Մինչ մեր հայրենիքին մէջ պետական «ամենաբարձր» մակարդակով կը շարունակուի մեր ազգային արժէքները հարուածելու կամ նուաստացնելու հետեւողական եւ «անկոտրում» աշխատանքը, ահաւասիկ նորութիւն մըն ալ կու գայ յաջորդելու ամենօրեայ նոր թեմաներուն, որուն փաստին առջեւ ստիպուած կ՛ըլլանք կանգնելու հերթական անգամ: Նորութիւններ, որոնց իւրաքանչիւրին հակադարձելն իսկ սկսած է դժուար ըլլալ այն իմաստով, որ մեր առջեւ ամէն օր յայտնուած թեմաները, դիտումնաւոր կերպով չափազանց արագ իրարայաջորդականութիւն ունին…:
Ներկայ թեման Eurovision-ն է: Սոյն համաեւրոպական երաժշտական մրցանքին մէջ այս տարի Հայաստանն ու Հայ ժողովուրդը ներկայացնողը ըստ երեւոյթին պիտի ըլլայ Lada Niva խումբը, որուն ներկայացնելիքը համահունչ ըլլալով հանդերձ նշեալ խումբին ոճին հետ, բնաւ եւ երբեք չի ներկայացնէր այն երկրին մշակոյթը, որուն ներկայացուցիչը կը յաւակնի ըլլալ :
Ներկայացուելիքը ըստ ծրագրուածին, գնչուաքոչւորական տեսարաններով բեմադրուած նորաթուխ երգ ու երաժշտութիւն է, որ լաւագոյն պարագային կրնայ «փաստել» մեր այսօրուայ ապազգային իշխանութեան, Հայ աշակերտին առջեւ դրած Հայոց Պատմութեան դասագիրքին մէջ տեղ գտած այն «տեսութիւնը» որ հայերս պալգանական ծագում ունինք: Նաեւ կրնայ հաւաստիութեան վկայական շնորհել թշնամի ալիեւներուն, որոնք ամենօրեայ յայտարարութիւններով Հայ ժողովուրդը կը կոչեն եկուոր, մինչ ազերին՝ բնիկ…:
Այս պարագային, դաւադրութեան տեսութենէ վեր եւ անդին, կը հաւատամ, որ պատահական բան չկայ եղածին մէջ, եւ այն բոլոր բաները, որոնց ակամայ վկաները կ՛ըլլանք այսպէս կոչուած թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, ունին ահաւոր կերպով կազմակերպուած բնոյթ եւ ունին իրենց «թաւշեայ» տրամաբանութիւնը…:
Կարելի է այս բոլորէն նաեւ հետեւցնել, որ այնքան ալ անհաւանական չէ, որ «Եւրոպան» նշեալ այս մրցումին մեր երկրին շնորհէ «պատուաբեր» արդիւնք:
Զարմանալի բան չկայ մինչեւ այստեղ, պարզ այն փաստով, որ արեւմուտքը մինչ մեր թշնամիներուն կը տրամադրէ զէնք ու զինամթերք մեզ սպաննելու ու մեր թշնամիին հետ լուռ մեղսակցութեամբ մը անոնց «կը նուիրէ» մեր հողերը, փոխարէնը մեզի կը շնորհէ սիրուն խոստումներ, խաւաքարտէ ու թիթեղեայ մրցանակներ ու մետալներ… մինչ մենք ազգովին, կը յուզուինք եւ կ՛ուրախանանք…:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Զարթոնք» օրաթերթ, Լիբանան