Անցեալ երկու շաբաթներու ընթացքին իրար յաջորդեցին տօնական օրերՙ Ս. Սարգիս, Սրբոց Վարդանանց, Բուն Բարեկենդան եւ Գարնանամուտ: Տօներով հարուստ այս շրջանին եկաւ միանալու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնական այցը Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն:
Վարչապետին այցելութեան մասին խօսելէ առաջ կարեւոր է նշել, որ այս տօներուն ամենաժողովրդականն ու սիրուածը Ս. Սարգիսի տօնն էր, քանի ան կապուած ըլլալով երիտասարդութեան, ամէն տարի կրկնուող ցուցադրութիւններով ու եկեղեցական եւ ընտանեկան աւանդական հանդիսաւոր «ծէսերով» հարստացած է, մինչ Վարդանանցի յիշատակումը միեւնոյն կարեւորութեամբ չեղաւ, չէ եղած ասկէ առաջ ալ, ու վստահ չեմ, թէ ասկէ ետք ալ ուշադրութեան կ՛արժանանայ:
Աւարայրի ճակատամարտը, որ Նուարսակի դաշնագրով պսակուեցաւ, մեր պատմութեան ամենափայլուն էջերէն մէկն է, որուն գիտակցութեամբ, Սփիւռքի տարածքին, բացի եկեղեցիներէն, տօնակատարութիւններ տեղի կ՛ունենան դպրոցներու եւ միութիւններու մէջ: Լիբանանի մէջ հայկական բոլոր վաճառատուներն ու հաստատութիւնները փակ կը մնան, ճիշդ Ապրիլ 24-ի յիշատակի օրուան նման:
Ինչո՞ւ Սփիւռքի մէջ այսպէս կ՛ըլլայ, իսկ Հայաստանի մէջՙ ոչ, չեմ գիտեր: Չեմ ալ ուզեր ամէն թերութեան նման, յանցանքը խորհրդային վարչակարգին վրայ նետել:
Բարեկենդանի օրն ալ արտերկրի մեր կրթական ու հասարակական կազմակերպութիւնները դիմակահանդէսներ կը կազմակերպեն եւ լաւագոյն ծպտումի մրցանք կը յայտարարեն: Իսկ Հայաստանի մէջ այդպիսի բանի չհանդիպեցայ: Բուն Բարեկենդանը Մեծ Պահքի մեկնակէտն է, որուն համար ալ դիմատետրի (Ֆէյսպուք) էջերուն բազմատեսակ մաղթանքներ տեղացին «Շնորհաւոր Բարեկենդան, բարով հասնիք Ս. Յարութեան» պարունակուոթեամբ:
Այս տօները օրացոյցի էջերուն անիմաստ զարդարանքներ չեն: Անոնք մեր կրօնական եւ հասարակական աւանդոյթներն են, եւ քանիերորդ անգամ ըլլալով ըսեմ, թէ աւանդոյթները ազգագրական հարստութիւններ են, որոնք անհոգութեան մատնելը սխալ է:
Գարնանամուտը, որ այստեղ Մարտի առաջին օրը կը նշուի, իր անդրադարձը ունեցաւ թէ՛ հեռատեսիլի եւ թէ ձայնասփիւռի ծրագիրներուն մէջ:
Այս երեք կամ չորս տօներէն անկախ, Վարչապետին առաջին այցելութիւնը Իրանի Հանրապետութիւն, հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը, կամ, ով գիտէՙ յատուկ դասաւորումով, տեղի ունեցաւ Վարդանանքի յիշատակի օրուան նախօրեակին: Ինծի համար նոր Աւարայր մըն էր, կամ նոր Նուարսակ մը, սակայն, ոչ «Պարսկաստանի» վրայ թշնամաբար, այլ բարի դրացնութեան բազմադարեան կապերը ամրապնդելու եւ ի շահ երկու անկախ պետութիւններու, զանազան օգտաշատ համագործակցութեան հիմքեր դնելու համար, հակառակ Ամերիկայի «յորդորին», որ մեր երկիրը չգործակցի պատիժներու ենթարկուած Իրանի հետ եւ նոյնիսկ իր սահմանը փակէ անոր հետ:
Բացի պետական բարձրորակ ընդունելութենէն, վարչապետ Փաշինեանի հանդիպումը իրանահայ համայնքին եւ իր ելոյթը անոնց առջեւ յատուկ տպաւորութիւն գործեց եւ սիրով ու գնահատանքով ընկալուեցաւ, ի հեճուկս խճաքարերը իրենց ձեռքին պահած ու ամէն առիթի զինք քարկոծելու պատրաստ մարդոց հեգնանքին, որ վարչապետը Պապ թագաւորի մասին կ՛ուզէ աւելի ընդարձակ տեղեկութիւններ քաղել, յաւելեալ ընթերցումներով:
«Վա՜յ… վարչապետը Պապ թագաւորին մասին բան չի գիտեր…»:
Հապա՞, միւս բոլոր շրջաններու իշխանաւորները կլլած-վերջացուցած էին հայոց պատմութիւնը: Ինչ լաւ բան է արդար ու անաչառ ըլալը. մարդուն անկեղծութիւնը գնահատելու փոխարէն, մատի փաթթոց կ՛ընեն անոր մէկ խոստովանութիւնը:
Մեր տօներուն շարքին երանի անաչառութեան տօն մըն ալ ունենանք: