Թէպետ Հայկ Մարութեանը քաղաքապետ ընտրուելու առաջին օրէն իսկ խոստացաւ քաղաքի երթեւեկութեան միջոցները բարելաւել եւ հին փոխադրամիջոցները արդիական նորերով փոխարինել, սակայն խոստումին իրագործումը հազիւ երկու տարի ետք միայն ընթացք առաւ, այն ալՙ մայրաքաղաքի քանի մը երթուղիներուն պարագային: Կարեւորը սկսիլն է, վստահ եմ կամաց-կամաց, ամիսներ ետք քաղաքը կը խճողուի նորերով. միայն թէ ամիսներըՙ տարիներ չըլլան, որ այսօրուան նորերը արդէն հինցած ըլլան…
Անցեալ երկու շաբաթներու ընթացքին քանի մը անգամ նոր երթուղային միքրոպասերը օգտագործեցի: Առաջին ակնարկով գրաւիչ էինՙ կոկիկ, մաքուր, մուտքի գանձանակով, երթուղիի սկիզբն ու աւարտը ծանուցանող լուսաւոր հոսուն տառերով, ներքին սիւներէն մէկուն վրայ ամրացուած ախտահանիչի սրուակով: Մուտքի բաց տարածութիւնը յատկացուած է անուաւոր աթոռներով բարձրացողներուն, ուր կան նաեւ երեք ծալուող աթոռներ, յատկացուած հաշմանդամներու: Վարորդը դիմակով է եւ առանց ծխելու կը վարէ մեքենան: Կը դիտեմ ու կը հետեւիմ իւրաքանչիւր մանրամասնութեան: Չէ՞ որ մանրուքներէն կը սկսին օրէնքներն ու քաղաքակրթութիւնը: Ուրախ եմ, որ քաղաքապետարանը քաղաքի երթեւեկութեան ամբողջ ցանցը վերանորոգելու աշխատանքին ձեռնարկած է:
Թէպետ աթոռները նեղ են, եւ նստողներուն ծունկերը ակամայ իրարու կը քսուին, սակայն լուրջ հարց մը չէ, մեքենայի նստատեղիները ձեւաւորողը այնպէս մը ըրած է, որ առաւելագոյն թիւով մարդոց ծառայէ:
Հինըՙ նորով փոխարինելը դիւրին է, դժուարըՙ մարդը փոխելն է, հինին վարժուած մարդը դժուար թէ նորին համակերպի, սովորոյթը տիրական է:
Մեքենան օրինաւոր է, ինչ որ տնօրինուած է եւ սարքուածՙ անփոփոխ է: Ինչ որ օրինաւոր չէՙ մարդիկն են: Ըսուած է, որ առանց դիմակի երթուղային բարձրանալ արգիլուած է: Ո՞վ պիտի հսկէ, որ գործադրուի այս օրէնքըՙ անշուշտ վարորդը, քանի որ ուղեւորը չ՛ենթարկուիր: Սակայն վարորդին հոգն իսկ չէ, ոմանք կը բարձրանան առանց դիմակի, ոմանք ոտքի կը մնան, երբ տեղերը գրաւուած կ՛ըլլան, ո՞վ պիտի արգիլէ, վարոր՛դը. Սակայն վարորդին ականջը գանձանակին մէջ նետուող դրամներուն է, երբ ձայնը չառնէ, այն ատեն կը լսես իր ձայնը:
Ամիսներէ ի վեր ամէն մարդ գիտցաւ, որ երթուղային բարձրանալու ատեն միասին հարիւր դրամանոց ունենալու է. կը մոռնան, կ՛ըսենՙ վարորդը կը մանրէ, երբ վարորդը չմանրէ, այս անգամ նստողներուն կը դիմեն, որ մանրեն:
Օրէնքի ենթարկուիլ չենք սիրեր, օրէնքէն սպրդելու մասին տեսակաւոր սուտեր փչելու մասին կը մտածենք: Սա դիմակը պարտադիր պիտի դնես, աշխարհի միլիառաւոր մարդոց նման, դուն առանձնաշնորհեալ չես, ոչ ալ ի վերուստ պաշտպանուած վարակին դէմ: Դիմակ դնելէ ետք ալ լման պիտի ծածկես քիթդ ու բերանդ, յատկապէս քիթդ, սակայն շատեր կը բաւականանան իրենց կզակը ծածկելով: Գիտակցութեան պակա՞ս, թէ՞ անտարբերութիւն:
Երթեւեկութեան կարեւոր երեսներէն մէկն ալ վարձակառքերն ենՙ թաքսիները, որոնց հարցը անլուծելի կը մնայ ցարդ: Քանի մը անգամ խօսած եմ այս մասին, սակայն ոչ մէկ անդրադարձ: Կարծես այս ոլորտը իր առանձնաշնորհեալ ազատութիւնները ունի: Հեռատեսիլէն կը տեսնեմ ոչ այնքան զարգացած երկիրներու քաղաքային թաքսիները, որոնք միագոյն են, յատուկ համարանիշ եւ հաշուիչ ունին, ինչ որ անհրաժեշտ է, իսկ մեր մօտ, որ գեր-«տեխնոլոգիական« երկիր պիտի կառուցենք, յիշածներէս ոչ մէկը գոյութիւն ունիՙ շատ քիչ մեքենաներ կան, որոնք հաշուիչ ունին, իսկ անդին, ինչ տեսակի, կամ գոյնի մեքենաներ ըսեսՙ թաքսի կ՛աշխատին, եւ այս թերութիւններուն վրայ ալՙ բոլորին ապակիները «մգացուած» են, անթափանց: Կը զարմանամ, այս ի՞նչ հեղինակութիւն ունին այս թաքսիի տէրերը, որ կառավարութիւնը չի կրնար իր օրէնքները պարտադրել:
Քաղաքը արդիականացնելՙ կը նշանակէ անոր բոլոր երեսները նկատի առնել եւ բարելաւել: Ներկայ քաղաքապետը լաւ բաներ ալ կը կատարէ, շէնքերու հինցած վերելակները նորերով կը փոխարինէ, նոյնպէսՙ ելեկտրական ցանցերը, աստիճանավանդակներուն ներկը, աղբահանութիւնը յաջողեցաւ լաւ կազմակերպել եւ այլն: Միմիայն քննադատելն ալ ճիշդ չէ, արդար ըլլալով դրական բաներն ալ յիշելու է: