Եգիպտահայ երաժշտագէտ, երաժիշտ եւ հրապարակախօս Հայկ Աւագեանը սփիւռքահայ այն եզակի մտաւորականներից է, որոնք տասնամեակներ շարունակ լռելեայն եւ տքնաջան կատարում են իրենց աշխատանքըՙ դիտմամբ հեռու մնալով լուսարձակներից: Մինչդեռ նրա գործունէութիւնը եւ վաստակը միանգամայն արժանի են ըստ արժանուոյն գնահատման:
Հայկ Աւագեանը (ծն. 1964) ուսանել է Կահիրէի Պետական երաժշտանոցի դաշնամուրի բաժնում եւ Երեւանի Կոմիտասի անուան կոնսերվատորիայի դաշնամուրի եւ երաժշտագիտութեան բաժիններում: Վերադառնալով Եգիպտոսՙ հանդէս է եկել որպէս համերգային դաշնակահար, 1992-2001 թթ. որպէս կոնցերտմէյստէր պաշտօնավարել է Կահիրէի օպերայի թատրոնում, նաեւ մինչեւ 2007 թուականը եղել է նոյն թատրոնի երգչախմբի գլխաւոր խմբավարը: 2006-2010 թթ. եղել է Ալեքսանդրիայի Մատենադարանի մեծահասակների եւ երեխաների զոյգ երգչախմբերի խմբավարն ու գեղարուեստական ղեկավարը: Կահիրէի ՀԲԸՄ-ի հովանաւորութեամբ քննական խմբագրութեամբ հրատարակել է 23 երաժշտական հատորներՙ մեծ մասամբ հիմնուած հայ երաժշտահանների անտիպ ինքնագրերի վրայ (Չուհաճեան, Եկմալեան, Կարա-Մուրզա, Սպենդիարեան, Գոհարիկ Ղազարոսեան): 2001-2008 թթ. Կահիրէում լոյս է ընծայել «Ծիծեռնակ» եռամսեայ երաժշտական հանդէսըՙ նուիրուած բացառապէս հայ երաժշտութեանը (լոյս է տեսել 29 համար): 2016 թուականից հրատարակում է «Ջահակիր» շաբաթաթերթի յաւելուածների մատենաշարըՙ մեծ մասամբ իր հեղինակութեամբ, ինչպէս նաեւ հրապարակախօսական յօդուածներով աշխատակցում է նույն թերթին:
– Սիրելի՛ Հայկ, շնորհակալ եմ, որ համաձայնուեցիր հարցազրոյց տալ. գիտեմ, որ դա քո նախասիրութիւններից դուրս է (ինչպէս նաեւ մասնակցութիւնը գիտաժողովներին): Եգիպտահայութեան երբեմնի աշխոյժ մշակութային գործունէութիւնը տեւական նահանջի մէջ է, սակայն քեզ նման մէկ անհատը, թէկուզեւ իր, թոյլ տուր ասել, կղզիացած գործունէութեամբ, շարունակում է գործել անդուլ եւ անշահ, չունենալով ամուր աջակցութիւն: Ի՞նչ է սաՙ կեանքի կոչո՞ւմ: Իսկ գուցէ այլընտրանքի բացակայութի՞ւն: Իսկ եթէ աւելի խիստ լինենքՙ պատի՞ժ…
– Շնորհակալութիւն, սիրելի Արծուի, գնահատական ու քաջալերական խօսքերուդ համար:
Կրնամ ըսել, որ կղզիացումը իր շերտերը ունի: Եթէ նկատի առնենք, որ բոլոր հին ու նոր հրատարակութիւններս տեղադրուած են առցանցՙ ազատ բեռնումի եւ ընթերցումի համար, պէտք է ընդունիլ, որ դիտորդներու քանակը (քանակէն անդին չեմ կրնար բան մը ըսել) բնաւ ալ կղզիացում չի նախատեսեր:
Բայց, միւս կողմէ, կենդանի շրջապատի առումով, գաղափարներու իրական քննարկութեան կարելիութիւն չկայ, եւ այս առումով կղզիացումը կը հնչէ տեղին: Վերջերս քանի մը անգամ փորձեցի Հայկական Ընթերցասրահի կազմակերպութեամբ նախաձեռնել ազատ խօսքի եւ վիճաբանութեան երեկոներ, ուր ներկաները առիթ ունէին առանց կաշկանդումներու խօսիլ նախապէս ընտրուած խնդրական նիւթի մը շուրջ: Արդիւնքը եղաւ կատարեալ ձախողութիւնՙ երեւոյթին նկատմամբ եղած անվստահութեան եւ ներկաներու գրեթէ չգոյութեան պատճառով (շնորհակալութիւն, անշուշտ, քանի մը նուիրեալ ներկաներուն). նոյնիսկ որոշ բացականեր ականջիս հասցուցին հեգնական նկատողութիւններ: Սփիւռքի ուժային հիմնահոսանքըՙ բեմ/հանդիսատէս, դասախօսութիւն/ունկնդիր, գրող/ընթերցող, ուսուցիչ-վերապատրաստող-վերահսկիչ/աշակերտ, ղեկավար/(ոչ-)հասարակութիւն կտրուկ երկուութիւններէն անդին անցնիլ, այնքան ալ չէ համոզուած տակաւին, որմէՙ մասնաւոր ծրագրուած նիւթերու կանխամտածուած ընտրութիւն եւ այլախոհ գաղափարներու պարտադիր կղզիացում (այլախոհութիւնը չշփոթել դպրոցի, հայեցի դաստիարակութեան, հայապահպանութեան, հայերէն լեզուի նիւթերուն շուրջ գոյութիւն ունեցող քննադատութիւններուն հետ, քանզի այլախոհութիւնն ու քննադատութիւնը տարբեր բաներ են):
Վերջապէս, կղզիացումն ալ ունի իր մեծ առաւելութիւնըՙ զոր կը համարեմ խնդիրի ամենէն կարեւոր կողմը: Representations of the Intellectual դասախօսութիւն-հատորին մէջ, մտաւորականի մասին արտայայտած բազմաթիւ ուշագրաւ գաղափարներուն կողքին, Էտուարտ Սայիտ առաջ կը քաշէ այն կարծիքը, որ նախընտրելի է մնալ լուսարձակէ դուրս եւ սեփական կարծիքը արտայայտել ազատօրէնՙ ազատագրուած միտքով, քան ըլլալ լուսարձակութեան կեդրոնը եւ արտայայտուիլ թելադրուած գաղափարախօսութեան սահմաններուն մէջ: Եւ այս առումով «կղզիացած» մտաւորականը համարած է բախտաւոր: Ես ինքզինքս այդ բախտաւորներէն մէկը կը նկատեմ: «Ջահակիր»-ի մէջ կը գրեմ այն, ինչ կ ուզեմ գրելՙ առանց մտածելու վերադիր արձագանգներու մասին, առանց հասցէագրելու յատուկ կողմնորոշում ունեցող խմբաւորումներուՙ անոնց հաւանութիւնը (շքանշան, մրցանակ, գովաբանութիւն) ստանալու հմայքէն տարուած: Բացի այդ, բոլոր գրութիւնները մատչելի են առցանց:
– Քեզ հետ կարելի է զրուցել ամէն ինչիցՙ նկատի ունենալով քո լայն հետաքրքրութիւններն ու քաջատեղեակութիւնը հայաշխարհի ու մշակոյթի վերաբերեալ: Սկսենք երաժշտութիւնից: Դու իրականացրել ես հայ եւ եգիպտացի երաժշտահանների ստեղծագործութիւնների համաշխարհային առաջնախաղեր: Ինչպիսի՞ն է դասական երաժշտութեան ներկայ վիճակը Եգիպտոսի նման երկրում:
– Եգիպտոսի մէջ դասական երաժշտութիւնը անհամերաշխ գոյակցութիւն ունի աւանդականին (Օմմ Քուլսում, Ապտէլ Ուահապ, եւ այլն) հետ: Կամ ուրիշ, աւելի մեղմ բառերով կարելի է ըսել, որ դասականը միշտ ձգտած է աւանդականին: Վերջինիս գոյութիւնը տիրական է: Պզտիկ օրինակ մը: 1990-ականներու առաջին կիսուն, Գահիրէի Օփերայի թատրոնը կարեւոր փորձեր կատարեց առաջին անգամ բեմադրելու հին ու նոր երաժշտահաններու օփերաներ (որ, դժբախտաբար, չունեցաւ իր շարունակութիւնը): Նկատի ունենալով, որ այնտեղ պաշտօնավարող միակ կոնցերտմէյստէրն էի, որ գիտէ արաբերէն լեզուն (բոլոր կոնցերտմէյստէրները եղած են, եւ մինչեւ այսօր կը մնան, օտարերկրացիներ) ինծի յանձնուեցաւ մենակատարներուն եւ երգչախումբին պատրաստութիւնը: Մեներգիչներուն մօտ ի սկզբանէ դիմադրութիւն կար օգտագործելու օփերայի գլխային ձայնի դիրքաւորումըՙ պատճառաբանելով, որ անիկա կը խանգարէ բառերու յստակ առոգանութիւնը: Բայց այդպէս է օփերան ընդհանրապէս: Առոգանութեան բացառիկ յստակութիւնը, որ առկայ է աւանդական մեներգիչներուն մօտ, անկարելի է վերարտադրել օփերայի մէջ: Բայց եւ այնպէս, օփերայի եգիպտացի երգիչներուն համար բառը կու գար ձայնային դիրքէն առաջ: Ձգտում դէպի աւանդական երաժշտութիւն: Եկէք մենքՙ հայերս, խոստովանինք, որ անկարող ենք «Անոյշ»-ի լաւագոյն կատարումի մը բառերը ամբողջապէս հասկնալու, եթէ նախապէս ծանօթ չըլլանք անոնց: Ասիկա տակաւին չի հերքեր բառին կարեւորութիւնը նոյն «Անոյշ»-ին մէջ:
Անկասկած, Գահիրէի երաժշտանոցը (կոնսերվատորիա) եւ երաժշտական-մանկավարժական հիմնարկը, որոնք կը պատրաստեն մինչեւ տոքթորականի աստիճան, ինչպէս նաեւ Օփերայի թատրոնը, կրթութեան եւ մշակոյթի կարեւոր կեդրոններ են: Բայց անոնց տարողութիւնը 100 միլիոն ժողովուրդի ընկալումի տարածութեան մէջ բաւական սահմանափակ է:
Այստեղ ուրիշ հարց մը զիս հետաքրքրած է. այն էՙ եգիպտացի դասական երաժշտահաններու (կոմպոզիտոր) գործերու տպագրութեան հարցը: 1997 թուականին էր, երբ յաջողեցայ ձեռք ձգել եգիպտացի առաջին դասական երաժշտահան Եուսէֆ Կրէյսի (1899-1961) ձեռագիրներուն պատճէնները եւ խմբագրել ու կազմել անոր ամբողջական գործերը 12 հատորովՙ արաբերէն մանրամասն ծանօթագրութիւններով: Ասիկա առաջին եւ ցարդ միակ փորձն է խմբագրելու արաբական աշխարհի դասական երաժշտահանի մը ամբողջական գործերը: Աշխատանքը չհրատարակուեցաւ, մինչեւ որ անոր թուային տարբերակը (12 հատորներըՙ ծանօթագրութիւններով) վերջերս հրապարակեցի առցանց (Internet Archive): Երաժշտական տպագրութիւնը Եգիպտոսի մէջ, դժբախտաբար, կը մնայ չգործադրուած անհրաժեշտութիւն մը:
Քովս կը գտնուին եգիպտական սինեմայի հռչակաւոր երաժշտահան Ֆուատ Ալ-Զահերիի (Կարապետ Փանոսեան) համերգային (ոչ-սինեմայի) գործերու ձեռագիրներուն պատճէնները, որոնց խմբագրութիւնը եւ հրատարակութիւնը (հայկական միջոցներով) երազ մըն է տակաւին:
– Մաղթեմ, որ ադ երազդ նոյնպէս կիրականացնես, թէեւ կասկածում եմ, որ հայկական միջոցներով… Հայկ, մեր իրականութեան մէջ աննախադէպ է «Ջահակիր» շաբաթաթերթի յաւելուածների մատենաշարը: Ցարդ սահմանափակ տպաքանակով լոյս է տեսել 48 հատոր, որը ցրւում է անվճար: Դրանք մեծ մասամբ վերաբերում են եգիպտահայութեան պատմութեանն ու մշակոյթինՙ նոր կեանք տալով անտիպ ձեռագրերում եւ մամուլում անթեղուած նիւթերին: Ո՞ւմ նախաձեռնութիւնն էր սա, եւ որքանո՞վ է այն հասնում ընթերցողին:
– Նախաձեռնութիւնը իմս էր: Պատճառՙ կուտակուած նիւթերու եւ միտքերու հրատարակութեան ներքին պահանջ: Ֆինանսաւորումը կու գայ «Ջահակիր»-էն, շնորհիւ անոր խմբագիր-տնօրէն Մարտիրոս Պալաեանի հաւանութեան եւ արտօնութեան, այլեւ քաջալերութեան:
Ընթերցողին հասնելու յաւերժական հարցին մասին այլեւս չեմ մտածեր: Գիրքերը կան առցանց, տպագիր եւ թուային, օրինակներ կը ղրկենք Հայաստանի գրադարանները (որոնք միշտ խանդավառութեամբ ընդունած են զանոնք, այլեւ ուրիշ օրինակներ եւս խնդրած): Եւրոպական հայկական գրադարան մը չուզեց զանոնք ունենալ. ըսաւ որ «Ջահակիր»-ները կը նետէ. մնացածը մեր համեստ վարչական տնօրինութենէն անդին է:
– Տասնհինգ տարի առաջ հիւրընկալուեցի եգիպտահայ համայնքում: Ի՞նչ տեղաշարժեր են եղել համայնքում այս ժամանակահատուածում:
– Սփիւռքի մէջ տեղաշարժներ տեղի չեն ունենար: Ներքին մղումէ բխած տեղաշարժեր պէտք չէ տեղի ունենան: Տեղի կ ունենան արտաքին արհաւիրքներէ եկած տեղաշարժերՙ բացասական իմաստով: Հալէպը վերջին օրինակ մը կրնայ ներկայանալ բացասական տեղաշարժի:
Եթէ նկատի ունիս քու այցելութենէդ ի վեր կատարուած փոփոխութիւնները, կրնամ ըսել որ հնազանդութեան (Հայաստանի մէջ կ ըսենՙ լոյալութեան) աստիճանը քիչ մը աւելի բարձրացաւ: Հնազանդութեան հակառակը անպայմանօրէն ըմբոստութիւնը չէ: Քննադատութիւն, քննադատութենէն առաջ եւ աւելի կարեւորՙ քննականութիւն եւ խնդրականացում, որոնք հնազանդութեան փոխարինողները կրնան ըլլալ: Կրնա՞ս հաւատալ հասարակութիւն մը, ուր ամէն բան չափէն աւելի լաւ է: Ի՞նչ է լաւի չափանիշը, որ ամէն բան լաւ ըլլայ:
– Դու Սփիւռքի այն սակաւաթիւ հրապարակախօսներից ես, որ քաջատեղեակ է հայ կեանքի զարգացումներինՙ Հայաստանում թէ արտերկրում եւ մշտապէս արծարծում են ցաւոտ խնդիրներ: Ինչպէ՞ս կատարուեց երաժշտագիտութեան համատեղումը հրապարակախօսութեան, աւելինՙ քաղաքագիտութեան հետ:
– Սկիզբը երաժշտութիւնն ու երաժշտագիտութիւնն էր: Միայն երաժշտութիւնը: Յարմարաւէտ կը զգայի «փրոֆեսիոնալ»-ի տարազին մէջ: Յետոյ մասնագիտական կեթթոյացումը չբաւարարեց զիս: Դարձեալ հետեւեցայ Սայիտի վերոյիշեալ հատորին, ուր կը քննարկուի մտաւորականի ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութեան հարցը, ներգրաւուածութիւնՙ կենդանի կեանքի եւ ապրուած փորձառութեան հետ, ներգրաւուածութիւնՙ բնագաւառներու փոխներթափանցումի եւ անոնց միջեւ օտարացումի վերացումի առումով: Սիրեցի ֆրանսացի հրաշալի փիլիսոփաներ Ալէն Պատիուն եւ Միշէլ Օնֆրէն, որոնք անընդհատ կ արտայայտուին առօրեայ իրադարձութիւններուն մասին, իրականութեան համապատասխան լեզուովՙ առանց քօղարկումներու: 2014-ին «Ջահակիր»-ի մէջ գրեցի յօդուածաշար մըՙ «Փրոֆեսիոնալը» խորագիրով, ուր քննադատեցի «փրոֆեսիոնալ» մակարդակի վրայ մնացած մտաւորականները եւ առաջարկեցի ոչ թէ ջնջել փրոֆեսիոնալիզմը եւ յետքայլ կատարել, այլ անցնիլ անկէ անդինՙ դէպի մտաւոր ազատագրութիւն, զոր անուանեցի յետ-փրոֆեսիոնալիզմ, որուն հիմքերէն մէկն է ներգրաւուածութիւնը: Քաղաքականութիւնը մաս կազմեց այս ներգրաւուածութեան: Բայց նաեւ ուրիշ շատ բաներ:
Օրինակ, «Ջահակիր»-ի մէջ փորձած եմ ուշադրութիւն դարձնել Հայաստանի աքթիւիզմին իբրեւ հասարակութեան ներքին շերտերը բացայայտող առողջ գործընթացքՙ 2014-ին հրատարակելով երկար յօդուածաշար մը այնտեղի աքթիւիզմի մասին 2007 թուականէն մինչեւ 2012-ի առաջին կէսը (ի դէպ, յօդուածին մէջ կան ֆէյսպուքէն քաղուած տեղեկութիւններ, որոնք այսօր ոչ մէկ տեղ արձանագրուած են), 2018-էն սկսեալ հետեւողականօրէն մեկնաբանելով Ամուլսարի հարցըՙ այնտեղ պահակ կանգնած աքթիւիսթներու տեսանկիւնէն (առանց երբեք անձնական յարաբերութիւն ունենալու անոնց հետ), 2020-ին մանրամասնօրէն ներկայացնելով Ֆիրդուսի պաշտպանութեան աքթիւիզմը: Այս բոլորը թապուներ են Սփիւռքի համար, եւ եթէ յիշատակուինՙ լուրէն անդին չեն անցնիր:
2016-ին էջեր լեցուցած եմ Սասնայ Ծռերու ապստամբութեան մասինՙ զայն դիտելով ընդդիմութեան եւ մանաւանդ Հայաստանի այլընտրանքային մտաւորականութեան աչքով: Դարձեալ սփիւռքեան թապու մը:
Սայիտեան Արեւելապաշտութիւնը նպաստեց նորովի մեկնաբանելու Արմենակ Շահ-Մուրատեանի փարիզեան ուսանողական շրջանը, երբ ֆրանսական մամուլի գրութիւններուն ամբողջականութիւնը զայն կը դիտէր արեւելապաշտ տեսանկիւնէն, բան մը, որ տարբեր է Չօպանեանի նոյն շրջանին համար ներկայացուցած պատկերէն («Ջահակիր», 2021, թիւ 1884-1890):
Նոյն այդ Արեւելականութիւնը, այլեւ Հայաստանի Սոցիոսկոպի երեք հասարակագիտուհիներուն եւ Աղասի Թադէոսեանի հրատարակութիւնները արգիլուած սեռականութեան մասին, ինծի համար հիմք դարձան ապաարեւալականացնելու եւ ապասեռականացնելու արեւելեան պարուհիի տիպարըՙ բացասական պորտապարուհիէն անցնելով չէզոք արեւելեան պարուհիի հասկացողութեան, որ իր կարգին ճամբայ բացաւ մշակութապէս ներկայացնելու եգիպտական սինեմայի մէջ աստղային դրութեան հասած երեք հայ արեւելեան պարուհիներու կեանքն ու գործունէութիւնը («Ջահակիր», Յաւելուածներ ԽԳ.-ԽԴ., 2021):
Ուալթըր Օնկի բանաւորութիւնը օգնեց նորովի դիտելու Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործական հենքըՙ զայն ընդունելով իբրեւ անցում բանաւորութենէն դէպի գրաւորութիւն, փոխանակ միաձայնէն դէպի բազմաձայնութիւն («Ջահակիր», Յաւելուած ԻԸ., 2019):
Մինչ Սփիւռքը զբաղած է մեծահարուստներուն դէմքը ոչ միայն պայծառեցնելով, այլեւ արհեստականօրէն դարձնելով մշակութասէր, «Ջահակիր» կը հրատարակէր երկու ծաւալուն յօդուածաշարերՙ փորձելով ներկայացնել բարեգործ հարուստներու իրական մղուածութիւնը եւ չխնայելով կուռք դարձած անուններու քննադատութիւնը («Ջահակիր», 2015, թիւ 1738-1741. 2017, թիւ 1785-1791):
Մարքսի «Դրամագլուխ»-ի ընթերցումը փափաք յառաջացուց, որ քորոնաժահրը մեկնաբանեմ դրամատիրական տնտեսութեան պարբերական ճգնաժամի ծիրին մէջՙ ճգնաժամը դնելով ժահրէն առաջ, ճգնաժամըՙ իբրեւ ժահրի սկզբնաղբիւր եւ ոչ թէ հակառակը, ինչպէս նաեւ ժահրը ներկայացնեմ 20-րդ դարու հիւանդութիւններու զանգուածայնացումի հասկացողութեան մէջ («Ջահակիր», 2020, թիւ 1863-1872):
Դասական մարքսիզմի (բայց ոչ երբեք խորհրդային Համայնավարութեան, որոնք տարբեր բաներ են) եւ անարշիզմի ընթերցումով փորձեցի դիտարկել Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Կը վախնանք, որ մարքսիզմով կը վերացուի ցեղասպանային հասկացողութիւնը, բայց իրականութեան մէջ, մարքսեան գրութիւններու հարազատ ընթերցումի պարագային, ճիշդ հակառակն է, որ տեղի կ ունենայ («Ջահակիր», Յաւելուած Դ., 2016): Առ նուազն, մարքսիզմը (ո՛չ անպայմանօրէն ինքնին Մարքսը) իրազեկ է այն մեքանիզմներուն, որոնք կրնան արգիլել ցեղասպանութիւնները ընդհանրապէս: Իսկ այսօր կ ուզենք արգիլել ցեղասպանութիւններըՙ գործածելով դրամատիրական աշխարհի այն նոյն գործիքները, որոնք պատճառ հանդիսանացած են ու պիտի հանդիսանան ցեղասպանութիւններու: Բացատրութիւնըՙ գիրքին մէջ:
Հաւաքելով բաւարար տեղեկութիւններ Արցախի տարածքը եւ յատկապէս Ազըրպէյճանի կողմը կուտակուած ահռելի քանակութեամբ ու որակով զէնքերուն մասին, 2015-ին կը գրէի. «Ղարաբաղի հարցը, կրնամ ըսել, նոր կը սկսի, կամ կ ընդունի նոր ու վտանգաւոր տեսք մը» («Ջահակիր», թիւ 1754): 2020-ի 44-օրեան չփաստե՞ց արդեօք ասոր ճշդութիւնը:
Եւ նման բաներ, զորս կ անուանեմ ներգրաւուածութիւն, բայց ներգրաւուածութիւնՙ ընդհանուր համոզումի կամարին տակ, այլ ոչ իբրեւ անկապ միաւորներու հաւաքածոյ:
Յետ-փրոֆեսիոնալ ներգրաւուածութիւնը նաեւ կը մերժէ տիրող պատումները, ուր կը բացառուին մեկնաբանութեան կարելիութիւնները, չ ընդունիր ազգային դէմքերու գերազգայնացումը ֆեթիշական հենքի վրայ, կը բացասէ կուսակցական եւ ազգային պատմութիւններու գերյղկումը, որուն միջոցով մտաւորականները հաճոյ կը դառնան տիրող հիմնարկներուն եւ կազմակերպութիւններուն, այլեւ հասարակութեան ամբոխավարուած հատուածին: Յետ-փրոֆեսիոնալիզմի լեզուն համընթաց է իրականութեան: Ներգրաւուածութիւնը ազգային բացառապաշտութենէն (այսօր բաւական տարածուած եւ պարտադիր) կը տանի դէպի ազգային փորձառութիւնՙ կապուած ապրուած կեանքի հետ:
(Շարունակելի)