Ծանուցումներու գործարքը ամենաազդեցիկն է ու ամենաշահաւէտը: Հեռատեսիլէն, համացանցէն, ցուցապաստառներէն, տպագրուած նիւթերէն ու տակաւին շատ մը տարբեր միջոցներէն մարդոց ուշադրութիւնը գրաւող գովազդուող ապրանքներն ու տարբեր տեսակի կոչերն ու յորդորները ոչ միայն տրամադրութիւն կը ստեղծեն, այլեւ համոզում կը գոյացնեն, թէ մարդիկ ընտրութիւն ընելու ատեն նախապատութիւնը տան,- յաճախակի տեսնելով ու տպաւորուելով, – իրենց ուղեղին մէջ դրոշմուածինՙ անիկա ըլլայ կենցաղային ապրանք, թէ որեւէ ծառայութիւն:
Գործարաններն ու արտադրամասերը անդուլ ու անդադար կ՛աշխատին, արտադրուածը շուկայ կ՛իջեցնեն եւ ատոր համար գնորդի պէտք ունին, իսկ գնորդին համոզելու համար անհրաժեշտ են ծանուցումներն ու գովազդները:
Այս պիզնեսը այնքան զարգացած է աշխարհի մէջ, որ տեղ գրաւած է արուեստի ոլորտին մէջ ալՙ ըլլայ դերասանական, թէ քարթուն ֆիլմերու ճամբով, լուսանկարչութեամբ, գծանկարներով ու տարբեր տեսակի պաստառներով:
Մրցակցութիւնը մեծ է, նոյնիսկ աշխարհի մեծագոյններուն միջեւ յաճախ պայքարներ կ՛ընթանան, լրտեսներ կը գործեն, սակարանային խաղեր ու դաւադրութիւններ կ՛ըլլան եւ այս բոլորը ԴՐԱՄի համարՙ միլիոններ ու միլիառներ:
Հայաստանն ալ տարբեր չէր կրնար ըլլալ. այստեղ ալ գովազդուող ապրանքներ կան եւ այդ գովազդներուն համար հսկայ գումարներ վճարողներ կան, քանի որ անոնց ետին կան հսկայ շահեր:
Նպատակս այս գործունէութիւնը քննադատելը չէ, այլՙ գովազդուող նիւթերն են, որոնց պիտի անդրադառնամ: Անշուշտ քննիչ մարմին մը գոյութիւն ունի գովազդուող նիւթերը արտօնելու, կամ արգիլելու, անոնց յարմարութեան ու անյարմարութեան մասին որոշում առնելու: Սիկարէթի ծանուցումը կարծեմ արգիլուած է, նկատի առնելով անոր ընդհանրացման վնասները, որոնց մասին տուփին վրայ իսկ մատնանշում կայ: Սակայն, չեմ հասկնար ինչո՞ւ օղիին մասին այդպիսի արգելք չկայ: Ինչո՞ւ արտօնուած է որ օղին գովազդուի, ան ալ իրերայաջորդ քանի-քանի վահանակներու վրայ, յատկապէս փակ շուկայի կողքի փապուղիին մէջ, որուն պատերուն վրայ ոչ միայն օղիի շիշի նկար կայ, այլեւ գրութիւն մը, որ կ՛ըսէ, «Ջրի պես է խմվում»… Եղա՞ւ: Օղին վնաս չի՞ տար, ան ալ ջուրի պէս օգտագործելու պարագային: Պէտք չէ՞ օղիի շիշերուն վրայ ալ գրել, որ անոր չափազանցութիւնը վնասակար է լեարդին եւ ուղեղին:
Ով որ մտած է գովազդներու աշխարհը, կրնայ այնպիսի տարօրինակ պատմութիւններ պատմել, որ մարդու բերանը բաց կը մնայ: Կը յիշուի ամերիկացի մեքենաշէն Հենրի Ֆորտը, որ երբ իրեն հարց տուած են, թէ ի՞նչպէս կարելի է արտակարգ յաջողութեան հասնիլ, պատասխանած է, «Եթէ 1000 տոլար ունենամ, 999 տոլարը կը յատկացնեմ գովազդի եւ մէկ տոլարով գործի կը ձեռնարկեմ», շեշտելով ծանուցումի յոյժ կարեւորութիւնը:
Մարդիկ ապրանք պիտի ծախեն, ատոր համար ալ ինչ-ինչ միջոցներու կը դիմենՙ կը չափազանցեն, կը ստեն, սինեմայի, կամ մարզաշխարհի աստղեր կը վարձեն, որոնք աստղային գումարներ կը պահանջեն ու կը ստանան, քանի որ անոնց ըրած ծանուցումը միլիոնաւոր մարդիկ կը գրաւէ եւ զանոնք հլու հնազանդ հետեւող կը դարձնէ: Ֆութպոլային աստղ Ռոնալտուն մազերը այսինչ շամփուով կը լուայ. ամէն մարդ կը վազէ այդ շամփուն գնելու. Ճորճ Քլունին այնինչ սուրճը կը գործածէ, ամէն մարդ կը վազէ այդ սուրճէն գնելու:
Մարդոց տկարութիւնն ու միամտութիւնը կը շահագործեն գործատէրերը, քանի գիտեն որ կրկնուող գովազդները ոչ միայն կ՛ազդեն մարդու հոգեկանին վրայ, այլեւ անոր վիզին պարանը կ՛անցնեն ու զիրենք կը քաշեն-կը տանին ուր որ կը ցանկան:
Քանի մը տարի առաջ ճանապարհային ցուցափեղկերու վրայ ընթերցումը գովազդող ու քաջալերող պաստառներու հանդիպեցայ. նկարեցի եւ ուղարկեցի բարեկամներուս որ տեսնեն թէ ինչ մշակութային մակարդակի հասած է Հայաստանը: Չեմ գիտեր թէ այդ գովազդը կարդացողներէն քանի՞ հոգին ընթերցող դարձաւ, սակայն կրնամ վստահ ըսել, թէ օղիին գովազդը շատ աւելի մարդ գրաւեց: