Խորագիտակ ըլլալու պէտք չկայ հասկնալու համար, թէ ինչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ եւ շուրջ, ինչ կը սպասէ ռազմաքաղաքական սարդոստայնի մէջ յայտնուած մեր երկրին ու պետութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան՝ Հայաստան, Սփիւռք եւ Արցախ։ Արցա՞խ։ Շատերը պիտի զարմանան։ Արցախ մնացե՞ր է որ…. Մանաւանդ անոր յանձնումին հետեւած բռնագաղթէն ետք։ Սեպտեմբեր 19-ին։ Ի՞նչ պիտի սպասէ մանաւանդ այն հայը, նկատի ունիմ անհետացող սերունդը, որ Ատանան, Վանը, Կարինն ու Կարսը կորսնցնելէ, ջարդի ու բռնագաղթի ենթարկուելէ ետք վերադարձի որեւէ դուռ այլեւս պիտի չբացուի իր առջեւ։
Նոյն այդ սեպտեմբերեան դժնդակ օրերուն azg.am մեր կայքէջին մէջ առաջարկ ներկայացուցեր էի չկորսնցնելու պահը, չդադրեցնելու, աւելի ճիշդ՝ վերսկսելու պայքարը վտարանդի կառավարութիւն կազմելու միջոցով օգնութեան հասնելու ցեղասպանութեան սպառնալիքի տակ ափյափոյ տուն-տեղ լքած արցախահայութեան, Հայաստանի մէջ անոր տեղաւորման, ապրուստի միջոցներ հայթայթելու եւ միջազգային հարթակներու վրայ անոր իրաւունքները, ընդհուպ՝ հազարամեայ իր հայրենի երկիր վերադառնալու իրաւունքին տիրանալու։
Առաջարկութիւնն այդ, այդ օրերու թոհուբոհին մէջ, բնականաբար, ուշադրութեան չարժանացաւ, բացառութեամբ մի քանի շուտիկ-գիտունիկներու արձագանգը, որոնք անգործնական համարեցին այդպիսի մարմին մը կազմելու միտքը։
Հետեւաբար, ոչ միայն ես, այլ նաեւ նոյն՝ արցախահայերու շահերը հետապնդելու գաղափարին կողմնակից շատ մարդիկ Յունուար 18-ին գոհունակութեամբ ընդունեցին Արցախի ժողովուրդին հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբին կազմութեան լուրը, մեր շատ փորձառու, լրջախոհ, միջազգային գետնի վրայ լայն կապեր ունեցող դիւանագէտ Վարդան Օսկանեանի գլխաւորութեամբ՝ որպէս համակարգող։
Օրերս հրապարակուեցաւ Յանձնախումբին երկրորդ հաղորդագրութիւնը, որ աւելի բացուած վիճակով կը ներկայացնէ իր կազմին անդամ գործիչներուն անունները, բոլորն ալ յարգելի եւ վաստակ ունեցող անձեր, խոստանալով ի մօտոյ ընդլայնել կազմը Ռուսաստանէն ու Միջին Արեւելքէն նոր անդամներով։ Ողջունելի նախաձեռնութիւն, եթէ աշխարհագրական ընդլայնումը զուգակցուի համապատասխան որակներ ունեցող անհատներու ընդգրկմամբ, որոնք կան քիչ մը ամէն տեղ, տարբեր հոսանքներու եւ տարբեր մասնագիտութիւններու պատկանող։
Այսուամենայնիւ, Յանձնախումբի կազմին որոշումը, անոր ստանձնած պարտականութիւններուն ճշդումը՝ Արցախի ժողովուրդին շահերն ու իրաւունքները միջազգային շրջանակներու, պետական մարմիններու, դատարաններու առջեւ ներկայացնելու ու պաշտպանելու, եւ ամենակարեւորը՝ արցախահայութեան իր հազարամեայ հայրենիք վերադարձի ծրագրումը, թերեւս ամենադիւրին մասն է, որպէս ելակէտ, Յանձնախումբին ստանձնած առաքելութեան։
«Անկարելի առաքելութիւն»- Mission Inpossible- կարելի էր կոչել զայն, եթէ նկատի ունենանք այն զոյգ խոչընդոտները, արտաքին թէ ներքին, որոնք կանգնած են այդ առաքելութեան առջեւ։ Արտաքինը՝ տեսանելի, ներքինը՝ ամօթալի։
Արտաքին ճակատի վրայ, համաշխարհային ու տարածքաշրջանային ներկայ թոհուբոհի մէջ, կարեւոր ոչ մէկ երկիր շահագրգռուած է Արցախի նախկին կարգավիճակի (status quo) վերականգնումով, նոյնիսկ մեզի բարեկամ Պարսկաստանը, որ երբեմն-երբեմն լուրջ եւ խիստ յայտարարութիւններ կ’ընէ տարածքաշրջանի քարտէսը փոխելու անթոյլատրելիութեան մասին՝ մեր ականջները շոյող, սակայն իմ տպաւորութեամբ մեզ է որ կը զգուշացնէ, քան Ատրպէյճանն ու Թուրքիան։ Կարիք չկայ խօսելու անթաքոյց թշնամի վերջին երկուքին մասին, որոնք Հայաստանի ու հայութեան բնաջնջումի 110-ամեայ ծրագիրը ամբողջացնել կը ջանան։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ, որ ներկայ պահուն, ինչպէս յաճախ պատմութեան մէջ, իր periodic հիւանդութեան շրջանը կ’անցընէ, այս օրերուն մեր ռազմաքաղաքական դաշնակիցը դժուար թէ համարուի։
Ահա արտաքին այսպիսի դժնդակ պայմաններու տակ է, որ նորակազմ Յանձնաժողովը ստիպուած է գործել միջազգային զանազան մարմիններու մէջ գետին շահելու եւ առաջին հերթին, իմ պատկերացումով, ՄԱԿ-ի զանազան կառոյցներու մէջ՝ ի խնդիր Արցախի եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան։
Բայց ամէնէն դժնդակը եւ, ինչպէս ըսուեցաւ՝ ամօթալին, ներքին թշնամին է։ Չեմ վարանիր այս բնորոշումը տալու այն անձին, որ ամէն օր նորանոր ապացոյցները կու տայ երկրին ու ժողովուրդին, Արցախին եւ արցախահայութեան, համայն հայութեան հանդէպ ունեցած իր թշնամանքին։
Դեռ երէկ չէ նախորդ օրը, հոգեմտաւոր իր նոպաներէն մէկուն ընթացքին, նոյնինքն Հայոց խորհրդարանին մէջ, ան յայտարարեց. «Սա հայրենիք չի, սա հայրենիքի մնացորդ է»…
Առանց մեկնաբանութեան թողլով ամբողջական եւ մնացորդական հայրենիքներու վերաբերեալ այս նոր տեսութիւնը՝ շեշտենք անգամ մը եւս, որ նորաստեղծ Յանձնախումբը ամենածանր հարուածները պէտք է սպասէ նոյն անձին ու անոր խմբակին կողմէ, որոնք մեծամոլութեամբ եւ ատելութեամբ են լեցուած իրենցմէ դուրս բոլորին նկատմամբ, բացի թուրք-թաթարներէն։ Ամէն ինչ ակնկալելի է անոնցմէ։
Ուստի Յանձնախումբը ստիպուած է մեծ հետեւողականութեամբ ու յամառութեամբ իր առաքելութիւնը հետապնդել, յոյսը դնելով համայն հայութեան նիւթական, դիւանագիտական ու քարոզչական աջակցութեան վրայ։ Տեսականօրէն, առայժմ, կարելի է յոյս դնել այդ աջակցութեան վրայ, իսկ գործնական գետնի վրայ, նկատի ունենալով համահայկական համախումբ կառոյցի մը չգոյութեան տխուր իրականութիւնը, որուն մասին այնքան յօդուածներ հրապարակուած են այս թերթին ու ՌԱԿ միւս օրկաններուն մէջ։- Յանձնախումբին կը մնայ թիրախային յաջող քայլերով թմբիրէ հանել եւ իր շուրջ հաւաքել հայութեան ամբողջ ներուժը եւ հասնիլ գործնական արդիւնքներու, արտաքին ու ներքին արգելքներու յաղթահարումին, արտաքին ու ներքին թշնամիներու չէզոքացումին։
Ուրիշ ելք չունինք, ուրիշ հայրենիք չունինք։
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
Յատուկ «ՊԱՅՔԱՐ»ին