիՙ Ուաշինկթընի ներկայացչութեան կեդրոնին մէջ:
ՌԱԿ Գերագոյն խորհուրդի նախագահ ընկ. Վարդան Նազիրեան բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ ապա զեկուցեց ՌԱԿ-ի գործունէութեանց մասին Հայաստանի ամբողջ տարածքին:
Հանդիպումը վերածուեցաւ խորքային խորհրդակցութեան Արցախի քաղաքական կացութեան մասին. քննուեցան կարգ մը ծրագիրներ, որոնք պիտի իրագործուին մօտիկ ապագային Արցախի մէջՙ ՌԱԿ-ի եւ յարակից կազմակերպութեանց միջոցաւ:
Յետ խորհրդակցական հանդիպման ՌԱԿ Գերագոյն խորհուրդը ճաշկերոյթով մը պատուեց Արցախի պատուիրակութիւնը, յարակից շքեղ ճաշարանի մը սրահին մէջ:
Ճաշկերոյթին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի դեսպան պր. Գրիգոր Յովհաննիսեան: