Երեկոյ է: Նստած եմ հրապարակի նստարաններէն մէկուն վրայ, կողքիսՙ երիտասարդ մը: Մեզի մօտեցան թեւանցուկ երկու կիներ, մէկը տարիքոտ, միւսըՙ երիտասարդ, հաւանաբար մայր ու աղջիկ: Դիմեցին մօտս նստողին դրամական օգնութիւն խնդրելով, ըսելով որ Էջմիածին պիտի վերադառնան եւ դրամ չունին: Քովինս անմիջապէս վանեց զիրենք. տեսայ որ տխրեցան ու ետ պիտի հեռանային, երբ կեցուցի զիրենք ու խնդրեցի որ բացատրեն, թէ ի՞նչ կ՛ուզեն: Երիտասարդուհին ըսաւ, որ Էջմիածին պիտի երթան եւ բաւարար դրամ չունին մօտերնին: Ըսիՙ Էջմիածին 400 դրամով կը տանին, այդքա՞ն ալ չունին: Աղջիկը ըսաւ, որ մօտերնին 800 դրամ կայ, սակայն այս ժամէն ետք այդ թաքսի ծառայութիւնները չեն ըլլար եւ ստիպուած են անհատական թաքսի վարձել, որ 2000 դրամ կ՛արժէ:
Այսպիսի պարագաներու խիղճս չի տանիր, շատ հարցուփորձ չըրի, ու տուի իրենց պակսած գումարը: Շնորհակալ եղան ու գացին: Հազիւ քիչ մը հեռացած էին, քովիս տեղացի երիտասարդը բարձրաձայն խնդաց ու սկսաւ ձեռք առնել զիս, որ այսքան դիւրին խաբուեցայ: Ըսիՙ ի՞նչ գիտես, թերեւս իսկապէս կարիք ունին, չէի կրնար անտարբեր մնալ ու մերժել: Ըսաւՙ տե՛ս, տե՛ս ո՞ր կողմ ուղղուեցան, Էջմիածին գացողները հրապարակին միւս կողմը չեն անցնիր, հիմա կ՛երթան ուրիշ որս մը գտնելու… Խօսակիցս, որ հաւանաբար թաքսիի վարորդ էր ու հիւրանոցէն դուրս եկողներուն մէջ յաճախորդ կը փնտռէր, տեղէն ելաւ ու գնաց ժպիտը դէմքին: Ըսի, հիմա հաւանաբար միտքէն կ՛ըսէ. «Ախմախ սփիւռքահայ, դրամդ շատ է երեւի, որ այսքան դիւրին հրաժարեցար այդ գումարէն»:
Ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ խնդիրը պատահելէն ետք կը սկսիմ հանդարտ մտածել ու հարցին խորքը թափանցել: Նախՙ կ՛ըսեմ 2000 դրամով ոչ մէկ թաքսի այս ուշ ժամուն Էջմիածին կ՛երթայ, մասնաւորաբար որ վերադարձին յաճախորդ կասկածելի է որ գտնէ, քանի օդակայանը, որ աւելի մօտ է, 2500 դրամով կը տանին եւ վերադարձին ալ անպայման յաճախորդ կը գտնեն:
Երկրորդՙ եթէ Էջմիածին պիտի վերադառնային, ինչո՞ւ աւելի կանուխ չշարժեցան, երբ մատչելի սակով երթեւեկող երթուղայիններ կրնային նստիլ:
Երրորդՙ տրամաբանակա՞ն է, որ մարդ Երեւան գայ ու գրպանը վերադարձի գումար չունենայ:
Չորրորդՙ կրնայի ստուգել իսկապէ՞ս Էջմիածինէն են, իրենց անձնագիրները ստւգելով…
Չերկարեմ, այս բոլորը չըրի ու ինքզինքս համոզեցի, որ եթէ կարիքաւոր չըլլային, այս ձեւին չէին դիմեր:
Քանի անգամ գրաւոր անդրադարձեր եմ մուրացկանութեան այս ստորնացուցիչ երեւոյթին: Ահաւոր բան է, մայրաքաղաքին կեդրոնը ամէն փողոցի մէջ պառաւ կիներ, մայթերուն նստած ափերնին բացՙ ողորմութիւն կը խնդրեն: Ուշադրութիւն ըրէք, կինե՛ր, ոչ տղամարդիկ… Ես շատ վատ կը զգամ, որ իմ երկրիս մայրիկնրը փողոցները ինկած դրամ կը մուրան, իրենց համար, կամ թէ ուրիշի մը համար, որ զիրենք կ՛աշխատցնէ»…
Նախկին քաղաքապետը չարձագանգեց, ներկայ քաղաքապետը արդեօք ժամանակ կ՛ունենա՞յ այս «անկարեւոր» հարցին անդրադառնալու: Ասոնք մշակոյթով ու գիտական նուաճումներով հարուստ Հայաստանի վէրքերն են: Ո՞վ պիտի բուժէ:
Թերեւս տեղացիէ մը աւելի է նախանձախնդրութիւնս, որ օտարները հիանան մեր երկրով, անոր ժխտական երեսները չտեսնեն, հակառակ որ ես քանի մը եւրոպական եւ ամերիկեան քաղաքներ եղած եմ ու տեսած այդ հարուստ ու զարգացած երկիրներուն տգեղ երեսներըՙ գետնէն սիկառէթի մնացորդներ հաւաքողներ, աղբամաններուն մէջէն ուտելիք փնտռողներ, բացօթեայ նստարաններուն վրայ անտուն գիշերողներ, դանակի մը օգնութեամբ դրամ շորթողներ… Այս բոլորը գիտնալով հանդերձ, չեմ ուզած որ մեր երկրին տգեղ երեսը ցոյց տրուի:
Լաւ որ օտար զբօսաշրջիկները մեր թերթերը չեն կարդար, թէ չէ ամէնօրեայ սպաննութիւններու, անձնասպանութիւններու ու տարատեսակ հաշուեյարդարներու պատճառով կռիւներէն տուժածներու ու վիրաւորներու պատմութիւններուն իրազէկ դառնալով, յանկարծ իրենք զիրենք Շիքակօ կամ Սիկիլիա պիտի կարծէին:
Մեր երկրին անունը բարձր պահելը մեր բոլորիս վիզին պարտքն է: