Այսօրուայ տուեալներով, աշխարհի երեսին կան 5.35 միլիառ համացանց օգտագործող անհատներ, որ կը կազմէ աշխարհի ընդհանուր բնակչութեան 66.2 տոկոսը:
Հայաստանի մէջ համացանց օգտագործողներու թիւը կը կազմէ 2.18 միլիոն մարդ, որ կը կազմէ երկրին ընդհանուր բնակչութեան 78.6 տոկոսը:
Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ, փորձութիւնը ունեցայ ուսումնասիրելու, թէ Հայաստանի տարածքին համացանց օգտագործողները ընդհանրապէս, ո՞ր կայքերն են, որ կ՛այցելեն ու կ՛օգտուին անոնցմէ:
Արդիւնքը սահմռկեցուցիչ էր ու ահազանգային: Ըստ ahrefs անունով 2010 թուականէն ի վեր գործող սինկափուրեան անկախ՝ համացանցային կայքեր վերլուծող, համապատասխան վիճակագրութիւններ կատարող, առցանց տեղեկութիւններ ամբարող եւ նմանօրինակ ուսումնասիրութիւններ կատարող կայքին Հայաստանաբնակ մեր հայրենակիցներուն այցելած, առաջին երեք հորիզոնականները գրաւող կայքերը 1 Մարտ 2024-ի տուեալներով, բախտախաղի, առցանց գրաւադրման եւ նմանօրինակ գործունէութիւն ծաւալող տեղական կայքեր են, ինչպէս պարզ կերեւի կցուած նկարին մէջ:
4-րդ հորիզոնականը կը գրաւէ պոռնկագրական համաշխարհային յայտնի կայք մը: Հետաքրքրականը այն է, որ ընկերային նշանաւոր ցանցեր ինչպէս ֆէյսպուք եւ Եու Թիւպ, որոնք իրենց թեթեւ բովանդակութեան առընթեր կրնան նաեւ որոշ օգտակար գիտելիքներու աղբիւր հանդիսանալ, կը զիջին տուներ քանդող, արագ դրամ շահելու խաբկանքով շատերուն սնանկացնող, հոգիները մաշեցնող եւ բացի անոնց սեփականատէրէն, զանոնք օգտագործող ոեւէ անհատի ընդհանրապէս ո՛չ մէկ օգուտ բերող կայքերու:
Այս ահաւոր իրավիճակը կը գործէ անշուշտ բացայայտ կարգով եւ երկրին իշխանութեան ու անոր ազգային ապահովութեան ծառայութեան քիթին տակ, որոնց տէրերը նաեւ օրուայ իշխանութիւններու մօտիկ անձեր եղած են միշտ:
Ահազանգ մըն է, որ պէտք է հնչեցնել յաչս պատկան մարմիններուն, այս երեւոյթին առաջքը առնելու համար, որ ըստ երեւոյթին մեր Հայրենիքին ամբողջ տարածքի բնակչութեան վերաբերող իրավիճակ է, որ անշուշտ արդիւնք է նաեւ այս կայքերէն յոյս կամ օգուտ ակնկալող հաւաքականութեան մը, որուն դաստիարակութեան ու կենցաղին մէջ բան փոխելու լուրջ պատասխանատուութեան առջեւ կը գտնուի պետութիւնը, որ փոխանակ այս ազգակործան երեւոյթին առաջքը առնելու, լծուած է նորահնար ու զարմանազան հարկերով ու անոնց գումարները բարձրացնելով իր հերթին կեղեքելու մեր Հայրենիքին արդէն իսկ բարոյապէս ու տնտեսապէս անկեալ եւ հիւծած հասարակութիւնը:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Զարթոնք» օրաթերթ, Լիբանան