2022 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՏՈՔԹ. ՆՈՒՊԱՐ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Տոքթ. Նուպար Պէրպէրեան Հիմնադրամ»ի Տնօրէն Խորհուրդը յայտարարեց անունները 2022 տարեշրջանի համար կրթաթոշակի արժանացած համալսարանականներուն: Այսպէս՝ Minnesota Twin Cities համալսարան յաճախող քաղաքական գիտութիւններու ճիւղին հետեւող Դաւիթ Ազիզեանին (ծնած Ծովաբեր գիւղ, Հայաստան) եւ University of Maryland համալսարանը յաճախող միջազգային օրէնսդրութեան ճիւղին հետեւող Անի Մկրտչեանին (ծնած Երեւան): Հանրայայտ լրագրող եւ խմբագիր Տոքթ. Նուպար Պէրպէրեան կը մահանայ Նոյեմբեր 23 2016 ին: Ան իր թողօնը կը յանձնէ Թէքէեան Մշակութային Միութեան: Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ի յիշատակ ողբացեալին կը հաստատէ անձեռնմխելի հիմնադրամ մը «Տոքթ. Նուպար Պէրպէրեան» անունով: Նմանապէս այս տարի լոյս ընծայեց ...