Տնտեսական ահաւոր ճգնաժամի մէջ ապրող Լիբանանի (ուր մէկ ամերիկեան տոլարին արժէքը երէկ հասաւ 50 հազար լիբանանեան թղթոսկիի սահմանները) իշխանական համակարգը, փոխանակ ժողովուրդին ստուար մեծամասնութեան կտոր մը հացի հասանելիութեան հարցը լուծելու, զբաղած է ճնշելով իր դէմ ձայն բարձրացնող ճարահատ քաղաքացիները:
Այս ծիրէն ներս, իշխանութիւնները երէկ, նոր մրցանիշ մըն ալ հաստատեցին իրենց փտած համակարգին պատմութեան մէջ, երբ խաբելով («սուրճ խմելու» համար ոստիկանատուն կանչելով) ձերբակալեցին Ուիլիամ Նունը, որ Պէյրութի նաւահանգստին պայթումի զոհերուն ընտանիքներուն խօսնակն էր: Ուիլիամի եղբայրը՝ Ճոն, հրշէջի իր ազնիւ պարտականութիւնը կատարած պահուն նշեալ պայթումին զոհերէն է:
Պէյրութի պայթումի հետաքննութիւնները, ինչպէս նմանօրինակ ոեւէ դէպք կամ ոճիր, Լիբանանի դատական մարմիններու կողմէ միշտ ալ ձգձգուելով ամուլ արդիւնքի հասած են: Այս իսկ պատճառով եւ յոռի սովորութիւն դարձած, հետաքննութիւնները քաղաքական միջամտութիւններէ հեռու պահելով արդարութեան հասնելու համար, Ուիլիամ բարձրաձայնողներէն էր հետաքննութիւնները միջազգայնացնելու պահանջը:
Նուն վերջերս մասնակիցներէն էր, Լիբանանի Արդարադատութեան պալատին դիմած զոհուածներու ծնողներուն կողմէ կազմակերպուած արդարացի ցոյցին: Անոնք այնտեղ էին բողոքելու դատական գործընթացի դանդաղ ընթացքին դէմ, ինչպէս նաեւ արգելք հանդիսանալու այս հարցով ազնուօրէն զբաղելու միտող դատաւոր Թարէք Պիթարին պաշտօնէ հեռացնելու փորձին, որուն կը միտէր նոյն օրը գումարուող Դատական Բարձրագոյն Խորհուրդի ժողովը:
Մինչ նշեալ ցոյցը հասած էր իր գագաթնակէտին, Ուիլիամ իր ընկերներով քարեր շպրտած էր Արդարադատութեան պալատի շէնքին վրայ՝ ապակի մը կտրելով: Նոյն ժամանակ ան Լիբանանի դատաւորները կոչած էր «տկար արարածներ», նկատի ունենալով, որ անոնք կ՛ենթարկուին քաղաքական միջամտութիւններու:
Ահա այս «ոճիր»ն էր, որ պատճառ հանդիսացաւ երիտասարդին ձերբակալման երէկ գիշեր, այս քայլին դէմ բողոքի մեծ ալիք մը յառաջացնելով երկրին մէջ: Այս դէպքը ենթակայ է երթալու ծայրայեղական քայլերու Նունի համար արդարութիւն պահանջով փողոց իջած մեծ թիւով քաղաքացիներուն կողմէ, եթէ իշխանական համակարգը շուտով չանդրադառնայ իր արարքին անմարդկայնութեան մասին:
Լիբանան արդէն դարձած է անհեթեթ երկիր մը, ուր զոհը կը ձերբակալուի մինչ իսկական յանցագործները ազատութեան մէջ կը մնան: Լիբանանի իշխանութիւնները, փոխանակ շուրջ 244 հոգի սպաննած եւ մայրաքաղաքին կարեւոր մէկ մասը փլատակներու վերածած պայթումին պատասխանատուները ձերբակալելու, կը միտի ձերբակալել, անոր զոհերուն հարազատները: Ծնողներ, որոնց սիրտը այրած է բնութեան օրէնքին հակառակ՝ իրենց զաւակները հողին յանձնելով եւ անժամանակ կորսնցնելով իրենց քոյրերն ու եղբայրները:
Իրավիճակը աւելի քան անարդար է, մինչ Լիբանան կը տուայտի հազար տեսակ խնդիրներով, որուն պատասխանատուները չեն ամչնար նման քայլերու դիմելու:
Մեծ թիւով լիբանանցիներու պատուհասած այդ ողբերգական աղէտին հետաքննութիւնն ու արդարադատութիւնը խոչընդոտելու յամառութիւնը մեզի կը յուշէ, որ մենք կ՛ապրինք «անտառ»ի օրէնքի ներքեւ:
Ուիլիամ Նունին ձերբակալելու փորձը պետութեան չգոյութեան եւ երկրին մէջ տիրող անօրինականութեան ու անարդարութեան հարազատ պատկերն է: Պետութիւն, որ արդարութիւնը հաստատելու փոխարէն կը հետապնդէ արդարութիւն և ճշմարտութիւն պահանջողները:
Վերը նշուած անհաւատալի վիճակը դրական մէկ կողմ ունի սակայն: Երբ ոստիկանապետութեան վերածուած երկրի մը իշխանութեան պահուածքը կը հասնի հոն, ուր իրենց իսկ փնթիութեան կամ մեղսակցութեան պատճառած զոհերուն հարազատները ոճրագործ կը սեպուին եւ առ այս կը ձերբակալուին, ապա պէտք է հասկնանք, որ տուեալ այդ իշխանութիւնը հոգեվարքի մէջ է:
Այս սիւնակով, կը միացնենք մեր ձայնը Ուիլիամ Նունի ազատութիւնը պահանջողներուն: Նոյն ժամանակ մեզի կը մնայ ցաւակցիլ իշխանութիւններուն, այն կոտրուած կտոր մը ապակիին համար, որ պատճառաբանութիւնը հանդիսացաւ իր եղբօր կորուստին ցաւով ապրող տղուն, իր երիտասարդական հասկնալի պոռթկումին զոհը դառնալու:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Զարթօնք» օրաթերթ, Լիբանան