«1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան Օրերուն Միջազգային Ընտանիքի Նոյն Լռութիւնն Է, Որուն Վկաները Կը Հանդիսանանք Այսօր». Սոֆիա Յովսէփեան (Տեսերիզ)

«Արցախը Ներսէն» ԶԱՐԹՕՆՔի Հաղորդաշար 3
Արցախի շրջափակումի 9րդ օրն է: ԶԱՐԹՕՆՔ կը շարունակէ «Արցախը Ներսէն» իր հաղորդաշարը:
Սոյն հաղորդաշարը կը միտի մօտէն իմանալ եւ մեր ընթերցողներուն ու հետեւողներուն ծանօթացնել, թէ քաջարի արցախահայութիւնը ինչպէ՞ս կը դիմագրաւէ այս հակամարդկային աղէտը
Հաղորդաշարի մեր 3րդ հիւրն է «Արցախի Սոցիալական Զարգացման Ծրագիրներ» Հիմնադրամի տնօրէն Սոֆիա Յովսէփեանը:
